Պիտի լուսանկարեմ տուն դարձի ճանապարհը. Անի Մանկասարեան

Նայիրի Մկրտիչեան

Չորս պատերազմ… շրջափակում… հայրենազրկում…. բռնագաղթի դաժան ճանապարհ… նոր կեանք… արարում… եւ տուն դարձի հաւատք…
Այս է զրուցակիցիս՝ արցախցի լրագրող Անի Մանկասարեանի անցած կեանքի ուղին, զոր ամփոփած է իր օրագրութեան մէջ եւ յետագային զայն վերածած երկլեզու գիրքի՝ վերնագրելով «Անիի նոթատետրը», «Ani’s Diary»։

Հեղինակը գիրքի ենթավերնագրով կը նշէ, որ «պատերազմը հնարաւոր չէ յօրինել»… Այս տողին մէջ խտացուած է «Անիի նոթատետրը» գիրքին մեծագոյն արժէքը…

Անին իր օրագրութեամբ պատերազմը չի նկարագրեր կամ պատմեր յօրինուած նախադասութիւններով ու սրտաճմլիկ բառերով, այլ՝ ընթերցողի ձեռքէն բռնած, զինք իր հետ կը տանի Արցախ եւ կ’ապրեցնէ պատերազմը՝ կուռ ու անկեղծ նախադասութիւններով, առանց աւելորդաբանութիւններու եւ շատ բան ըսող մանրուքներով։ Ան երբեմն ընթերցողը կ’ապրեցնէ պատերազմի կամ շրջափակման մէջ ապրած երեխայի հոգեվիճակով, երբեմն ալ՝ մօր, հօր, դրացիի, զինուորի ծնողի կամ տարեցի կեանքով… երբեմն մեզ կը տանի՝ դպրոց, տուն, փողոց, աշխատատեղ, խանութ… Համեմատականներ կ’ընէ իր մանկութեան եւ իր զաւակին ապրած պատերազմներուն միջեւ… Աննկարագրելի տառապանքի մէջ անպայման կը տեսնէ նաեւ գեղեցիկը՝ ինչպէս ծաղկած բալենին, յուսադրողը՝ այդ պայմաններուն մէջ ծնած բազում երեխաներու աւետիսը եւ կը յորդորէ ապրեցնել երեխաները. «…երեխաներին պէտք է գոյն նուիրել»։

– Արցախի կորուստին ցաւը մնայուն է իւրաքանչիւր զտարիւն հայու, առաւել եւս՝ արցախցիի համար։ Այնուամենայնիւ, առանց Արցախի արցախցին ի՞նչ հոգեվիճակի մէջ է այսօր…
– Ժամանակը այնքան ալ զօրեղ չէ այս մեծ ցաւը մեղմացնելու համար, սակայն միշտ վերադարձի հաւատք ունենալը ապրելու յոյս կը ներշնչէ եւ կամքի ուժ կու տայ,- կ’ըսէ զրուցակիցս եւ կը շարունակէ,- այդ ցաւը երբեք չի մեղմանար, որովհետեւ մենք պիտի վերադառնանք։ Կենցաղային դժուարութիւններ, ծանր հոգեվիճակը երթալով աւելի կը ծանրացնէ մեր կեանքը, սակայն երբ հոգիի մէջ կայ վերադարձի յոյսն ու հաւատքը՝ կ’ըսես այսօր ալ մթնեց, այսօր ալ անօթի չմնացինք, այսօր այս գործը ըրինք… վաղն ալ անպայման պիտի վերադառնանք…

– Սովորաբար տառապանքը, մեծ ցաւն ու կորուստը ի զօրու են մարդը չարացնելու, կոտրելու, խեղճացնելու եւ կամ կամքը զօրացնելու, կոփելու եւ պայքարի ուժ տալու. արցախցին երկրորդ խումբին կը պատկանի, նաեւ արարելու յատկութիւն ունի… ինը ամիս տեւած շրջափակման ընթացքին չյանձնուեցաւ՝ հնարամտութիւններով շարունակեց ապրիլ ու մնալ իր հողին վրայ… Արցախցին ինչպէ՞ս «հեռացաւ» Արցախէն…
– Այս անգամ ուրիշ էր, անհնար էր մնալ այնտեղ, ուր թշնամին մէկ օր առաջ գլխատած է հայրդ, եղբայրդ, զաւակդ, չես կրնար գլուխդ հանգիստ դնել բարձին, երբ գիտես, որ մէկ քայլ անդին թշնամին է, իսկ դուն որեւէ յենարան չունիս, բոլորովին մինակ ես։ 2023 թուականի պատերազմը տարբեր էր այն բանով, որ մենք բոլորովին մինակ էինք, ներքին հաւատք կար, որ կը դիմադրենք, բայց գիտնալով թշնամիին ուժը եւ հասկնալով մեր անօգնական ըլլալը, կը թուլնայինք… հոգեպէս ուժեղ էինք, բայց միայնակ հզօր զէնքերու դէմ դիմադրելն անիմաստ էր…

Օրերով թշնամիի սպիտակ հացով լի բեռնատարները կանգնած մնացին Ասկերանի սահմանէն այն կողմ, իսկ սահմանէն այս կողմ բոլորս սոված էինք, բայց թոյլ չտուինք, որ բեռնատարները ներս մտնեն, մենք սոված` հացի դէմ կը պայքարէինք, որովհետեւ Պաքուէն հաց վերցնելը՝ Պաքուին ենթարկուիլ կը նշանակէր, իսկ մեր պայքարը Արցախի մէջ արժանապատիւ ապրելու համար էր… Մենք պատրաստ էինք այդ պայմաններով շարունակել ապրիլ, սեւ հաց ուտել կամ նոյնիսկ չուտել, բայց թշնամիի ձեռքէն հաց չէինք վերցներ՝ եղածով կը բաւարարուէինք …

Հիմա ալ երանութեամբ կը յիշեմ այդ օրերը, երբ հոսանք չկար, կազ չկար, անձրեւ էր եւ համապատասխան կօշիկ ու անձրեւանոց չունէինք, փոխադրամիջոց չկար՝ ոտքով ամէն տեղ կը հասնէինք, սոված հացի հերթի կը կենայինք, կապ չունէր արեւ էր թէ անձրեւ, նոյնիսկ սովամահութեան դէպք գրանցուեցաւ, բայց մէկ է, երանութեամբ կը յիշեմ այդ օրերը, որովհետեւ մենք մեր տան, մեր Հայրենիքին մէջ էինք…

– Արցախցին միշտ լաւատես է, կեանքը սիրող, բոլոր իրավիճակներուն մէջ անկոտրում կամքի ուժ դրսեւորող, ո՞ւրկէ կը ստանաք այդ ուժը։
– Արցախի մէջ ծնիլն ու այլ տեղ ապրիլը նոյնը չէ, ինչ ծնիս Արցախի մէջ ու մնաս այնտեղ. ապրիս չորս պատերազմներու, ջարդերու եւ տեղահանումներու դժուարութիւնները, երեւի այս տողերով ամէն ինչ պարզ է…
Սեպտեմբեր 19-ի առաւօտեան, երբ կիսասոված երեխաս դպրոց կը տանէի, տեսայ որ բալենին ծաղկած է… մէկ ճիւղը կանաչ, միւսը չորցած, մէկն ալ ծաղկած… ես այդ մէկը համարեցի նոր կեանքի սկիզբ… ամէն ինչի մասին կը մտածենք լաւատեսօրէն…

– Մանկութիւնդ անցած է պատերազմներով, աղջկադ մանկութիւնը նոյնպէս, ինչո՞վ կը տարբերին այդ երկու սերունդներուն մանկութիւնները…
– Ես հասունցայ պատերազմի մէջ, աղջիկս՝ շրջափակման… Կարելի է ըսել պատմութիւնը կը կրկնուի. 1990-ականներու պատերազմին՝ մայրս ձեռքս բռնած նկուղէ նկուղ կը տանէր, 1920-ականներու պատերազմին՝ ես երեխայիս ձեռքէն բռնած նկուղէ նկուղ կը վազէի… Բայց ես ունեցած եմ երջանիկ մանկութիւն, այո՛ իմ տեսած պատերազմը աւելի դաժան էր, մեր գիւղը գետնին հաւասարեցաւ, բայց միայն տասը ամիս Երեւան մնացինք ու յետոյ վերադարձանք տուն… Այնտեղ ունեցայ երջանիկ մանկութիւն, պատանեկութիւն, գեղեցիկ ընտանիք կազմեցի, երեխաներ ունեցայ, բայց իմ երեխաս մէկ տարիէն աւելի է, որ տուն չէ դարձած եւ յայտնի չէ՝ երբ կը դառնայ… Ես համոզուած եմ, որ դարձեալ հնարաւորութիւն պիտի ընձեռուի Արցախ վերադառնալու եւ մենք պիտի վերադառնանք, ես ալ հաստատ կը վերադառնամ…

– Ձեր մանկութիւնը կը համարէք երջանիկ, հակառակ անոր որ պատերազմի դաժանութիւններով լի մանկութիւն էր… ինչպիսի՞ն էր այդ «երջանկութիւնը»…
– 1993 թուականի Փետրուար 13-ին ազատագրուեցաւ Մարտակերտի Վաղուհաս գիւղը, որ իմ ծննդավայրս է եւ միակ գիւղը, որ այդ պատերազմին հիմնայատակ աւերուած էր… մէկ կանգուն պատ անգամ չկար… մենք Երեւանէն վերադարձանք աւերակ դարձած գիւղ եւ մէկ տարիէն աւելի մնացինք մեր մեքենայի տնակին մէջ, որ նոյնիսկ դուռ չունէր, հայրս մեր աչքի առջեւ այնտեղ երկու յարկանի տուն կառուցեց, 1994 թուականի Մայիսին, այսինքն մեր վերադառնալէն մէկ տարի ետք, նոր կնքուեցաւ զինադադարը, ամբողջ մէկ տարի լարուած ապրած ենք… հայրս մեծ բեռնատար ունէր, զէնք-զինամթերք կը տանէր զինուորներուն եւ միշտ կ’ըսէր զգօն եղէք, բան մը պատահի, ես ձեզի բեռնատարով կը տանիմ…

Հայրս ճամբուն վրայ տախտակներ շարած էր եւ կը զգուշացնէր անպայման այդ տախտակներուն վրայէն քալենք, որ յանկարծ ականի չհանդիպինք. մեր շուրջը ամէն տեղ ականի հանդիպելու վախ կար… սակայն, մանկութիւնս երջանիկ էր, որովհետեւ մեր տան մէջ էի… գիւղին մէջ հազիւ քսան-քսանհինգ մարդ կար, որոնցմէ վեցը մեր ընտանիքն էր (չորս քոյր ենք)։ Մեր գիւղի ազատագրումէն ետք հայրական կողմի հարազատները գացին Ռուսաստան, երբեմն կը մտածէի, ինչո՞ւ հայրս մեզի ալ չտարաւ, մենք երեսուն տարի վախով ապրեցանք այդ գիւղին մէջ… Սակայն հիմա կը մտածեմ, եթէ նոյն հնարաւորութիւնը ունենամ, ես ալ նոյնը կ’ընեմ. իմ երեխաներս պէտք է ապրին Արցախի մէջ…

– Ինչպէ՞ս ստեղծուեցաւ ձեր կապը «Հորիզոն»ի հետ:
– 2018 թուականին, Արցախի Հանրային հեռուստատեսութեան «Ողջոյն Արցախ» նախագիծին հաղորդավարն էի, հիւրընկալեցի Արցախին աջակցութեան ձեռք մեկնելու եկած «Հորիզոն»ի խմբագիր Վահագն Գարագաշեանը, անկէ ետք կապը շարունակուեցաւ, ամէն այցին կը տեսնուէինք եւ կը խօսէինք Արցախի մէջ իրականացուցած ծրագրերուն մասին… շրջափակման օրերուն, երբ նոյնիսկ գիտես, որ մարդը որեւէ բանով չի կրնար օգնել քեզի, սակայն կը յիշէ քեզ եւ հաղորդագրութեամբ կը հարցնէ իրավիճակի մասին, արդէն այդ մէկը ուժ կու տար մեզի… Այդպէս կը զգայինք, որ Սփիւռքը մեր կողքին է, գիտէինք, որ հոգեպէս մարդիկ մեզի հետ են եւ հնարաւորութեան պարագային անպայման կը հասնին մեզի։

– Եկէք պատկերացնենք, որ Արցախը ազատագրուած է եւ պիտի վերադառնաք, ի՞նչ պիտի ըլլայ ձեր առաջին ընելիքը։
– Ես կը լիցքաւորեմ հեռաձայնս եւ ուրախութեամբ կը նկարեմ տուն դարձի ուղին… Գաղթի ճանապարհին հեռախօսս լիցքաւորած էի, որ ամբողջ ճանահարհը նկարեմ, որովհետեւ գիտէի այդ նկարներուն արժէքը, անոնք պահեր էի, որ յետագային պատմութիւն պիտի դառնային, պէտք էր աշխարհին ցոյց տալ այդ բոլորը, բայց միշտ չէր, որ կը համրձակէի հանել հեռաձայնս… այնքան ողբերգական դէպքեր ապրեցայ, բայց այդ պահուն կը փորձէի մարդոց ֆիզիքապէս օգնել, ոչ թէ հեռաձայնս վերցնել ու նկարել, թէ ինչպէս մարդը սովէն կ’ուշաթափի, կամ ցուրտ եղանակէն կը սառի…
Այս անգամ ես կը նկարեմ ուրախ զգացումներով տուն գացող մարդիկ…

Այս անգամ առանց տատամսելու, առանց ամօթի զգացում ապրելու կ’անմահացնեմ ուրախութեան պահերը եւ այդ լուսանկարներով ու մեկնաբանութիւններով կը հրապարակեմ նոր գիրք մը` «Վերադարձ Արցախ»…

 

Comments are closed.