Պաքուի Դատարանը Լիբանանահայ Վիգէն Իւլճեքեանը Դատապարտեց 20 Տարուան Բանտարկութեան
Պաքուի դատարանը որոշած է լիբանանահայ Վիգէն Իւլճեքեանը դատապարտել 20 տարուան բանտարկութեան: «Սփութնիք Արմենիա» կը նշէ, որ այս մասին հաղորդած է «Սփութնիք Ազրպէյճան»-ը:
Դատարանի վճիռին համաձայն, առաջին հինգ տարիները Իւլճեքեանը պիտի անցընէ բանտին մէջ, իսկ մնացեալ ժամկէտը պիտի անցընէ խիստ դրութեան գաղութի մէջ:
Պաքուի Եասամալի դատարանին մէջ 8 յունիսին սկսած էր Իւլճեքեանի գործով նախապատրաստական նիստը:
Ազրպէյճանի մէջ անոր դէմ մեղադրանք առաջադրուած է «վարձկանութիւն», «ահաբեկչութիւն», «Ազրպէյճանի պետական սահմանի ապօրինի անցում» յօդուածներով: Դատարանին որոշումով` Վիգէնի նկատմամբ պատիժ ընտրուած է բանտարկութիւնը:
Իւլճեքեանի գործով մեղադրանքը կը կառուցուի միայն ամբաստանեալի «խոստովանական» վկայութեան վրայ:
Յայտնի է, որ Իւլճեքեան 2015 թուականին ստացած է Հայաստանի քաղաքացիութիւն եւ 2019-ին տեղափոխուած Հայաստան, ուր սկիզբը հաստատուած է Երեւանի մէջ, ապա` Շուշիի: 10 նոյեմբեր 2020-ին ազրպէյճանցի զինուորները զինք եւ Մարալ Նաճարեանը ձերբակալած էին: