Պայքարը պիտի շարունակուի եւ ընդարձակուի նոր ոճով ու միջոցներով. Յովսէփ Տէր Գէորգեան
Ինչպէս միշտ, անցնող օրերուն/ամիսներուն Դաշնակցական երիտասարդութիւնը ստանձնեց իր պատմական դերը եւ խանգարեց հայութեան շահերը հարուածող ծրագիրները: Պայքարը պիտի շարունակուի եւ ընդարձակուի նոր ոճով ու միջոցներով:
Ոչ մէկ ուժ կրցած է շեղել մեր երիտասարդութիւնը իր նպատակներէն, որ տոգորուած է յարատեւ պայքարի գաղափարներով, յանուն ազգային շահերու։ Այս դաստիարակութիւնը փոխանցուած է սերունդէ սերունդ՝ Քրիտափորէն Արամ, Դրոյէն Համբիկ, Պետոյէն Կիմ եւ հասած է ՀՅԴ ՀԵՄ-ին, ՆԱՈՒՄ-ին ու իրենց հազարաւոր աշխարհասփիւռ ընկերներուն:
ճնշում, հալածանք, առեւանգում, բանտարկութիւն, ֆիզիքական սպառնալիք եւ աւելին ապրած է դաշնակցական երիտասարդութիւնը իր պատմութեան ընթացքին: Ներկայիս այս բոլորը տեղի կ՚ունենան հայրենիքէն ներս Թրքական եւ Ազերիական շահերը սպասարկող ներկայ իշխանաւորներուն կողմէ:
Անհաւասար, երկարաշունչ, թերեւս անյոյս թուացող պայքարի վարժ է Դաշնակցական երիտասարդութինը, իսկ Փաշինեանը եւ իր ներկայացուցիչները Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ խելքի պէտք է գան, պատմութեան գիրքերը լեցուած են Հակադաշնակցական պայքարներու ճակատագրին մասին:
Բանտերուն մէջ գտնուող, Արցախի, Երեւանի թէ օտար մայրաքաղաքներուն մէջ պայքարող ՀՅԴ Երիտասարդներ՝ —այս մռայլ իրականութեան մէջ դուք էք մեր ազգի փրկութեան ու վերելքի յոյսը։
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ