Ո՛չ՝ ինքնապարտուողականութեան

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Ժողովուրդ մը կ՚ապրի, եթէ ուզէ՛ ապրիլ։

Իսկ ան կը պարտուի՝ եթէ ինքզինք պարտուած զգայ, եթէ ինքզի՛նք պարտութեան մատնէ։

Այս օրերուն, երբ հակառակ բոլոր բացասական պայմաններուն, Ողիմպիական խաղերը դարձեալ կը կայանան, կ՚արժէ վերյիշել արդի խաղերու հիմնադիր Փիեռ տը Գուպերթենի  (Pierre de Coubertin) այն խօսքը, որ 1948-ի Լոնտոնի խաղերու մարզադաշտի մուտքին զետեղուած էր եւ որ պատահաբար աչքիս զարկաւ օրաթերթի մը էջերուն մէջ.

«Ողիմպիական խաղերուն մէջ կարեւորը յաղթելը չէ, այլ մասնակցիլը։ Կեանքին մէջ կենսականը նուաճելը չէ, այլ լաւ կռուիլը»։

Չէի կրնար անմիջապէս չտեսնել այս խօսքին իմաստութիւնը՝ առնչուած մեր իրականութեան՝ հայութեան ներկայ իրավիճակին, ու չմղուիլ կարդալու զայն սա ձեւով՝ «Քաղաքակրթութեան պատմութեան մէջ կարեւորը յաղթելը չէ, այլ մասնակցիլը, ժողովուրդի մը կեանքին մէջ կարեւորը նուաճելը չէ, այլ լաւ կռուիլը»։ Եւ չէի կրնար անմիջապէս չյիշել Քրիստափորի անմահ պատգամը՝ «Յարատեւ կռիւ,– յաճախ եւ երկար ժամանակ, գուցէ անյաջող՝ չնայած երբեմն նոյնիսկ իր լայն ծաւալին,– ահա թէ ո՛ւր է մեր փրկութեան բանալին»։

Յարատեւ կռուիլ, այսինքն լաւ կռուիլ, այսինքն զէնքը վար չդնել, ձեռնթափ չըլլալ, չվհատի՛լ։

Այո, պարտուեցանք։ Այո՝ լա՛յն ծաւալ ունեցաւ մեր պարտութիւնը։ Մե՛ծ եղաւ մեր կորուստը, մեծ եղան մեր կորուստները՝ հողային ըլլայ թէ մարդկային, նիւթական ըլլայ թէ հոգեկան։

Մեր բազմահազարամեայ պատմութեան ընթացքին նման կորուստներ, աւելի ահաւոր, աւելի մահացու պարտութիւններ կրած ենք մենք։ Վերջինը՝ 1915-ին ծայր տուած, նոյնիսկ անկէ տասնամեակներ առաջ սկսած, ու կ՚երեւի տակաւին վերջ չգտած։ 2020 նոյեմբերն ալ կարելի է պարզապէս շարունակութիւնը համարել Մեծ եղեռնին, գուցէ առաջին հերթին մե՛ր իսկ մեղքով։ Կարելի է նաեւ հրաշքներու կարգին դասել Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծումը 1918-ին, անոր վերանկախացումը՝ 1991-ին։ Բայց ահա փաստին առջեւն ենք։ Կռիւը չէր կրնար վերջ գտած ըլլալ։ Ո՞վ գիտէ, թերեւս պիտի չօրօրուէինք սի՜ն յոյսերով եւ պարծանքներով։ Պատերազմը կը շարունակուէր մեր կռնակէն, դաւերը կը նիւթուէին մեզմէ գաղտնի։

Յարատեւ կռիւ…

Չմոռնանք։ Ժամանակի ընթացքին կը վերականգնին կորուստները, կը վերանուաճուին հողերը, կը վերաբազմանայ ժողովուրդը։ Կարեւորը, սակայն, ամենէն առաջ ու ամենէն աւելի հոգեկան արիութեան վերականգնումն է։

Նոյեմբերը մեզ ամենէն աւելի հարուածեց այդ տեսակէտէն։

Ասոր համա՞ր էր, որ տասնամեակներով անդուլ աշխատեցանք, պայքարեցանք, ամեն տեսակ զոհողութիւն յանձն առինք, մեր չունեցածը նուիրաբերեցինք, մեր քունը փախցուցինք, մեր հաճոյքներէն հրաժարեցանք, տուինք ու տուինք։

Ասոր համա՞ր էր, որ անսովոր կեանք մը ապրեցանք, հա՛յ ուզեցինք ապրիլ, Դա՛տ հետապնդեցինք։ Եկեղեցի-դպրոց, ակումբ կառուցեցինք, փոքրիկ Հայաստաններ կերտեցինք տարաշխարհի մէջ, իսկ վերանկախացած Հայաստանը դարձուցինք մեր կիզակէտը։

Հիմա իրապէս որքա՜ն արագ կրնանք յուսահատիլ, հրաժարիլ մեր հետապնդած նպատակներէն, հրաժարիլ մեր հայութենէն ալ, խառնուիլ ուրիշներու, մերուիլ տեղական շրջանակներուն ու կապերը խզել հայութեան հետ։ Մոռնալ ամեն ինչ։

Ահա ճիշտ այդտեղ է, որ իմաստ կ՚առնեն տը Գուպերթենի թէ Քրիստափորի պատգամները։

Լա՛ւ կռուիլ։ Յարատե՛ւ կռուիլ։

Եւ հիասթափելու փոխարէն ինքնաքննութիւն կատարել։ Վհատելու տեղ՝ հասկնալ ի՛նչ սխալ ըրինք, որ հոս հասանք։ Փոխանակ թեւերը ծալելու՝ վերլուծենք թէ ի՛նչ պէտք է ընենք, մեր մէջքը շտկելու եւ մեր երթը շարունակելու համար։ Մանաւանդ, ստորակայութեան զգացումին տեղ վճռակամութիւնը ունենանք մեր իբր ժողովուրդ ապրելու անսակարկելի իրաւունքին տէր կանգնելու։ Վերջապէս քաջութիւնը ունենանք ընդդիմանալու մեզ պառակտել ջանացող բոլոր փորձերուն, դուրսէն ըլլան անոնք թէ ներսէն։

Այո՛, յարատեւ կռիւ։

Գիտակցինք, սակայն, թէ ազգի մը տարեգրութիւնը տարիներով, տասնամեակներով կամ հարիւրամեակներով չէ՛, որ կը գրուի։ Ան կը գրուի այնքան երկար ատեն, որ ազգը կ՚որոշէ չմեռնիլ։ Կը վճռէ՝ ապրի՛լ։

Ահա այս տեսլականով պիտի շարունակենք մեր երթը։ Մեր՝ հայութեա՛ն, մեր ազգային կառոյցներո՛ւն, մեր հաւատքի տուներո՛ւն, մեր կրթական հնոցներո՛ւն, մեր մամուլի՛ն։ Այլեւ մանաւանդ մեր ազգային կուսակցութիւններուն՝ Հ.Յ. Դաշնակցութեան եւ բոլոր միւսներուն, որոնք կը յաւակնին տակաւին ազգային կոչուիլ։

Վերջին խօսքը Քրիստափորինն է.

«Պահպանե՛նք, շարունակենք կռիւը, որպէսզի լայնանայ, ընդարձակուի եւ ընդարձակուելով՝ յարատեւի,– ահա դէպի մեր նպատակը տանող միակ ճանապարհը։ Չշեղուենք այդ ճանապարհից, որ պատճառների եւ հետեւանքների կապակցութեամբ, ունի պատմութեան մէջ հաստատուած օրէնքի ուժ. չշեղուենք այդ միակ ճանապարհից, որ սփռուած է յուսատու ապագայի գրաւիչ ծաղիկներով»։

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

«Դրօշակ», 2021

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.