Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Ազգային Վարժարանի 50-ամեակի նուիրահաւաքի պաշտօնական մեկնարկին հանգանակուեցաւ $476.650 տոլար
Հինգշաբթի, 21 Նոյեմբեր 2024-ին, Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի (ՍՅԱՎ) «Տիգրան եւ Տիանա Հաճէթեան» մարզարանէն ներս ՍՅԱՎ-ի Հիմնադրամը կազմակերպած էր ընթրիք-ընդունելութիւն մը, որով պաշտօնական մեկնարկը կատարուեցաւ Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի 50-ամեակին առթիւ նախաձեռնուած նուիրահաւաքին, ներկայութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Բաբգէն Արք. Չարեանի ներկայացուցիչ Հոգշ. Տէր Յակոբ Վրդ. Եագուպեանի, Լաւալի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տէր Յակոբ Քհն. Կեատայեանի, Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչներուն, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի եւ անդամ Րաֆֆի Տօնապետեանի, Մոնթրէալի Քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Վանա Նազարեանի, Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան անդամներու, քոյր միութիւններու եւ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու, բարերարներու, վարժարանի անձնակազմին, ծնողներու եւ շրջանաւարտներու:
Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ նախկին շրջանաւարտ եւ այժմ ծնողք Ժիւլի Հինտոյեան, որ իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Վարժարանիս հիմնադիր անդամները, գաղթի պատճառաւ նոր միջավայրի մէջ յայտնուելով ապրեցան վերիվայրումներ, բայց հազիւ կազմաւորուած՝ հիմնեցին դպրոց մը, յոյսով որ իրենց զաւակները ունենան աւելի կայուն կեանք, կառչած մնալով հայ մշակոյթին: Հաստատօրէն կրնանք ըսել, որ անոնք յաջողեցան ոչ միայն իրենց զաւակներուն ապահովել հայկական միջավայր, այլեւ ապագայ սերունդներուն եւս: 50 տարիներ առաջ սերմերը ցանուեցան, եւ այսօր ունինք պտղատու ծառեր, որոնց ճիւղերը կ’երկարին ու կը տարածուին»: Անկէ ետք տեսերիզով մը ելոյթ ունեցաւ վարժարանի նախակրթարանի եւ երկրորդականի աշակերտներէ, ինչպէս նաեւ շրջանաւարտներէ բաղկացած երգչախումբը, որոնք ներկայացուցին վարժարանի վերամշակուած քայլերգը, խմբավարութեամբ Դալար Հարպոյեան Գալլօղլեանի: Նշենք, որ քայլերգին բառերը գրած է Արսէն Երկաթ, իսկ երաժշտութիւնը յօրինած է Երուանդ Ալեքսանեան: Նշենք, որ վարժարանի յիսնամեակին առթիւ Ժան Մկրտիչեան քայլերգին երկրորդ համարը թարգմանած է ֆրանսերէնի, իսկ Նայիրի Փիլոյեան կատարած երաժշտութեան նուագախմբային մշակումը:
Խօսք առաւ վարժարանին Վարչական խորհուրդի նախկին անդամ Թորոս Պապիկեան, որ անդրադառնալով վարժարանին կիրարկած Քեպէգ նահանգի կրթական ծրագրին կողքին տարուած աշխատանքին՝ ըսաւ. «Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանը իր Սարաֆեան նախակրթարանով եւ Բաստրմաճեան երկրորդականով կը ստեղծէ հայաշունչ եւ ապահով միջավայր, ուր կ’իրականան հայերէնի, հայոց պատմութեան եւ հայ մշակոյթին վերաբերող ծրագիրներ, կը ջամբուի ազգային դաստիարակութիւն, ունի վկայեալ ուսուցչական կազմ, ուսուցիչ-աշակերտ նպաստաւոր փոխյարաբերութիւն, եւ կ’իրագործուին գիտական յառաջացեալ դասընթացքներ ու կը տրամադրուին անոնց յարակից սարքերը»: Ապա Հայր Յակոբ կատարեց սեղաններու օրհնութիւնը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ ճաշի սպասարկութիւն:
Ելոյթ ունեցաւ Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան ատենապետ Սարօ Տէր Պետրոսեան, որ իր խօսքին մէջ շեշտեց. «Դիւրին պիտի ըլլար պարզապէս երկրին լեզուին տիրապետող սերունդ հասցնելը։ Այդ մէկը կատարող տեղական հաստատութիւններ չեն պակսիր։ Մենք կ՚ընենք անկէ շատ աւելին։ Մեր դպրոցը կը հասցնէ ոչ միայն կրթական լաւագոյն հաստատութիւններուն պատրաստ ուսանողներ, այլ անոր կողքին նաեւ իրենց մայրենիին, անցեալին, իրենց պատմութեան տիրապետող անհատներ, որոնք հպարտօրէն կրնան ըսել, որ իրենք հայ են, ոչ միայն ծագումով, այլ հայ են իրենց առօրեայով, կենցաղով, լեզուով, խաղով, երգ ու պարով», ապա աւելցուց. «Հետեւաբար, մեր երազն է զայն ա՛լ աւելի բարգաւաճած տեսնել եկող 50 տարիներուն։ Մեր երազն է, որ ան ըլլայ այնքան քաշողական իր եռացող հայութեամբ եւ արձանագրած յաջողութիւններով, որ նախանձը շարժէ բոլոր հայ ծնողներուն, որոնք ուզեն իրենց զաւակները յանձնել մեր օճախին, առանց կասկածի ու երկմտանքի, առանց թերահաւատութեան, կամաւորաբար իրենց երեխաները առաջնորդելով դէպի մայրենիին անդաստանը, որպէսզի մեր ինքնութեան մաս կազմող “Հայ”ը արժանաւորապէս արժեւորենք եւ մեր լեզուն եւ մեր ազգը որբ չձգենք»: Ատենապետը վարժարանին ոտնագնդակի դաշտի նորոգման ծրագրին անդրադառնալով յայտնեց. «Հոս կ’ուզեմ պահ մը մասնաւորաբար անդրադարձ կատարել ոտնագնդակի դաշտի մեր ծրագրին։ Առաջին հերթին կ’ուզեմ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնել այս ծրագիրը տարիներով հետապնդած ՀՄԸՄ-ի իրերայաջորդ վարչութիւններուն, որոնց հետեւողական ճնշումին որպէս հետեանք, այս տարի, ի վերջոյ, Հոգաբարձութիւնը տեղի տուաւ եւ որոշեց իրականացնել զայն։ Այս ծրագրի իրականացման համար մենք ունինք երկու մեծ նուիրատուներ, որոնց անունները հոս յատուկ կերպով եւ արժանաւորապէս կ’ուզեմ յիշել․ տէր եւ տիկին Շանթ եւ Քրիսթին Թոպի եւ իրենց շրջանաւարտ զաւակները՝ Մայքըլ եւ Ալեք, որոնք կը նուիրեն $1.250.000 տոլար։ Alan and Roula Rossy Family Foundation-ին եւ յատկապէս հիմադրամի ներկայացուցիչներուն՝ տէր եւ տիկին Էմին եւ Լիաննա Պաղրամեաներուն եւ իրենց Սուրբ Յակոբ յաճախող զաւակներուն՝ Արեգին եւ Միքայէլին, որոնք կը նուիրեն $1.000.000 տոլար»:
Վարժարանի տնօրէնուհի Լոռի Ապրաքեան ներկայացուց 50-ամեակին առթիւ նախատեսուած առաջին ծրագիրը: Ան նախ վարժարանի հիմնադրութեան անդրադառնալով ըսաւ. «Սրբազան “խենթ”եր էին անոնք, որոնք Գանատա հաստատուելէ քանի մը տարի ետք, իրենց անձնական կեանքը բարելաւելու մասին մտածելէ առաջ, գաղութի ապագան կերտելու աշխատանքին լծուեցան՝ ամբողջական նուիրումով եւ հաւատքով։ Անոնք ոչ մէկ երկմտանք կամ վախ ունէին նիւթականի հայթայթման, կրթութեան նախարարութեան պայմանները լրացնելու եւ անձնակազմ գտնելու ուղղութեամբ։ Իրենք գիտէին, որ հայ դպրոցն էր, որ պիտի միացնէր հայ մանուկները, ամրապնդէր համայնքը, սերունդ կերտէր եւ փոխանցէր անոնց մեր ժողովուրդի հոգեւոր մշակութային արժէքներն ու մարդ ըլլալու արժանիքները»:
Տնօրէնուհին անդրադառնալով վարժարանի բակին ներկայ իրավիճակին՝ յայտնեց. «Բախտաւոր ենք հսկայական խաղադաշտով, ուր նախակրթարանի աշակերտները առիթը ունին վազվզելու, պարելու, գծելու, օրօրուելու, եւ FIFA-ի խաղերէ աւելի լուրջ ոտնագնդակի մրցոյթներ կազմակերպելու։ Մեր բակը սակայն աւելին է։ Ան նաեւ համախմբող միջավայր մըն է, Տարեկան քերմէսէն սկսեալ մինչեւ ՀՄԸՄ-ի, շաբաթօրեայի, կիրակնօրեայի վարժարաններու աշակերտներուն եւ Արարատ Ճամբարի երեխաներուն համար։ Բայց պէտք է ընդունիլ, որ իր ներկայ վիճակով այդքան ալ գրաւիչ չէ»:
Անկէ ետք Ապրաքեան տեսերիզի ցուցադրութեամբ ներկայացուց բակին վերանորոգման եւ նոր չափանիշներով նախագծման ծրագիրը, ապա իր խօսքը փակեց ըսելով. «Բնութեամբ ծաղկուն, ինչպէս նաեւ ստեղծագործելու հնարաւորութիւններ ներառելով մեր խաղավայրին մէջ, ներդրում կ՚ունենանք մեր ներկայ եւ ապագայ աշակերտներուն ամէնէն թանկագին եւ յիշատակելի պահերուն։ Պիտի տանք իրենց միջավայր մը, ուր պիտի խաղան, սորվին, կազմաւորեն իրենց հայկական ինքնութիւնը եւ որպէս այս երկրի քաղաքացիներ՝ պատրաստ ըլլան ապագայի բոլոր մարտահրաւէրներուն։ Եկէք միասնական ճիգերով, կողք-կողքի յոյսի եւ լոյսի աղբիւր դառնանք, կառուցենք ապագան՝ մեր խորունկ արմատներէն թռիչքով մը դէպի նոր բարձունքներ նուաճելու, ստեղծելով այնպիսի ներշնչող եւ ոգեւորող միջավայր մը, ուր արմատ պիտի նետեն, պիտի մեծնան, պիտի ծաղկին մեր գաղութին ապագայ սերունդները»:
Խօսք առաւ վարժարանի ելեւմուտի եւ նուիրարշաւի տնօրէնուհի Թամար Եաղճեա ըսելով. «Ով որ յաճախած է Սուրբ Յակոբ հայկական վարժարանը, ով որ պաշտօնավարած է կամ որպէս կամաւոր աշխատած է, գիտէ, որ իսկապէս պատիւ է անոր մաս կազմելը: Եւ ով որ հնարաւորութիւն չէ ունեցած այս փորձառութիւնը ունենալու՝ դժուար թէ կարենայ հասկնալ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ մեզի համար այս հաստատութիւնը. այն մեր երկրորդ տունն է, մեր մեծ ընտանիքը»: Ապա ան անդրադարձաւ 50-ամեակին առթիւ նախատեսուած երկրորդ ծրագրին՝ Դրամագլխային հիմնադրամի ստեղծման, եւ յայտնեց. «Դրամագլխային հիմնադրամ մը ստեղծելով, մենք երկար ժամանակի վրայ կը կարենանք երաշխաւորել տարբեր կարիքներ գոհացնող վերահսկուած նիւթական աջակցութիւն տրամադրելու մեր կարողութիւնը», անկէ ետք Եաղճեան հանդէս եկաւ շնորհակալական խօսքով, որուն ընթացքին բեմ հրաւիրեց 50-ամեակի Հանգանակութեան յանձնախումբի անդամները՝ առ ի երախտագիտութիւն անոնց տարած անխոնջ աշխատանքին: Ապա յանձնախումբի անդամ Լէոն Աղազարեան յայտարարեց, որ Մանուկ Չուխաճեան ընտանիքի հիմնադրամը կը հաստատէ $1,000,000 տոլարի ֆոնտ մը, որուն նպատակն է աջակցիլ համեստ եկամուտի տէր ընտանիքներուն՝ կրթանպաստներ հայթայթելով: Ան յիշեց նաեւ, որ այս տարի կը նշուի Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի ֆոնտին եւ Մանուկ Չուխաճեան ընտանիքի հիմնադրամին միջեւ գործակցութեան 12-ամեակը:
Յիսնամեակին առթիւ սկիզբ առած նուիրահաւաքի սոյն երեկոյին ընթացքին իրենց մասնակցութիւնը բերին տէր եւ տիկին Ժիրայր եւ Հուրի Զաքարեաններ, իրենց եղբօր՝ ազգային բարերար Հրայր Սողոմոնեանի յիշատակին, նուիրելով $100.000 տոլար, ինչպէս նաեւ Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի Տարեցներու միութիւնը այս առթիւ նուիրեց $50.000 տոլար։ Երեկոյի նուիրատուութիւններուն ընդհանուր գումարը հասաւ $476.650 տոլարի:
Նշենք, որ վերոյիշեալ երկու ծրագիրներուն համար նախատեսուած է հանգանակել երկուքուկէս միլիոն տոլար, որոնցմէ մէկուկէս միլիոնը պիտի յատկացուի բակի վերանորոգման ծրագրին, իսկ մէկ միլիոնը՝ Դրամագլխային հիմնադրամի ստեղծման ծրագրին:
Հոգշ. Տէր Յակոբ Վրդ. Եագուպեանի «Պահպանիչ»ով փակուեցաւ ձեռնարկը:
Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան
«Հորիզոն»
Comments are closed.