Հ.Յ.Դ. Հայ. Դատի Յանձնախումբի Կազմակերպութեամբ Ար­ցա­խի զօ­րակ­ցա­կան հա­ւաք՝ Ա­թէն­քի մէջ

Ար­ցա­խի 44-օ­րեայ պա­տե­րազ­մէն ետք Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դին վրայ սպառ­նա­ցող ատր­պէյ­ճա­նա­կան յար­ձա­կո­ղա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան լոյ­սին տակ, հայ-ատր­պէյ­ճա­նա­կան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու շրջա­գի­ծէն ներս Ար­ցա­խի ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քը կաս­կա­ծի տակ դնող զար­գա­ցում­նե­րու կա­պակ­ցու­թեամբ, ինչ­պէս նաեւ ­Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պետ ­Նի­կոլ ­Փա­շի­նեա­նի կող­մէ՝ Ար­ցա­խը նե­րառ­նե­լու Ատր­պէյ­ճա­նի «հո­ղա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան» մէջ կա­տա­րո­ւած յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն առն­չու­թեամբ՝ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բը կազ­մա­կեր­պեց ժո­ղովր­դա­յին զօ­րակ­ցու­թեան հա­ւաք ի նպաստ Ար­ցա­խի, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ ե­րէկ՝ ­Չո­րեք­շաբ­թի, 7 ­Յու­նիս 2023-ի ե­րե­կո­յեան։ ­Հա­ւա­քին ժա­մադ­րա­վայրն էր Ա­թէն­քի մէջ Հ.Հ. դես­պա­նա­տան շէն­քը։ ­Վայ­րի ընտ­րու­թիւ­նը ու­նէր յա­տուկ ի­մաստ, նկա­տի առ­նե­լով, թէ հա­ւա­քի նպա­տակն էր բարձ­րա­ձայ­նե­լու ժո­ղո­վուր­դի պա­հան­ջը, որ­պէս­զի ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը շա­րու­նա­կէ տէր ու պաշտ­պան կանգ­նիլ ար­ցա­խա­հա­յու­թեան ան­վի­ճե­լի ի­րա­ւունք­նե­րուն եւ ա­նոր ա­զատ ու ան­կաշ­կանդ ապ­րե­լու ձգտու­մին։
­Հա­ւա­քին ներ­կայ ե­ղան մեծ թի­ւով հայ­րե­նա­կից­ներ, ինչ­պէս նաեւ միու­թե­նա­կան կա­ռոյց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։ ­Մա­նա­ւանդ, զգա­լի էր հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան ներ­կա­յու­թիւ­նը, ո­րոնք ժո­ղո­վուր­դին հետ միա­սին ի­րենց ձեռ­քե­րուն վրայ պար­զած էին ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի դրօշ­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ բարձ­րա­ցու­ցած էին պաս­տառ­ներ, ո­րոնց վրայ ար­ձա­նագ­րո­ւած էր «Ես Ար­ցա­խին հետն եմ», «Ա­զա­տագ­րե­ցէք Ար­ցա­խը» եւ այլ գրու­թիւն­ներ։
Ո­րո­շեալ ժա­մուն, յու­նա­հայ կա­ռոյց­նե­րէն բաղ­կա­ցած պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն մը, յետ նա­խօ­րօք դա­սա­ւո­րո­ւած ժա­մադ­րու­թեան, մուտք գոր­ծեց դես­պա­նա­տան շէն­քը եւ ըն­դու­նո­ւե­ցաւ փոխ դեսպան տիկ. Աննա Մկրտ­չեա­նի կող­մէ, ո­րուն յանձ­նո­ւե­ցաւ յա­տուկ նա­մակ մը ուղ­ղո­ւած ­Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պետ ­Նի­կոլ ­Փա­շի­նեա­նին։ ­Նա­մա­կը կը հրա­տա­րա­կենք ամ­բող­ջու­թեամբ։ ­Տեղ­ւոյն վրայ, պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը բա­ցատ­րեց հա­ւա­քի նպա­տա­կը եւ նա­մա­կի ո­գին, մատ­նան­շե­լով, թէ սոյն հա­ւա­քը ո­րե­ւէ մէկ կեր­պով ուղ­ղո­ւած չի կրնար ըլ­լալ հա­յոց պե­տա­կա­նա­նու­թեան դէմ, այլ նպա­տակ ու­նի յու­նա­հա­յու­թեան ամ­բող­ջա­կան եւ ան­վե­րա­պահ զօ­րակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նել Ար­ցա­խի տա­ռա­պող ժո­ղո­վուր­դին, միա­ժա­մա­նակ յի­շեց­նե­լու ­Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կան այ­րե­րուն, թէ Ար­ցա­խի ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քը գե­րա­զան­ցա­պէս պէտք է պահ­պա­նո­ւի։ ­Պա­տուի­րա­կու­թեան ան­դամ­նե­րը շեշ­տե­ցին, թէ մեր­ժե­լի է ա­մէն խօսք կամ փորձ՝ ար­ծո­ւա­բոյն Ար­ցա­խը տես­նե­լու Ատր­պէյ­ճա­նի վար­չա­կան կազ­մէն ներս։ ­
Պա­տո­ւի­րա­կու­թեան կող­մէ տե­ղե­կու­թիւն­ներ տրո­ւե­ցան հան­դի­պու­մին մա­սին, յատ­կա­պէս նշե­լով հա­ւա­քի նպա­տա­կը։
Հ.Յ.Դ. ­Կեդր. կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. Հ­ռիփ­սի­մէ ­Յա­րու­թիւ­նեան բա­ցատ­րեց թէ հա­ւա­քի մաս­նա­կից­նե­րէն բաղ­կա­ցած պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն մը, նա­խա­պէս այ­ցե­լեց Հ.Հ. դես­պա­նու­թիւ­նը ու նա­մակ մը յանձ­նեց ուղ­ղուած ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վար­չա­պետ ­Նի­կոլ ­Փա­շի­նեա­նին։
Ա­պա անդ­րա­դառ­նա­լով հա­ւա­քի նպա­տա­կին, յայտ­նեց թէ շրջա­փա­կո­ւած Ար­ցա­խի մէջ ապ­րող մեր քոյ­րե­րու ու եղ­բայր­նե­րուն զօ­րակ­ցե­լու, ա­ռան­ձին չթո­ղե­լու եւ ա­նոնց ի­րա­ւունք­նե­րուն մա­սին բարձ­րա­ձայ­նե­լու պար­տա­կա­նու­թեամբ է, որ հա­մախմ­բու­մը կազ­մա­կեր­պո­ւած է։ Ան խօ­սե­ցաւ Ար­ցա­խի դէմ Ատր­պէյ­ճա­նի պա­տե­րազ­մէն ետք ստեղ­ծո­ւած ի­րա­վի­ճա­կին մա­սին, ­Հա­յաս­տա­նի սահ­ման­նե­րէն ներս ա­զե­րիա­կան յար­ձա­կում­նե­րուն, Ար­ցա­խի շրջա­փակ­ման ու շա­րու­նա­կո­ւող ճնշում­նե­րուն, պա­տե­րազ­մի գե­րի­նե­րու շա­րու­նա­կո­ւող տա­ռա­պան­քին մա­սին։ ­Դի­տել տո­ւաւ ան­ցեա­լի դառն ի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րը՝ կոր­սո­ւած մեր հո­ղա­տա­րածք­նե­րու եւ մշա­կու­թա­յին կո­րուս­տը, ինչ­պի­սին էին ­Նա­խի­ջե­ւա­նի, ­Մու­շի ու ­Սա­սու­նի, հայ­կա­կան կո­թող­նե­րու բնաջնջ­ման թուրք-ա­զե­րիա­կան բար­բա­րո­սու­թիւն­նե­րու շա­րու­նա­կու­թիւ­նը, ինչ որ եր­բեք կա­րե­լի չէ ձգել, որ նոյ­նը պա­տա­հի Ար­ցա­խի պա­րա­գա­յին։
Անդ­րա­դառ­նա­լով վար­չա­պետ ­Փա­շի­նեա­նի այն ար­տա­յայ­տու­թեան՝ թէ ­Հա­յաս­տան կը ճանչ­նայ Ատր­պէյ­ճա­նի տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թիւ­նը 86.600 քա­ռա­կու­սի քի­լո­մեթրի սահ­մա­նու­մով, ը­սաւ թէ այս­պի­սի կե­ցուածք կտրուկ մեր­ժե­լի է, քա­նի որ ցոյց կու­տայ Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դի կամ­քի եւ ի­րա­ւուն­քի ան­տե­սու­մը։
«­Հայ­րե­նի­քի պաշտ­պա­նու­թեան ի խնդիր զո­հո­ւած ե­րի­տա­սարդ զի­նուոր­նե­րուն յի­շա­տա­կը ու զո­հո­ղու­թիւ­նը յար­գե­լով, կա­րե­լի չէ լռել, այլ պէտք է շա­րու­նա­կել պայ­քա­րիլ Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դին ի­րա­ւունք­նե­րը պաշտ­պա­նե­լով ու բարձ­րա­ձայ­նե­լով ա­նոնց մա­սին» ը­սաւ ան։
­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի ա­տե­նա­պետ ընկ. ­Յա­րու­թիւն Ս­պար­թա­լեան հա­մախմ­բո­ւած ժո­ղո­վուր­դին ներ­կա­յա­ցուց ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի շուրջ ստեղ­ծո­ւած ի­րա­վի­ճա­կը, նշե­լով թէ ­Հա­յաս­տա­նէն մին­չեւ Ս­փիւռք ամ­բողջ հա­յու­թիւ­նը մտա­հո­գու­թեամբ կը հե­տե­ւի զար­գա­ցում­նե­րուն՝ այս­պէս կո­չո­ւած «խա­ղա­ղու­թեան դաշ­նա­գի­րի» լոյ­սին տակ։
Ան ընդգ­ծեց, թէ փո­խա­նակ ա­ռաջ քշե­լու Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դի ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քը, փո­խա­նակ մի­ջազ­գա­յին գետ­նի վրայ պա­հան­ջո­ւի ­Լա­չի­նի ա­պաշր­ջա­փա­կու­մը Ատր­պէյ­ճա­նի կեղծ բնա­պահ­պան­նե­րուն կող­մէ, խօսք կ­՚ըլ­լայ Ատր­պէ­յճա­նի հո­ղա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան մա­սին, ա­նոր մէջ նե­րառ­նե­լով հայ ժո­ղո­վուր­դի ա­րեամբ ձեռք բե­րո­ւած ա­զատ Ար­ցախն ու ա­նոր բնա­կիչ­նե­րը։
Ան նաեւ մէկ առ մէկ թո­ւեց 44-օ­րեայ պա­տե­րազ­մէն սկսեալ մին­չեւ այ­սօր ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի կող­մէ կազ­մա­կեր­պո­ւած բազ­մա­թիւ մի­ջո­ցա­ռում­նե­րը, ի­րա­զեկ պա­հե­լու հա­մար ­Յու­նաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան շրջա­նակ­ներն ու ժո­ղո­վուր­դը Ար­ցա­խի հան­դէպ կա­տա­րո­ւող ո­ճիր­նե­րուն մա­սին։
Ըն­կե­րը յատ­կան­շա­կա­նօ­րէն տե­ղե­կա­ցուց ներ­կա­նե­րուն, թէ ­Կիպ­րո­սի ­Խորհր­դա­րա­նի նախ­կին ե­րես­փո­խան, հայ ժո­ղո­վուր­դի ու Ար­ցա­խի ի­րա­կան եւ մեծ բա­րե­կամ Է­լէ­նի ­Թէո­խա­րուս իր ա­մե­նա­ջերմ ող­ջոյն­նե­րը կը ղրկէր դես­պա­նա­տան առ­ջեւ հա­մախմ­բուած ժո­ղո­վուր­դին, միա­ժա­մա­նակ իր ցա­ւը կը յայտ­նէր որ, հա­կա­ռակ իր բուռն փա­փա­քին, չկա­րո­ղա­ցաւ ներ­կայ գտնո­ւիլ հա­ւա­քին ու զօ­րակ­ցիլ իր այն­քան սի­րած Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դին։
­Յա­ջոր­դա­բար, հա­ւա­քո­ւած ժո­ղո­վուր­դին առ­ջեւ կար­դա­ցո­ւե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պե­տին ուղ­ղո­ւած նա­մա­կը։ ­Տե­ղե­կա­տո­ւա­կան խօս­քե­րը շա­րու­նա­կո­ւե­ցան՝ ներ­կա­յա­ց­նե­լով Ար­ցա­խի պատ­մա­կան եւ ի­րա­ւա­կան պատ­կա­նե­լիու­թեան հան­գա­ման­քը, նշում­ներ ե­ղան ա­ռա­ջին ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րին մա­սին, ա­պա շեշ­տո­ւե­ցաւ հայ զի­նո­ւոր­նե­րու հե­րո­սա­կան պաշտ­պա­նու­թիւ­նը ­Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի սահ­ման­նե­րուն վրայ։
Ար­ցա­խի ի նպաստ ժո­ղովր­դա­յին հա­ւա­քը վերջ գտաւ ուշ ե­րե­կո­յեան, այն հա­մո­զու­մով, թէ հայ ժո­ղո­վուր­դը պի­տի շա­րու­նա­կէ ա­մէն գնով դէմ կանգնիլ կա­մա­յա­կան ո­րո­շում­նե­րուն Ար­ցա­խի նկատ­մամբ, պաշտ­պա­նե­լով ա­նոր հե­րո­սա­կան ժո­ղո­վուր­դի ա­զատ ինք­նո­րոշ­ման եւ ան­կաշ­կանդ ապ­րե­լու ի­րա­ւուն­քը իր սե­փա­կան հո­ղին վրայ։

Ա­թէնք, 7 ­Յու­նիս 2023

­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ­Յար­գե­լի ­Վար­չա­պե­տին՝
պրն. ­Նի­կոլ ­Փա­շի­նեա­նին,
Հ.Հ. ար­տա­կարգ եւ լիա­զօր դես­պան՝ մե­ծա­յարգ պրն. ­Տիգ­րան Մկր­տի­չեա­նի մի­ջո­ցով,
Ա­թէնք-­Յու­նաս­տան
Յար­գե­լի պրն. ­Վար­չա­պետ,

Այ­սօր, ­Չո­րեք­շաբ­թի, 7 ­Յու­նիս 2023-ին, ստո­րեւ ստո­րագ­րեալ­ներս, յա­նուն ­Յու­նաս­տա­նի Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան ու ա­նոր կու­սակ­ցա­կան շար­քե­րուն. ազ­գա­յին-հա­մայն­քա­յին իշ­խա­նու­թեանց, յու­նա­հայ գաղ­թօ­ճա­խի մէջ գոր­ծող մշա­կու­թա­յին, մար­զա­կան ու բա­րե­սի­րա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ ազ­գա­յին­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ, հա­ւաք մը ու­նե­ցանք Ա­թէն­քի մէջ Հ.Հ.-ի դես­պա­նա­տան առ­ջեւ՝ մեր զօ­րակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նե­լու հա­մար Ար­ցա­խի մեր հե­րո­սա­կան ժո­ղո­վուր­դին, որ հետզ­հե­տէ խստա­ցող պայ­ման­նե­րու տակ, սա­կայն ան­կոտ­րում կամ­քով, կը դի­մադ­րէ Ազր­պէյ­ճա­նի կող­մէ հաս­ցո­ւած ճնշում­նե­րուն։
­Հետզ­հե­տէ վատ­թա­րա­ցող այս պայ­ման­նե­րու բե­րու­մով, մենք Ս­փիւռ­քի մէջ ապ­րող հա­յու­թիւ­նը, ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի մեր հայ­րե­նիք­նե­րու կող­քին զօ­րա­ւոր ու հաս­տատ ներ­կա­յու­թիւն դառ­նա­լով, կը բարձ­րա­ձայ­նենք զօ­րակ­ցա­կան մեր ձայ­նը՝ հա­յու­թեան ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան ի խնդիր։ ­Բայց նաեւ մատ­նան­շե­լով բո­լոր այն վտանգ­նե­րը, որ կը տես­նենք վեր­ջերս ձեր կա­տա­րած այն յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն ա­ռըն­չու­թեամբ, ըստ ո­րոնց դուք կը ճանչ­նաք Ազր­պէյ­ճա­նի տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թիւ­նը այն սահ­ման­նե­րով, ո­րոնք կը նե­րա­ռեն նաեւ հայ­կա­կան Ար­ցա­խը:
­Պատ­մա­կա­նօ­րէն ո­րե­ւէ հիմք չու­նե­ցող կա­մա­յա­կան ու մեր­ժե­լի յայ­տա­րա­րու­թիւն, որ դա­տա­պար­տե­լի է ըստ ա­մե­նայ­նի, զայ­րոյթ կը պատ­ճա­ռէ ա­մէն հա­յու, ինչ­պի­սին որ մեր հա­ւա­քին էր, ո­րուն մաս­նակ­ցող­նե­րու ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան հան­գա­ման­քը էու­թեան մէջ կը խտաց­նէ յու­նա­հա­յու­թեան գրե­թէ ամ­բող­ջու­թիւ­նը:­Պատ­մա­կան, քա­ղա­քակր­թա­կան, աշ­խար­հագ­րա­կան ու ազ­գագ­րա­կան հիմ­քե­րով Ար­ցա­խի հա­յա­պատ­կա­նու­թիւ­նը ան­վի­ճե­լի է եւ ոչ ոք, հայ թէ օ­տար ոչ մէկ քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ, ինչ հան­գա­ման­քի մէջ ալ գտնո­ւի ան, ի­րա­ւունք կրնայ տալ ինք­զին­քին հայ­րե­նա­կան հող “նո­ւի­րե­լու” ու­րի­շին, եւ “ու­րիշ” ը­սո­ւածն ալ այս պա­րա­գա­յին հա­յու­թեան ու ­Հա­յաս­տա­նին գլխա­ւոր թշնա­մին է, վայ­րագ ու ան­յագ: Ո­րով, մե­զի հա­մար ա­նըն­դու­նե­լի է, նոյ­նիսկ յայ­տա­րա­րո­ղա­կան մա­կար­դա­կի վրայ թշնա­միին հայ­րե­նի հող զի­ջե­լու ձեր յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը, միա­ժա­մա­նակ յայտ­նե­լով, որ մենք ա­մէն սրտով զօ­րա­վիգ ենք Ար­ցա­խի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի յայ­տա­րա­րու­թեան՝ թէ’ ա­նոր ո­գիին եւ թէ’ բո­վան­դա­կու­թեան: ­Կը բո­ղո­քենք ու կը դի­մենք ձե­զի պա­րոն վար­չա­պետ, որ Ար­ցա­խը ա­ռան­ձին ու ան­տէր չթո­ղուք, զայն յու­սա­բե­կու­թեան չմատ­նէք, ե­ղէ’ք­ ան­զի­ջող, տէր ու պաշտ­պան քա­ջա­րի Ար­ցա­խին: Իսկ ինչ­պէս կը տես­նէք, որ­պէս հա­ւա­քի վայր մենք ընտ­րած ենք ­Յու­նաս­տա­նի մէջ ­Հա­յաս­տա­նի դի­ւա­նա­գի­տա­կան ներ­կա­յա­ցուց­չու­թիւ­նը, զոր կուրծ­քե­րով պաշտ­պա­նե­լը ազ­գա­յին մեր պարտ­քը կը նկա­տենք թշնա­մա­կան ա­մէն շար­ժու­ձե­ւի դէմ, որ թի­րախ պի­տի դարձ­նէ զայն: ­Հա­յաս­տա­նին ու հա­յու­թեան հա­մար վտան­գա­լի հե­տե­ւանք­նե­րով այս պա­հուն, մեր ներ­կա­յու­թիւ­նը հոս շեշ­տե­լի է, քա­նի որ մեր ա­զատ թէ բռնագ­րա­ւո­ւած հայ­րե­նի հո­ղե­րու ամ­բող­ջու­թեան միակ ի­րա­ւա­տէ­րը հայ ժո­ղո­վուրդն է:
Պրն. ­Վար­չա­պետ,
­Կը գի­տակ­ցինք, որ յատ­կա­պէս 44-օ­րեայ պա­տե­րազ­մի դառն պար­տու­թե­նէն ետք Ազր­պէյ­ճանն ու աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան շա­հե­րու հե­տա­մուտ ու­ժեր օ­գուտ­ներ քա­ղե­լու հա­մար աք­ցա­նի մէջ դրած են ­Հա­յաս­տա­նը եւ յաղ­թո­ղի ու պար­տո­ւո­ղի դրու­թիւ­նը կը չա­րա­շա­հեն՝ մեր հայ­րե­նի քա­ղա­քա­կան վեր­նա­խա­ւին պար­տադ­րե­լով, որ ծանր զի­ջում­ներ կա­տա­րէ:
Կ’անդ­րա­դառ­նանք, որ մե­ծա­պե­տա­կան շա­հե­րու ներ­կայ խաչ­մե­րու­կին՝ ստեղ­ծո­ւած է այն­պի­սի կա­ցու­թիւն, որ ­Հա­յաս­տա­նը զրկած է զի­ջում­նե­րէ խու­սա­փե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը:
­Մեր ազ­գի փոր­ձա­ռու­թիւ­նը կը յու­շէ սա­կայն, որ նման պայ­ման­նե­րը յաղ­թա­հա­րե­լու ար­դիւ­նա­ւոր ձե­ւը գտած ենք մենք՝ ազ­գո­վին փա­րե­լով մար­տու­նակ պայ­քա­րի տրա­մա­բա­նու­թեան, որ նոյ­նինքն հա­մա­մարդ­կա­յին պատ­մու­թեան տրա­մա­բա­նու­թիւնն է: ­Մեր պար­տու­թիւն­նե­րուն մէջ միշտ փոր­ձած ենք տես­նել բա­րո­յա­կան յաղ­թա­նակ­ներ, ինչ որ կը նշա­նա­կէ, թէ պար­տու­թիւն­նե­րը չեն ընկ­ճած մեզ…:
­Մենք կը հա­ւա­տանք, որ հա­մա­հայ­կա­կան տո­կուն կամ­քին հետ հա­շո­ւի կը նստին այն ու­ժե­րը, ո­րոնք աշ­խար­հա­քա­ղա­քան, ռազ­մա­վա­րա­կան ու տնտե­սա­կան հե­տապն­դում­ներ ու­նին տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ եւ ո­րոնց հե­ռա­հար հա­շո­ւարկ­նե­րուն մէջ նոյն­քան կա­րե­ւոր տեղ ու­նի ­Հա­յաս­տա­նը, որ­քան Ազրպէյ­ճա­նը:
Արդ՝
Պրն. ­Վար­չա­պետ, կը դի­մենք ձե­զի ու խնդրան­քի ձե­ւով կը պա­հան­ջենք եւ պա­հանջ­քի ձե­ւով կը խնդրենք, որ հիմ­նա­կան շրջա­դարձ մը կա­տա­րէք եւ հա­մա­հայ­կա­կան ներշն­չու­մով ազ­գի բո­լոր հա­տո­ւած­նե­րը հա­ւա­քագ­րէք «Ար­ցա­խը ­Հա­յաս­տան է ու վերջ» գա­ղա­փա­րին շուրջ՝ վճռա­կա՛ն, հաս­տա՛տ­ ու ա­նե­րե՛ր ­կամ­քով:

Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն ձեր ու­շադ­րու­թեա­նը հա­մար:

Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէ
Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խումբ
­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի ­Յու­նաս­տա­նի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թիւն
­Հա­մազ­գա­յի­նի ­Յու­նաս­տա­նի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թիւն
Հ.Մ.Ը.Մ.ի ­Յու­նաս­տա­նի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թիւն
­Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ ­Հայ Գ­թու­թեան ­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թիւն
Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թիւն
Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Պա­տա­նե­կան ­Միու­թեան Ընդ­հա­նուր ­Վա­րիչ ­Մար­մին

Comments are closed.