Հոգեւորականաց դասու միօրեայ խոկմունք. «Քահանայագործութիւնը՝ լոյսի ներգործութիւն»
Հովանաւորութեմաբ եւ նախագահութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի, Չորեքշաբթի, 25 Սեպտեմբեր 2019-ին, Քեպէգի մէջ, Թեմիս հոգեւորականաց դասը ունեցաւ միօրեայ խոկմունք «Դուք էք աշխարհի լոյսը» թեմայով:
Ներկայացուեցան երկու դասախօսութիւններ: Առաջին դասախօսն էր Առաջնորդ Սրբազանը, նիւթ ունենալով «Աստուածաշնչական քահանայութիւնը եւ մենք», իսկ երկրորդ նիւթը ներկայացուց Հայաստանի Աստուածաշնչային ընկերութեան տնօրէն Արշաւիր Գաբուճեան, ներկայացնելով «Լոյսի Գաղափարը Աստուածաշունչի մէջ» նիւթը:
Օրուան ընթացքին տեղի ունեցան նաեւ Աստուածաշնչական խորհրդածութեան պահեր եւ Երեկոյեան Ժամերգութիւն։
Հոգեպարար այս օրը, Գանատայի Հայոց Թեմի հոգեւորականներուն համար առիթ եղաւ ի մի խմբուելու, Աստուծոյ հետ ըլլաու եւ բաժնեկցելու քահանայական կոչումի մասին իրենց մտորումները, խորհրդածութիւններն ու ներշնչումները եւ վերանորոգ յանձնառութեամբ վերադառնալու իրենց համայնքները եւ շարունակելու ծառայութիւնը նոր աւիւնով եւ յանձնառութեամբ։
Նոյն օրը, համագումարի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հօր նախագահութեամբ, գումարուեցաւ Թեմիս Կրօնական Ժողովը, որուն ընթացքին արծարծուեցան Թեմիս համայնքներու իրավիճակը, քննարկուեցան յառաջիկայ տարուան տեղի ունենալիք յիշարժան առիթները, ինչպէս՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Դպրեվանքի 90-ամեակը, նաեւ՝ մշակուեցան մօտիկ ապագայի անմիջական ծրագիրներ՝ առ ի գործադրութիւն։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատեց համայնքներէն ներս հովիւներուն եւ հոգաբարձութեանց տարած աշխատանքը, նորանոր յաջողութիւններ մաղթելով Թեմէս ներս տարուող Աստուածահաճոյ եւ եկեղեցաշէն բոլոր աշխատանքներուն։
Դիւան Ազգային Առաջնորդարանի