ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի շարքերուն կը միանայ 16 նորագիր

ՀՅԴ արեւմտեան Ամերիկայի 2023 -ի նորագիրներուն Երդման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 18 փետրուար 2023-ին, Դաշնակցութեան ծրագրած եւ գործադրած «Նեմեսիս» գործողութեան գործիչ ընկ. Երուանդ Ֆունտուքեանի շիրիմին շուրջ, Ուիթիըրի Rose Hills գերեզմանատան մէջ: Ընկ. Ե. Ֆունտուքեան եւ ընկ. Յարութիւն Յարութիւնեան հետախուզութեան գործակիցները եղած էին ընկ. Միսաք Թորլաքեանին, որ արդարահատոյց հարուածը տուած էր Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին Պաքուի հազարաւոր հայերու ջարդերուն կազմակերպիչ Պէյպուտ Խան Ճիվանշիրին:

ՀՅԴ շարքերուն միացաւ 16 նոր անդամ: Արարողութիւնը կենդանի կը սփռուէր ՀՅԴ արեւմտեան Ամերիկայի առցանց էջերուն մէջ եւ հրապարակային էր՝ հայ հասարակութեան համար: Ներկայ էին շուրջ 150 հայրենակիցներ եւ ընկերներ:

Յայտագիրը սկսաւ մէկ վայրկեան լռութեամբ, յարգելու յիշատակը դաշնակցական բոլոր նահատակներուն:

Ներկաներուն կողմէ Հ.Յ. Դաշնակցութեան քայլերգ «Մշակ, բանուոր»-ի երգեցողութենէն ետք Նորագիրներու դաստիարակչական յանձնախումբին կողմէ ընկ. Հրայր Շերիքեան կատարեց բացման խօսքը, ուր շեշտեց. «Թող ընկ. Երուանդ Ֆունտուքեանի ու իր նման հազարաւոր դաշնակցական գործիչներուն եւ ֆետայիներուն նուիրումն ու զոհողութիւնը մեր գերագոյն նպատակի իրագործումին ճանապարհին ըլլան միտքերու խթան, ամրոցներ, մեկնակէտեր եւ ինքնավստահութեան աղբիւր ու ներշնչում մեր նոր սերունդներուն եւ մասնաւորաբար մեր այս խումբին»:

Ընկ. Երուանդ Ֆունտուքեանի կենսագրականը ներկայացուց իր եղբօր թոռ ընկհ. Ալիս Անմահունի Ֆունտուքեանը:

Հանդիսավարը կարդաց օրուան արարողութեան կնքահայր ընկ. Համլեթ Չրախչեանի կենսագրականը ու զինք հրաւիրեց տալու իր պատգամը եւ կատարելու Երդման արարողութիւնը: Ընկերը իր խօսքը ուղղելով թեկնածուներուն ըսաւ. «Դուք եթէ Դաշնակցութեան Ծրագիրով, Կանոնագիրով եւ անգիր օրէնքներով էք առաջնորդուելու, դժուար ճանապարհ էք ընտրել եւ պէտք է լաւ մտածէք: Մարդ նման սուրբ նպատակների համար մէկ անգամ երդում կուտայ եւ իր ամբողջ կեանքի ընթացքում հաւատարիմ կը մնայ դրան: Երդումը, խոստանալը մարդու նկարագիրը ցոյց կուտան. լուրջ եւ պատասխանատու մարդը, ինչ որ լինեն դժուարութիւնները, հաւատարիմ է մնում իր սկզբունքներին, իր գաղափարներին ու իր տուած երդումին»:

«Ուզում եմ մի բան պահանջել ձեզանից. ձեր երդումին հետ, ձեր մտքերում թող հաստատուի այն, որ ձեր կուսակցական կեանքում ձեր եսը, ձեր անձը աւելի կարեւոր չէք նկատելու»:

Ու ընկերը փակեց իր խօսքը հետեւեալով. « Դաշնակցութիւնը չի ներելու նոյնիսկ այն դաշնակցականներին, որոնք հերոսներ էին, ժողովրդի կողմից պաշտուած մտաւորականներ, դաշնակցական Կանոնագրով, որը մէկ հատ է եւ որուն հետեւում են աշխարհի դաշնակցական մեր բոլոր կառոյցները: Ձեզ յաջողութիւն եմ մաղթում երկար դաշնակցական կեանքում»:

Ապա նորագիրներուն ուղղեց վերջին հարցումը. «Որեւէ մէկը կա՞յ որ վերջին րոպէին կ’ուզէ հրաժարուիլ երդումից»: Բոլորն ալ «Ոչ»-ով պատասխանեցին, ու հետեւեցաւ Երդումը ընկ. Համլեթ Չրախչեանին առաջնորդութեամբ.

«Կ’երդնում պատւոյս եւ հայրենիքիս վրայ՝ միշտ հաւատարիմ մնալ Հ.Յ.Դաշնակցութեան Ծրագրին, Կանոնագրին ու որոշումներուն եւ բոլոր ուժերովս – իսկ եթէ հարկ ըլլայ՝ նաեւ կեանքիս գնով – ծառայել Հայաստանի եւ հայութեան ազատագրութեան դատին»:

Հանդիսավարը յայտարարեց որ երդուողներու այս տարուան խումբը կը կոչուի «Երուանդ Ֆունտուքեան» սերունդ ու ներկայացուց թեկնածուներուն ցանկը:

Յաջորդեց Հայաստանէն ընկ. Համբիկ Սասունեանին ձայնագրուած պատգամը երդուեալներուն, ուր վեր առաւ ծառայութեան արժէքը. «Պատիւ պէտք է ըլլայ բոլորիս, իւրաքանչիւր դաշնակցականի համար ծառայել, որ սուրբ է: Կը ծառայենք եւ կը հետեւինք գաղափարի եւ ո՛չ թէ անձի. մեզի համար ո՛չ մէկ բան սուրբ է բացի ազգէն, հայրենիքէն եւ արդարութենէն»:

ՀՅԴ արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի խօսքը յղեց ընկհ. Լաուրա Յակոբեան, որ Հայաստանի մէջ Արցախեան 1990-ականնրու գոյամարտի ընթացքին իր փորձառութիւնը նշելով, ըսաւ. «Դաշնակցականների մէջ ես գտայ ազգասիրութիւն, նուիրում, պատասխանատւութիւն, անկեղծ ընկերական սէր, անձնազոհութիւն, հաւաքականութիւն, անվախութիւն: Դաժան ու դժուար էր մեր ճանապարհը, բայց փառաւոր, որովհետեւ մենք պայքարում էինք կեանքի համար՝ ապրելու եւ ապրեցնելու համար»:

«Հիմա էլ ոչինչ չի փոխուել: Զգուշացնում եմ. ներկայ պայմաններում դժուար է դաշնակցական մնալը, քանի որ պայքարը ո՛չ միայն արտաքին թշնամու դէմ է, այլեւ ապազգային իշխանութիւնների»:

«Երուանդ Ֆունտուքեանի շիրիմին շուրջ երդում կատարելը պատահական չէ. սրանով կարեւորւում է Երուանդ Ֆունտուքեան խոնարհ հերոսը. սրանով ամրագրում ենք Ֆունտուքեան նկարագրի տեսակի անհրաժեշտութիւնը, այն է՝ անշահախնդիր նուիրում եւ զոհաբերում ազգին, որոնք առանցքային են ազգի շարունակութեան համար»:

«ՀՅԴ-ն միշտ անելիք ունի. մենք անելիք ունենք Սփիւռքում, Հայաստանում, Արցախում, Ջաւախքում, արեւմտեան Հայաստանում, այնտեղ ուր հայ կայ»:

«Մեր աշխատանքների յաջորդականութեան պահպանումն է, որ մեզ դարձնում է հաւաքականութիւն, որ «ես»-ից վերածւում ենք հզօր «մենք»-ի: Մենք բոլորս ո՛չ միայն մաս ենք կազմում հայ ժողովրդի ճակատագրին, այլ նաեւ կերտում ենք այդ ճակատագիրը»:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ ընկ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, որ արեւմտեան Ամերիկա կը գտնուի, որպէս բանախօս ՀՅԴ 132-ամեակի Տօնակատարութեան, ինք եւս երդուեալներուն տուաւ պատգամ.

«Պէտք է գաղափարապէս ըլլաք ամուր, կամքով հզօր եւ ձեր նուիրումի փաստը ունենաք, բայց նոյնքան եւ աւելի դժուար է դաշնակցական մնալ, որովհետեւ ձեր հաւատքը եւ պնդութիւնը շարունակաբար պիտի ենթարկուի փորձութեան. եւ պէտք է մնաք ամուր ու հաստատակամ, որովհետեւ մեր պայքարը արդար է եւ ձեր մղումը ամբողջովին մաքուր ու անբիծ»:

«Մեր կազմակերպութիւնը իր Ծրագրով եւ Կանոնագրով կը շեշտէ, որ այն համահայկական կառոյցն է, որ ունի ազգային հիմք, գաղափարական ամրութիւն, ժողովրդավարական սկզբունքներ, ընկերվարական հակումներ ու ընկերային արդարութեան հետապնդում եւ մանաւանդ յեղափոխական նկարագիր»:

«Միայն կրնամ մաղթել ձեզի, որ ունենաք այն հաստատակամութիւնը, որ ձեր ամբողջ կեանքի ընթացքին մնաք աներեր, ամբողջովին նուիրուած գաղափարին, որպէս գաղափարի զինուոր եւ ամբողջովին կարգապահ»:

«Ուր որ ալ գտնուի, ինչ երդիքի տակ ալ գործէ, Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը կը կերտէ այնպիսի նկարագիր ու այնպիսի հայու կերպար, որ նոյնն է աշխարհով մէկ, որ նուիրուած է իր ժողովուրդի դատին, որ իր ամբողջ էութեամբ եւ հիմնականին մէջ կամաւոր սկզբունքներով կը պայքարի իր ժողովուրդի արդար իրաւունքներուն համար ու շարունակաբար պայքարելու է մինչեւ որ բոլորս միասին իրականացնենք մեր մեծ երազը, կերտելով ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանը»:

Երդման արարողակարգը աւարտեցաւ «Վէրքերով լի» յեղափոխական երգով եւ օրուան կնքահայրին ու նոր երդուածներուն կողմէ ընկ. Երուանդ Ֆունտուքեանի շիրիմին վրայ ծաղիկներ զետեղելով:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.