Հայ Օգնութեան Միութիւնը՝ Լիբանանի Կողքին
Հայ Օգնութեան Միութիւնը (Հ.Օ.Մ.) կը շարունակէ իր աջակցութիւնը ցուցաբերել Լիբանանահայ գաղութի զաւակներուն, որոնք օր ըստ օրէ կը մխրճուին տնտեսական, ընկերային եւ ապրուստի ահաւոր պայմաններու մէջ։ Լիբանանեան թղթոսկիի արժեզրկումը, երկրի մէջ տիրող սղաճը, դեղորայքի եւ ապրուստի հիմնական պէտքերու չգոյութիւնը անելի մատնած են Լիբանանցի քաղաքացին։
Ի տես երկրի անկայուն իրավիճակին, Հ.Օ.Մ.-ը կրկին անգամ կոչ կ՛ուղէ համայն հայութեան, որպէսզի իր աջակցութեամբ տէր կանգնի Լիբանանի հայահոծ գաղութի զաւակներուն, որոնք հետզհետէ վատթարացող երկրի ճգնաժամին հետեւանքով, կորսնցուցած են իրենց օրապահիկը։
Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչը Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան հետ աշխատանքները համադրելով, 2019-ին երկրին մէջ սկիզբ առած ճգնաժամէն ի վեր ճիգ չէ խնայած հոգալու համար Լիբանանահայ գաղութին անմիջական պէտքերը՝ անոնց շաբաթական դրութեամբ տաք ճաշ տրամադրելով, բժշկական անվճար ծառայութիւններ մատուցելով, ուտեստեղէն, կենցաղային հիմնական իրեր եւ տնային այլ անհրաժեշտ պիտոյքներ տրամադրելով։ Շնորհիւ Հ.Օ.Մ.-ի համակիրներու առատաձեռն նուիրատուութիւններուն, ցարդ ընդհանուր $600,400 ամերիկեան տոլար գոյացած է։ Գումարը ամբողջապէս կը յատկացուի Լիբանանահայութեան անմիջական օժանդակութեան ծրագիրներուն գործադրման։
Այսօր, աւելի քան երբեք, Լիբանանցին մեր նիւթական աջակցութեան կարիքը ունի։ Հետեւաբար, առաջին հանգրուանով, Հ.Օ.Մ.-ը կը նախաձեռնէ $100 ամերիկեան տոլար յատկացնել ահաւոր պայմաններու մէջ ապրող մեր հայրենակիցներուն։ Առ այդ, կը դիմենք Հ.Օ.Մ.-ի միաւորներուն, բարերարներուն եւ համակիրներուն, որպէսզի նոյնիսկ փոքր գումարներով մասնակից դառնան այս նախաձեռնութեանը։ Լիբանանի Կողքին դրամահաւաքին ձեր ներդրումը բերելով կրնաք ընտանիքի մը անմիջական ապրուստը ապահովել։
Հայ Օգնութեան Միութիւնը հիմնուած է 1910-ին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ։ Ան ինքնավար, ոչ-կառավարական եւ ոչ-յարանուանական մարդասիրական կազմակերպութիւն մըն է, որ կը ծառայէ հոգալու հայ ժողովուրդին մարդկային կարիքները եւ կը ձգտի պահպանել հայ ազգին մշակութային ինքնուրոյնութիւնը։