Հայ համայնքի ներկայացուցիչներ ներկայ գտնուեցան Պրիթիշ Գոլոմպիոյ նոր կառավարիչին նշանակման արարողութեան

Horizon Weekly Newspaper

30 Յունուար 2025-ին, Քլարա Գասապեան Յակոբեան եւ Սեւան Յակոբեան ներկայ գտնուեցան Ուէնտի Քոքքիայի Պրիթիշ Գոլոմպիոյ մէջ Անգլիոյ Թագաւորութիւնը ներկայացնող 31-րդ կառավարիչի նշանակման պաշտօնական արարողութեան:

Միջոցառումը տեղի ունեցաւ Պրիթիշ Գոլոմպիոյ մայրաքաղաք Վիքթորիայի Օրէնսդրական Պալատին մէջ, ուր ընկերուհներ Քլարա եւ Սեւան ՀՕՄ-ի Վանգուվըրի «Արազ» մասնաճիւղի, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի եւ Պրիթիշ Գոլոմպիոյ հայ համայնքի անունով շնորհաւորեցին նորընտիր կառավարիչը: Անոնք նաեւ հանդիպեցան եւ զրուցեցին Պրիթիշ Գոլոմպիոյ վարչապետ Տէյվիտ Իպիի, բնապահութեան եւ ուժանիւթի նախարար Ատրիան Տիքսի եւ պետական այլ պաշտօնատարներու հետ:

Այս հանդիպումներուն ընթացքին, ընկերուհիները շեշտեցին Պրիթիշ Գոլոմպիոյ հայ համայնքին դիմագրաւած խնդիրները, երախտագիտութիւն յայտնեցին Պրիթիշ Գոլոմպիոյ խորհրդարանի Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի ընդունման եւ շարունակական աջակցութեան համար, ինչպէս նաեւ զանոնք իրազեկ պահեցին Արցախի բնիկ հայ ժողովուրդի իրավիճակին մասին, ընդգծելով արցախցի ժողովուրդին իրաւունքներու եւ մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան անյետաձգելի հրամայականը:

Horizon Weekly Newspaper