Հայկական Երեսփոխանական Գրասենեակի Ճամբով` 2000 Կարիքաւոր Աշակերտներ Կը Ստանան Օժանդակութիւն
4573
0
Քանատահայ բարերար Շաքէ Կէօնճեանի նուիրատուութեամբ, «Արտակարգ իրավիճակներու մարմին-ԿԱՄՔ»-ի գործունէութեան ծիրին մէջ, Հայկական երեսփոխանական գրասենեակը գրենական պիտոյքներու գնման համար նիւթական օժանդակութիւն կը տրամադրէ կարիքաւոր հայ աշակերտներուն: Ներկայ ճգնաժամին մէջ, Հայկական երեսփոխանական գրասենեակը ի շարս այլ նախաձեռնութիւններու, այս ծրագիրին իրականացումով կը փորձէ մեղմացնել հայ ընտանիքներու դիմագրաւած դժուարութիւնները:
Յայտնենք, որ օժանդակութեան դիմում կատարած էին 2000 աշակերտներ, եւ Երեսփոխանական գրասենեակը ընթացք տուած է բոլոր դիմումներուն:
Օժանդակութեանց տրամադրման աշխատանքը ընթացք առաւ երկուշաբթի, 1 նոյեմբերին եւ պիտի շարունակուի այս շաբթուան ընթացքին: Ծնողները նախօրօք իրենց տրուած ժամադրութեան հիման վրայ պէտք է ներկայանան «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահ, «Շաղզոյեան» կեդրոն եւ ստանան իրենց յատկացումները: