Հայկազեան համալսարանը կը յիշատակէ իր համանուն անուանակիրին` Արմենակ Հայկազեանի նահատակութեան 100-ամեակը
7 յուլիս 2021-ին կը նշուի Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի անուանակիրին` վեր. փրոֆ. Արմենակ Հայկազեանի (ծ. Հաճըն, 22 սեպտեմբեր 1870) նահատակութեան 100-ամեակը: Հայկազեան մահացաւ Խարբերդի մէջ 7 յուլիս, 1921:
Աստուածաբան, մանկավարժ, գիտնական, լեզուաբան եւ երաժիշտ, «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի կողմէ «Մերձաւոր Արեւելքի ամէնէն ականաւոր հայ մանկավարժը» նկատուած Հայկազեան, 1889-ին` 19 տարեկանին կը ստանայ Պսակաւոր արուեստից աստիճանը` Այնթէպի Կեդրոնական Թուրքիոյ քոլեճէն: 1898-ին` 28 տարեկանին Եէյլ համալսարանէն կը ստանայ դոկտորականը:
Վեր. Արմենակ Հայկազեան 22 մայիս 1921-ին կը ձերբակալուի քեմալական ուժերու կողմէ: Աքսորի ընթացքին կը վարակուի բծաւոր տենդով (թայֆըս) եւ դարմանումի դիտումնաւոր ուշացումի պատճառով կը մահանայ 7 յուլիս 1921-ին:
Տարիներ ետք` 1955-ին, յարգելու համար յիշատակը իւրայատուկ այս Մեծ մարդուն, իր աղջկան` Մէյրիի եւ փեսային` Աւագ (Սթիվըն) Մեհակեանի կատարած նուիրատուութեամբ եւ գործօն օժանդակութեամբ Ստեփան Փիլիպպոսեանի, Պէյրութի մէջ կը հիմնուի Հայկազեան համալսարանը` Մերձաւոր Արեւելքի հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան (ՄԱՀԱԵՄ) եւ Ամերիկայի հայ աւետարանչական ընկերակցութեան (AMAA) կողմէ:
Հայկազեան համալսարանը, որ այս տարի կը նշէ նաեւ իր հիմնադրութեան 66-ամեակը, Լիբանանի եւ Հայաստանի մէջ շարք մը ձեռնարկներով կը յարգէ իր անուանակիրին նահատակութեան 100-ամեակը:
Յուլիս 7-ին համալսարանի պաշտօնական առցանց հարթակներուն վրայ պիտի տեղադրուի Կոմիտասի «Հով Արէք» տեսահոլովակը` կատարողութեամբ լիբանանահայ կիթառահար Մկրտիչ Միքայէլեանի եւ հայրենի սոփրանօ երգչուհի Լիաննա Միքայէլեանի: Հեռատեսիլի տեղական եւ արբանեակային կայաններէ պիտի սփռուին Արմենակ Հայկազեանի հոգեմտաւոր ժառանգութիւնը լուսարձակի տակ առնող հաղորդումներ: Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի Ցեղասպանութեան թանգարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ յիշատակի յատուկ ձեռնարկ:
Արմենակ Հայկազեանի մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել` http://www.haigazian.edu.lb/about-haigazian/our-history-heritage/ կայք: