Համա-ՀՄԸՄ-ական Ա. Առցանց Բանակումը` Արդիական Եւ Նորարար Աշխատանքի Նոր Ճիգ Մը
Յունիսի վերջին շաբաթավերջին` շաբաթ, 26 եւ կիրակի, 27 յունիս 2021-ին, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ համա-ՀՄԸՄ-ական Ա. առցանց բանակումը` Pan Homenetmen Online Jamboree-ն (PHOJ):
Իր տեսակին մէջ եզակի եւ իւրայատուկ այս բանակումին մասնակցեցան միութեան 25 շրջաններէն եւ Թեհրանի Հայ մշակութային «Արարատ» կազմակերպութենէն աւելի քան 1000 սկաուտներ (13 տարեկանէն վեր), որոնք հաճելին օգտակարին միացուցած` 24 անմոռանալի ժամեր անցուցին իրենց կողքին չեղող, բայց իրենց հետ եղող սկաուտներու, հիւրերու, զրուցավարներու եւ մասնագէտներու հետ:
Յունիսի վերջին շաբաթավերջին` շաբաթ, 26 եւ կիրակի, 27 յունիս 2021-ին, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ համա-ՀՄԸՄ-ական Ա. առցանց բանակումը` Pan Homenetmen Online Jamboree-ն (PHOJ):
Իր տեսակին մէջ եզակի եւ իւրայատուկ այս բանակումին մասնակցեցան միութեան 25 շրջաններէն եւ Թեհրանի Հայ մշակութային «Արարատ» կազմակերպութենէն աւելի քան 1000 սկաուտներ (13 տարեկանէն վեր), որոնք հաճելին օգտակարին միացուցած` 24 անմոռանալի ժամեր անցուցին իրենց կողքին չեղող, բայց իրենց հետ եղող սկաուտներու, հիւրերու, զրուցավարներու եւ մասնագէտներու հետ:
Առցանց Բանակումին Պաշտօնական Բացումը
Առցանց բանակումին պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 26 յունիսի երեկոյեան ժամը 5:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով): Բանակումին աշխատանքները ներկայացուցին եւ մասնակիցները ողջունեցին կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներ Ալիք Տէր Պետրոսեան-Մելքոնեան (Լիբանան) եւ Սարին Քէօսէեան (Քանատա): Ապա, կարճ տեսանիւթերով հնչեցին Հայաստանի եւ ՀՄԸՄ-ի քայլերգները:
Այնուհետեւ, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անունով, առցանց բանակումի մասնակիցներուն իր պատգամը ուղղեց ատենապետ Վաչէ Նաճարեան:
Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը իր խօսքին մէջ նշեց, որ աշխարհի դժուարին պայմաններուն մէջ կազմակերպուած առցանց այս բանակումը կ’արտացոլէ ՀՄԸՄ-ական սկաուտին կամքը եւ դաստիարակութիւնը: Ան ցոյց կու տայ նաեւ, թէ ինչպէ՞ս կը պատրաստուին վաղուան ղեկավարները:
Շարունակելով, Վաչէ Նաճարեան հաստատեց. «Ընդհանրապէս այսքան թիւով սկաուտներ առիթը կ’ունենան հաւաքուելու չորս տարին անգամ մը` համա-ՀՄԸՄ-ական բանակումներուն, բայց «Քորոնա»-ի ստեղծած կաշկանդումներուն պատճառով, որոշուեցաւ առցանց ստեղծել այս պատեհութիւնը` յուսալով, որ 2023-ին ֆիզիքապէս կարելի կ’ըլլայ յաջողցնել ֆիզիքական բանակումը»:
Ապա, Վաչէ Նաճարեան աւելցուց. «Յուսամ այս աշխատանքը ձեզի նոր եռանդ եւ ոգի կը ներշնչէ ՀՄԸՄ-ական աշխատանքներու միջոցով ծառայելու մեր ազգին ու հայրենիքին: Յուսամ նաեւ հոս ձեռք ձգած ձեր փորձառութիւնը կը տարածէք ձեր շրջանին մէջ եւ աղ ու հացի նման կը բաժնեկցիք ձեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն հետ»:
Սկաուտութեան դերին եւ առաքելութեան մասին խօսելով` Վաչէ Նաճարեան ըսաւ. «ՀՄԸՄ-ի սկաուտութիւնը, ինչպէս միշտ, կը շարունակէ մղիչ ուժը եւ տիպար օրինակը ըլլալ այս միութեան, եւ ես կը հաւատամ, որ դուք առիթ պիտի ունենաք դուք ձեզի զարգացնելու աստիճան մը եւս եւ աւելի գործօն անդամ դառնաք ազգային-հաւաքական մեր կեանքին մէջ»:
Աւարտին, Վաչէ Նաճարեան շնորհակալութիւն յայտնեց առցանց բանակումի կազմակերպիչ մարմինին, շրջաններուն մէջ գործող սկաուտական, վարչական եւ խմբապետական կազմերուն, որոնք ամէն ճիգ ի գործ դրին այս բանակումը յիշատակելի դարձնելու համար:
Վաչէ Նաճարեանի պատգամէն ետք, առցանց բանակումին աշխատանքները ընթացք առին մեծ խանդավառութեամբ:
Առցանց «Բանակավայր»-ը Եւ Աշխատանքի Եղանակը
Առցանց բանակումին բոլոր աշխատանքները կատարուեցան phoj.homenetmen.org ելեկտրոնային հարթակին` «բանակավայր»-ին մէջ, ուր գաղտնաբառով մուտք գործող սկաուտներ իրենց դիմաց կը գտնէին եօթը ենթաբաժիններ.- «Սկաուտական խաղեր», «Առողջապահութիւն», «Ղեկավարութիւն, «Կայուն զարգացման նպատակներ», «Հայաստանի շրջապտոյտ», «Զրոյց» եւ «Հայկական խոհանոց» անուններով: Որեւէ ենթաբաժին այցելելով սկաուտներ կը տեսնէին տուեալ մասնագէտին կամ մասնագէտներուն հետ «հանդիպում»-ի ժամեր: Կը բաւէր, որ անոնք հաստատէին որեւէ ժամ եւ այդ ժամէն 10 վայրկեան առաջ անոնք ե-նամակով կը ստանային որոշ կապ` «ներկայ գտնուելու» իրենց ճշդած հանդիպումին: Երկիրներու ժամերու տարբերութիւնները նկատի ունենալով` կարգ մը մասնագէտներ «բանակող» սկաուտներու հետ կը հանդիպէին քանի մը անգամ, տարբեր ժամերու տարբեր երկիրներու սկաուտներու լսելի դառնալու համար:
Ենթաբաժիններու Հիւր Մասնագէտները
Առցանց բանակումին եօթը ենթաբաժինները վարեցին հետեւեալ մասնագէտները` իրենց համապատասխան նիւթերով.
– Հայաստանի շրջապտոյտ.- հանրածանօթ հաղորդավար Գեւ Օրգեան (Անգլիա):
– Հայկական խոհանոց.- ճաշարանատէր, խոհարար Ալին Գամաքեան (Լիբանան):
– Առողջապահութիւն.- «30 վայրկեան մարզանք» Նայիրի Սիսեռեանի հետ (Ֆրանսա), եոկա` Արմէն Մէնէճեանի հետ (Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ):
– Կայուն զարգացման նպատակներ.- «Ծանօթանալ կայուն զարգացման նպատակներուն»` Թալին Մարգարեան (Արեւելեան Միացեալ Նահանգներ), «Կայուն զարգացման նպատակները սկաուտութեան մէջ»` Նարեկ Հաննէեան (Հայաստան), «Կայուն զարգացման նպատակներ»` Գէորգ Յակոբճեան (Վիեննա):
– Սկաուտական խաղեր.- Charades, Drawasaurus, GeoGuessr, Kahoot, Անուանէ՛ ակումբը, Ի՞նչ է երգը, Scavenger Hunt:
– Ղեկավարութիւն.- «Հաղորդակցութեան հմտութիւններ», «Զգացական բանականութիւն» եւ «Ղեկավարութեան զարգացում»` Յակոբ Էմրազեան (Քուէյթ), «Գեւ Օրգեանի յաջողութեան բանալին»` Գեւ Օրգեան (Անգլիա):
– Զրոյց.- «Հայկական հարց»` իրաւաբան Սեւակ Թորոսեան (Ֆրանսա), «Սփիւռքի մարտահրաւէրները եւ հնարաւորութիւնները»` թատերագիր, դերասան Վահէ Պէրպէրեան (Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ):
«ՀՄԸՄ Թի.Վի.»-ն
Եօթը ենթաբաժիններուն առընթեր, համա-ՀՄԸՄ-ական Ա. առցանց բանակումը ունեցաւ իրեն յատուկ պատկերասփիւռի կայանը` «ՀՄԸՄ Թի.Վի»-ն, որ երկուքական անգամ ներկայացուց շրջաններու եւ մասնակիցներու պատրաստած տեսանիւթերը (շրջաններու ծանօթացում, խարուկահանդէսներ, սկաուտներու ձիրքեր եւ այլն): Իւրաքանչիւր անգամ նկատի առնուեցաւ աշխարհագրական տարածքի յարմար ժամ մը (Միջին Արեւելք-Եւրոպա միասին, Արեւմտեան, Արեւելեան եւ Հարաւային Ամերիկաներ առանձին):
«ՀՄԸՄ Թի.Վի.»-ն ունեցաւ իր հիւրերը` Աւստրալիոյ Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգի վարչապետ Կլատիս Պէրէճիքլեանը, ֆիլմարտադրիչ Սեւ Օհանեանը (Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ), մանկաբուժ տոքթ. Ալին Պաղտասարեանը (Արեւելեան Միացեալ Նահանգներ), Գեղարդ ծ. վրդ. Քիւսպէքեանը (Քանատա) եւ «Միասին» ոչ-կառավարական կազմակերպութեան հիմնադիր Մարիա Սարգիսեանը (Հայաստան):
Առցանց Բանակումին Պաշտօնական Փակումը
24 ժամուան անընդմէջ գործունէութենէ ետք, համա-ՀՄԸՄ-ական Ա. առցանց բանակումը աւարտին հասաւ կիրակի, 27 յունիսի երեկոյեան ժամը 5:00-ին: Փակման ներկայ գտնուեցան բանակումին մասնակից սկաուտները, որոնց շնորհակալութեան եւ գնահատանքի խօսք արտասանեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ֆէտի-Խաժակ Գազանճեան: Գազանճեան դրուատեց առցանց բանակումին յաջողութեան համար աշխատած չորս յանձնախումբերու (ելեկտրոնային հարթակի ձեւաւորումներու` տիզայնի, թեքնիք աշխատանքներու, ընկերային ցանցերու եւ հարցազրոյցներու կազմակերպման) կամաւորները:
Ֆէտի-Խաժակ Գազանճեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ բանակումին յաջողութեան իրենց ներդրումը բերած հիւրերուն եւ մասնագէտներուն, որոնք 24 ժամ շարունակ կարողացան Հայ դատը, հայ մշակոյթը, Հայաստան աշխարհը եւ ՀՄԸՄ-ական արժէքները փոխանցել սկաուտներուն:
Այս առիթով իրենց սրտի խօսքերը ուղղեցին նաեւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ Օշին Փիրումեան եւ Թալին Օրտողլեան:
Առցանց բանակումը վերջ գտաւ երկու տարի ետք` 2023-ին, Բիւրականի մէջ իրարու հանդիպելու եւ համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ բանակումը իրականացնելու յոյսով եւ սպասումով: