Կիպրոսի Հայոց վարժարանի եւ եկեղեցւոյ համալիրը թրքական կրկնակ գրաւումին տակ

Horizon Weekly Newspaper

Թուրքիոյ գրաւումի տակ գտնուող հիւսիսային Կիպրոսը դուռը կը բանայ հիմնադրամին առջեւ, որուն նախագահը Սելճուք Պայրաքթարն է, Էրտողանին փեսան:

Երեքշաբթի 7 Նոյեմբերին Կիպրոսի հիւսիսը գրաւող թուրք ոյժին պարագլուխները դռնբացէքը կատարած են հայոց Մելիքեան-Ուզունեան Վարժարանին եւ Սբ.Աստուածածնայ եկեղեցւոյն շրջափակին մէջ:

Տասնեակ տարիներ առաջ USAID-ի եւ UNDP-ի բազմամիլիոն նպաստով կատարուած նորոգութիւնը որ կոչուած էր վերակենդանացնելու հայոց գաղութին երբեմնի կալուածը՝ ներառեալ մանկապարտէզի, նախակրթարանը, եկեղեցին եւ առաջնորդարանը: Նոր այս գրաւումը կը ծաւալի հիմնադրամի մը ձեռքով, որուն նախագահն է Սէլճուք Պայրաքթար որ ծանօթ դարձած է իբրեւ արտադրողը Պայրաքթար տրոններուն որոնք վճռական դերը կատարած են Արցախի 44 օրուան պատերազմին մէջ:

Կրնանք հարցնել թէ ինչո՛ւ ճիշդ հայ կալուածն է ընտրուած տարփողելու եւ սատարելու Պայրաքթարի հիմնադրամին «գիտական եւ կրթական նպատակները»: Կալուածին նորոգումը յղացուած էր նախապէս զայն դարձնելու համար հաշտութեան, փոխադարձ վստահութեան վերականգնումին եւ բնականոն համակեցութեան խորհրդանիշ մը: Այդ իսկ պատճառաւ վերջերս կատարուածը կը յարուցանէ վրդովմունք ու ընդվզում:

Կիպրացի թուրք որոշ լրատուները միջադէպին անդրադառնալով դատապարտած են զայն իրենց խմբագրականներուն մէջ, անոնցմէ մէկ քանին չվարանելով զայն իբրեւ գողութիւն որակելու: Միւսները իրենց զարմանքը յայտնած են որ միջադէպը որ եւ է հակադարձութեան կամ դատապարտումի չէ արժանացած:

Թուրքիոյ գրաւումին տակ գտնուող հիւսիսային Նիկոսիոյ Հայոց կալուածը Կիպրահայութեան համար զգացական եւ հոգեւոր գանձ մըն է: Կիպրահայերուն զգալի մէկ մասը Ցեղասպանութենէն վերապրածներուն շառաւիղներ են:

Երեքշաբթի օրուան հանդիսութեան ներկայ էին Թուրք Կիպրացի կառավարիչ Էրսին Թաթար, վերջինիս «նախարարները», առ գրաւեալ Կիպրոս Թուրքիոյ «դեսպան» Մէթին Ֆէյզիօղլու, Սէլճուք Պայրաքթար անձամբ, ինչպէս նաեւ բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաները:

Թուրքիոյ երիտասարտութեան եւ մարզանքի նախարար Օսման Աշգըն Պագ ընթերցած է նախագահ Էրտողանի մաղթանքը:

Մտահոգիչ այս անկիւնադարձը ի չիք կը դարձնէ UNDP-ACT-ին USAID-ին նպաստով 2009-2012ի նորոգութեամբ ուրուագծուած նպատակը՝ հասնիլ հաշտութեան եւ փոխադարձ վստահութեան: Յիշեցնենք որ հայոց համալիրի նորոգութեան գործը արժանացած է Europa Nostra 2015ի տարեկան մրցանակին:

Կիպրահայեր – Նիկոսիա, 10 Նոյեմբեր 2023

Սիմոն Այնէճեան