Կանանց Միջազգային Օրուան Տօնակատարութիւն
Վերջին երեք տարիներուն համաճարակի արգելափակման պատճառով առցանց նշելէ ետք Կանանց միջազգային օրուան գեղեցիկ տօնը, այս տարի վերջապէս մեծ խանդավառութեամբ ՀՕՄ -ի Մոնթրէալի Սօսէ եւ Լաւալի Շուշի մասնաճիւղերը միասնաբար կազմակերպեցին Կանանց Միջազգային օրուան տօնակատարութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Կիրակի, 19 Մարտ, 2023-ի ժամը 11-ին ներկայութեամբ 350 հոգի հաշուող ՀՕՄուհիներու, համակիրներու եւ բարեկամներու, Էմպըսի Բլազայի շքեղ սրահէն ներս:
Տօնակատարութիւնը սկսաւ Գանատայի, Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՕՄի քայլերգներով, որմէ ետք ներկաները կլոր սեղաններու շուրջ վայելեցին իրար հետ զրուցելով նախաճաշելու գեղեցիկ առիթը:
Հանդիսավար ընկերուհիներ՝ Սօսէ Պէօճէքեան եւ Ալին Հատիտեան ողջունելէ ետք պատուոյ հիւրերը՝ՀՀ Պատուոյ Հիւպատոս Տիար Լեւոն Աֆէյեանն ու ազնուափայլ տիկինը, Քէպէքի խորհրդարանի անդամներ տիկ. Սօնա Լախոյեան Օլիվիէն եւ տիկ. Միշէլ Սէթլաքուին, Լաւալի քաղաքապետարանի անդամ տիկ. Սեդա Թոփուզեանը ՀՕՄի Կեդր. Վարչութեան անդամներ՝ ընկհ. Արմինէ Կարապետեանը եւ ընկհ. Համեստ Սասունեան- Պէօճէքեանը, ՀՕՄ- ի Շրջ. Վարչութեան ատենապետուհի ընկհ. Լուսին Փալանճեանն ու Շրջ. վարչութեան անդամները եւ օրուան նախագահ՝ ընկհ. Լիւսի Շահինեանը, հակիրճ ձեւով ներկայացուցին Մարտ 8-ի Միջազգային Կանանց Օրուան ծագումին, նպատակներուն եւ գաղափարախօսութեան մասին: Անոնք յատկապէս անդրադարձան Հայ կնոջ կենսական դերին մասին սփիւռքի մէջ, որպէս հայ մեր գոյատեւման եւ ազգային ինքնութեան պահպանման ծիրէն ներս:
Ապա նշեցին, թէ ՀՕՄ ը իբրեւ Միջազգային ճանաչում ունեցող կանացի կազմակերպութիւն, մեծ ներդրում ունեցած է Հայ կնոջ քաղաքական եւ ընկերային իրաւունքներու եւ արժէքներու պահպանման մէջ: Այս յատկանշական տօնը առիթ կ’ընծայէ նաեւ լուսարձակի տակ առնելու հայ կնոջ արձանագրած նուաճումները ընկերային, տնտեսական, մշակութային, կրթական եւ քաղաքական մարզերէն ներս:
Յայտագրին սկիզբը, Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ ընկհ. Թամիկ Շամլեան Բարի գալուստի խօսք ուղղեց եւ շնորհաւորեց Քէպէքի խորհրդարանի անդամներ՝ տիկ. Սոնա Լախոյեան Օլիվիէն եւ տիկ. Միշել Սեթլաքուին, որոնց ջանքերով Քէպէքի Ազգային ժողովը միաձայնութեամբ ընդունեց Ադրբեջանի կողմէ Լաչինի միջանցքի շրջափակումը դատապարտող բանաձեւը։ Անոնք յաջորդաբար իրենց սրտի խօսքը եւ գոհունակութիւնը յայտնեցին այս առթիւ եւ ստացան գեղեցիկ ծաղկեփունջեր:
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Կեդրոնական վարչութեան անդամ ՝ ընկհ. Արմինէ Կարապետեան, որ յայտնեց, թէ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի կողմէ ստացած են ձեռագործ մը, որ արժեւորուած էր 1,500 տոլարով եւ որուն նպատակն էր օժանդակել Արցախի հայրենակիցներուն, ան ուրախութեամբ յայտարարեց թէ՝ ընկհ. Շաքէ Կէօնճեան սոյն ձեռագործ գնահատած է եւ այդ առթիւ նուիրած է 3,000 տոլար: Այս յայտարարութենէ ետք ձեռագործը յանձնուեցաւ ընկհ. Կէօնճեանին:
Ձեռնարկը շարունակուեցաւ գեղարուեստական յայտագրո։ Համազգայինի Անի պարախումբէն չորս պարողներ ներկայացուցին Element Bandի «Անծանօթ Սէրը»: Որմէ ետք բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան բանախօս՝ Դոկտ. Կարին Փափազեան- Զոհրապեանը։
Բանախօսը անդրադարձաւ վերջին տարիներուն հայ կնոջ դիմագրաւած դժուարութիւններուն՝ Արցախի պատերազմ, համաճարակ, երիտասարդ զաւակներու զոհաբերում, երկրաշարժ: Այս բոլորին ընդմէջէն հայ կինը ոյժ գտաւ ոտքի կանգնելու եւ զաւակ դաստիարակելու պարտականութիւնը լիովին կատարելու: Հայ մայրը իր զաւակները պէտք է դաստիարակէ որպէս հաւասարակշռուած մարդ եւ որպէս հայ, կերտելով ապագայի հայ սերունդը:
Դոկտ. Կարին նշեց, թէ կինը ընտանիքին սիւնն է ու հիմը եւ շեշտեց չորս կարեւոր գործնական քայլեր յաղթահարելու անցկութիւններն ու դժուարութիւնները՝ երբեք չզիչիլ մեր արժէքներէն եւ արժանապատուութենէն, զգացումներուն հետ առընչուիլ եւ խօսիլ, ստեղծագործութեան եւ արուեստին զարկ տալ եւ վերջապէս ընկերային կապեր հաստատել:
Բանախօսութեան աւարտին սոյն ձեռնարկի յանձնախումբի ատենապետուհի՝ ընկհ. Զեփիւռ Ասատուրեանի ձեռամբ ծաղկեփունջով մը շնորհակալութիւն յայտնուեցաւ Դոկտ. Կարին Փափազեանին:
Շարունակելով գեղարուեստական յայտագիրը օրիորդ Ռուբինա Քիւփէլեան, հիանալի ոճով ու առոգանութեամբ, ասմունքեց մեր մեծ բանաստեղծ Աւետիս Ահարոնեանի Հայ Լեզու կտորէն հատուած մը ուղղուած սփիւռքի հայ ժողովուրդի զաւակներուն, որ անսպառ պահեն հայ լեզուի եւ գրականութեան հայրենահրաշ աւանդութիւնները:
Ասմունքին յաջորդեց տիար Մեսրոպ Պէրէճիքեանի երկու երգերու կատարումը կիթառի ընկերակցութեամբ: Առաջինը՝ Սիլվա Կապուտիկեանի «Իմ Երեւան» իսկ երկրորդը՝ Արամայիս Սահակեանի «Հայոց Կանայք»:
Ձեռնարկը շարունակելով կարդացուեցաւ օրուան նախագահ՝ ընկհ. Լիւսի Շահինեանի կենսագրականը, ուր նշուեցաւ թէ ան եղած է գործօն անդամ ՀՕՄի Մոնթրէալի Սօսէ մասնաճիւղին մէջ եւ վարած է ատենապետուհիի պաշտօն: Ան մաս կազմած է նաեւ ՀՕՄի ընկերային ծառայութեան յանձնախումբին: Ներկայիս անդամ է Ս. Յակոբ Մայր եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան : Շնորհակալութիւն յայտնուեցաւ ընկհ. Լիւսիին եւ ան իր կարգին փոխանցեց իր սրտի խօսքը:
Նկատի առնելով որ Նորին Սուրբ Օծութիւն Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, 2023 տարեշրջանը հռչակեց Սփիւռքի տարի, ինքնաքննութենէ վերակազմակերպում, ձեռնարկի թեման պահելով նոյն լոզունքի տակ, մեր գաղութին մէջ գործօն եւ արուեստը վառ պահող արհեստավարժ երեք անձնաւորութիւններ գնահատանքի արժանացան, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր մասնագիտութեամբ, աւելի քան 2 տասնամեակներ յաջողած են մատղաշ սերունդներ թրծել եւ զանոնք հաղորդակից դարձնել հայ բեմին ու մշակոյթին:
Կենսագրականները ընթերցելէ ետք յաջորդաբար բեմ հրաւիրուեցան ու ծաղկեփունջերով գնահատուեցան արուեստի ու մշակոյթի մշակներէն երեք արժանաւոր տիկիններ, Համազգայինի Անի պարախումբի տարիներու պարուսոյց՝ տիկ. Եւա Հայրապետեան, արհեստավարժ բեմադրիչ, դերասանուհի եւ թատերարուեստի ուսուցչուհի տիկ. Նէնսի Իսսա եւ դաշնամուրի ու ձայնամարզութեան ուսուցչուհի եւ «Նոր Ծաղիկ» երգչախումբի ղեկավար՝ ընկհ. Էլիզապէթ Պտղունի -Հարպոյեան:
Անոնք յուզումի զգացումներով իրենց սրտի խօսքը փոխանցեցին ու շնորհակալութիւն յայտնեցին ՀՕՄ- ին ու ձեռնարկի յանձնախումբին այս գնահատանքին համար:
Շնորհաւորելէ ետք գնահատուող տիկինները, ձեռնարկի աւարտին յայտարարուեցաւ թէ ձեռնարկի տոմսերէն գոյացած 1,500 տոլարի գումարը պիտի յատկացուի երկրաշարժէն տուժած Սուրիահայութեան: Շնորհակալութեան խօսքեր ուղղուեցան ՀՕՄ ի Օթթաուայի Սեւան մասնաճիւղի վարչական անդամներուն, որոնք ներկայ գտնուեցան սոյն ձեռնարկին, լուսանկարիչ տիար Արմէն Ալէմեանին եւ ծաղկեփունջերու պատասխանատու ընկհ. Նայիրի Ֆռունճեանին, ձեռարկի կազմակերպիչ յանձնախումբին եւ բոլոր ներկաներուն, որոնք քաջալերեցին ՀՕՄ-ը իրենց ներկայութեամբ:
Քրիստին Աֆարեան
Comments are closed.