«Լեմքին» Հիմնարկը Փաշինեանի Վերջին Յայտարարութիւնները Թրքական Ժխտողական Խօսոյթներուն Կրկնութիւնը Կը Համարէ

Horizon Weekly Newspaper

Ցեղասպանութեան կանխարգիլման «Լեմքին» հիմնարկը հրապարակեց յայտարարութեան մը, որուն մէջ կ՛անդրադառնայ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ վերջին յայտարարութիւններուն եւ կը շեշտէ, որ անոնք թրքական ժխտողական խօսոյթին կրկնութիւնն են:

«Նրա անիմաստ յայտարարութիւններն անտեսում են, ի թիւս այլոց, թուրք, գերմանացի, բրիտանացի, ամերիկացի եւ հայ գիտնականների՝ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ տասնամեակների պատմական հետազօտութիւնները, խոչընդոտում Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերի արդարութեան համար շարունակուող պայքարին եւ ստեղծում վտանգաւոր աշխարհաքաղաքական դինամիկա (ուժաբանութիւն), յատկապէս Ադրբեջանի կողմից արցախահայերի նկատմամբ ցեղասպանութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեանը սպառնացող շարունակական սպառնալիքների համատեքստում…

«Այս վերջին յայտարարութեան մէջ մեզ յատկապէս ապշեցրել են վարչապետի՝ եւս մէկ անգամ անուղղակիօրէն Ցեղասպանութիւնն արդարացնելու (մասնաւորապէս՝ «ինչո՞ւ դա տեղի ունեցաւ» հարցը տալով) եւ հայերին իրենց միջսերնդային յիշողութիւնը, կեանքի փորձը, պատմական ուսումնասիրութիւնները եւ թեմայի նկատմամբ զգայունութիւնը կասկածի տակ դնելու փորձերը («ի՞նչ է տեղի ունեցել, ինչպէ՞ս ենք մենք դա ընկալել եւ ո՞ւմ միջոցով ենք դա ընկալել» հարցը տալով)…

«Կասկածի տակ դնելով Ցեղասպանութեան համար Թուրքիայի պատասխանատուութիւնը, ինչպէս նաեւ Ցեղասպանութեան կարգավիճակն ու կարեւորութիւնը՝ Փաշինեանը եւս մէկ անգամ աջակցում է թուրքական եւ ադրբեջանական ժխտողական խօսոյթներին: Սա վտանգաւոր խաղ է, քանի որ սպառնում է Հայաստանի հարեւաններին խրախուսել ընդդէմ Հայաստանի գործողութիւնների… Սա կարող է օգնել հող նախապատրաստել Թուրքիայի եւ Ադրբեջանի կողմից հայերի դէմ հետագայ ցեղասպանութեան համար՝ ջնջելով անցեալի վայրագութիւնների համար պատասխանատուութիւնը…

«Յոյսով ենք, որ Հայաստանի վարչապետը կը պարզաբանի Ցեղասպանութեան վերաբերեալ իր յայտարարութիւնները եւ կաշխատի կանխելու իր եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտողների յայտարարութիւնների միջեւ որեւէ նմանութիւն ապագայում», կ՛ըսուի «Լեմքին» հիմնարկի յայտարարութեան մէջ: