Իսլամացուած տերսիմցի հայերու մասին «Վանքի զաւակները» վաւերագրական ժապաւէնը պիտի ցուցադրուի Մոնթրէալի մէջ
18 Նոյեմբեր 2017-ին, կազմակերպութեամբ Պոլսահայ Մշակութային միութեան, Թէքէեան մշակութային միութեան, Համազգայինի «Սանահին» մասնաճիւղի եւ Հայ Բարեգործական Ընդհանուր միութեան, Մոնթրէալի մէջ տեղի պիտի ունենայ Տէրսիմի իսլամացած հայերու մասին «Վանքի զաւակները» վաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութիւնը: Ֆիլմի աւարտին տեղի պիտի ունենայ նաեւ հեռակայ կապով հարց-պատասխան բեմադրիչ Նեզահաթ Կիւնտողանի հետ: Ֆիլմը պիտի ցուցադրուի Պոլսահայ Մշակութային միութեան կեդրոնի սրահին մէջ, հասցէ՝ 2855 Victor Dore, Montreal։ Մուտքի նուէր՝ 10 տոլար։
«Վանքի զաւակները» վաւերագրական ժապաւէնը կը պատմէ‚ թէ ի՛նչ տեղի ունեցաւ Տերսիմի մէջ 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութենէն եւ 1937-1938-ի Տերսիմի ջարդերէն ետք։ Ըստ այս վաւերագրական ժապաւէնին‚ վերոնշեալ երկու աղէտներէն վերապրած հայերը թրքական կառավարութեան կողմէ աքսորուած են Թուրքիոյ տարածքին այլ վայրեր։
Թրքական կառավարութեան կողմէ կիրարկուած բռնի թրքացման ու իսլամացման քաղաքականութեան պատճառով վերապրողներուն հայկական անունները փոխուած են եւ անոնց տրուած՝ թրքական անուններ։ Ապա անոնց ստիպած են իսլամանալ՝ արտասանելով «Շահատէ»ն՝ իսլամութեան կրօնափոխ եղող բոլորին կողմէ յայտարարուած իսլամական հաւատքի հրապարակաւ արտասանութիւնը։ Անոնցմէ ոմանք մեծցած են իբրեւ ալեւիներ՝ ալեւիական ընտանիքներու մէջ։
Ժապաւէնը կը կրէ անունը Սուրբ Կարապետ վանքին‚ որ կը գտնուի Տերսիմի Հալվորի (Վանք) գիւղին մէջ։ Սուրբ Կարապետ վանքը‚ որ կը կարծուի կառուցուած ըլլալ 9-րդ դարուն, Տերսիմի մէջ պաշտամունքի հայկական միակ վայրն է‚ որ Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին չէր քանդուած։ Վանքը 1937-ին ռմբակոծուեցաւ եւ քանդուեցաւ թրքական ուժերու կողմէ։ Վանքին հայ հոգեւոր հովիւը ձերբակալուեցաւ եւ ապա բիրտ կերպով սպաննուեցաւ գիւղին մէջ հայերու եւ քըզըլպաշ-ալեւիներու կողքին։
Ֆիլմի արտադրիչ Քազիմ Կիւնտողան կը յայտնէ. «Թրքական պետութիւնը 1937-1938-ի ցեղասպանութեան ընթացքին ամբողջ Տերսիմի տարածքին թիրախ դարձուց բոլոր քըզըլպաշ-ալեւիները‚ ինչպէս նաեւ այդ գիւղին մէջ քրիստոնեայ համայնքը: Գրեթէ բոլորը սպաննուեցան։ Ահա թէ ինչո՛ւ‚ Տերսիմի ցեղասպանութենէն 75 տարի ետք այդ մարդոց պատմութիւնը կոչեցինք «Վանքի զաւակները»։
Ժապաւէնի հետազօտողներ Քազիմ Կիւնտողան եւ Նեզահաթ Կիւնտողան, այդ երկու ցեղասպանութիւններէն վերապրածներուն հետքերը հետաքննեցին Քոնիայի‚ Պոլուի‚ Պոլսոյ‚ Իզմիրի ու Տերսիմի մէջ‚ եւ անոնց հետ հարցազրոյցներ կատարեցին։ Քազիմ Կիւնտողան նաեւ Տերսիմի հայերուն մասին «Վարդապետին զաւակները՝ Տերսիմի հայերը» խորագրով գիրք մը գրեց։
Ահմետ Աք‚ որ իր մեծ մօր հայկական ինքնութեան մասին կ’իմանայ ժապաւէնին մէջ, կ’ըսէ. «Կը կարծեմ‚ որ այնքան կը վախնար‚ որ մեզի ոչինչ յայտնած է։ Այս հողերուն վրայ հայ ըլլալը շատ դժուար է։ Եւ անոնք այդ դժուարութիւնները անձնապէս այնքան խոր կերպով ապրեցան»։
Քազիմ եւ Նեզահաթ Կիւնտողան նաեւ արտադրած են երկու վաւերագրական ժապաւէններ 1938-ի Տերսիմի ջարդին մասին՝ «Մազի երկու խուրց՝ Տերսիմի կորսուած աղջիկները» (2010) եւ «Անցեալին մէջ չթաղուած» (2013)։ 2012-ին‚ անոնք հրատարակեցին պատմագրական գիրք մը՝ «Տերսիմի կորսուած աղջիկները»‚ որ կը պարունակէ հարիւրաւոր պատմութիւններ‚ ինչպէս նաեւ շարք մը փաստաթուղթեր‚ որոնք կը նկարագրեն ցաւալի կեանքը Տերսիմէն վերապրած մանուկներուն‚ որոնք ջարդէն ետք առեւանգուած են թուրք զինուորներու կողմէ։
Վաւերագրական ժապաւէնին ամբողջացումը տեւած է չորս տարի։
Ըստ Նեզահաթի‚ վաւերագրական ժապաւէնը սոսկ ժապաւէն մը չէ‚ անիկա տեսաժապաւէններու արտադրիչներու կողմէ «ճշմարտութեան համար պայքար մըն է»: