ԸՆԿԵՐՎԱՐ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ԶՕՐԱՎԻԳ՝ «ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ» ՇԱՐԺՈՒՄԻՆ ԵՒ Հ․Յ․Դ․ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆԻՆ
ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Մայիսի վերջաւորութեան եւ յունիսի սկզբնաւորութեան Հայաստանի ազգային ընդդիմադիր ուժերը համախմբող “Դիմադրութիւն» շարժումին նախաձեռնած անհնազանդութեան քայլերը, հանրահաւաքները, իրազեկման երթերը եւ ինքնաշարժներով երթերը յատկանշուեցան արտակարգ աշխուժութեամբ: Ակնյայտ էր, որ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները սկսած էին կորսնցնել իրենց գոյութիւնը արդարացնող յենարանները, բացի ոստիկանութեան եւ անվտանգութեան համակարգերէն: Վերջիններս իրենց վրայ վերցուցին ժողովրդային անհնազանդութիւնը ճնշելու բեռը: Դժբախտաբար վերջին ցոյցերուն ընթացքին ոստիկանութեան եւ անվտանգութեան համակարգի աշխատողներուն կողմէ կիրարկուեցաւ բիրտ եւ անհամաչափ ուժ:
5 Յունիսի տուեալներով, ըստ Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ եւ «Դիմադրութիւն» շարժումի համակարգող Իշխան Սաղաթէլեանի, շարժումին մասնակից շուրջ 2100 հոգի բերման ենթարկուած էր ոստիկանութեան տարբեր բաժանմունքներ: Բայց որովհետեւ ոչ բոլոր բերման ենթարկուածներուն վերաբերեալ փաստաթուղթեր պատրաստուած են, շատ հաւանական է, որ բերման ենթարկուածներուն իրական թիւը հասած ըլլայ 2500: Իշխան Սաղաթէլեան յատուկ յայտարարութիւն մը հրապարակելով նշած է, որ 25 ապրիլէն մինչեւ 5 յունիս ձերբակալուածներուն թիւը կը հասնի 48 հոգիի, որոնցմէ 24-ը կալանաւորուած են: Փաստօրէն, ներկայիս Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ կը գտնուին մօտ հինգ տասնեակ քաղաքական բանտարկեալներ, ներառեալ մինչեւ «Դիմադրութիւն» շարժումին սկզբնաւորութիւնը կալանաւորուածները: Տակաւին չխօսինք վերջին օրերուն ընթացքին Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ «Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռի կայանի տնօրէն Բագրատ Եսայեանի եւ Հ․Յ․Դ․ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան անդամ Գառնիկ Մելքումեանի ապօրինի ձերբակալութեան մասին: Մանաւանդ Եսայեանի ձերբակալութիւնը յառաջ բերաւ խոր ընդվզում Հայաստանի լրագրական ընտանիքին կողմէ: Եւ երեւի ընդվզումի մթնոլորտին շնորհիւ էր, որ օր մը ետք Եսայեանը եւ Մելքումեանը ազատ արձակուեցան, եւ որոշուեցաւ այլեւս չկալանաւորել զիրենք՝ այդ գծով իրաւական հիմքերու չգոյութեան համար:
Նաեւ դժբախտաբար այստեղ պէտք է նշել, որ վերոնշեալ քաղաքական բանտարկեալներուն մէջ քիչ չէ թիւը դաշնակցական երիտասարդներու՝ Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի երիտասարդական միութեան անդամներու, որոնք Արցախեան Բ. պատերազմին մասնակիցներուն շարքին էին: Յստակ է ուրեմն վարչամեքենային հետապնդած նպատակը՝ ամէն գնով կոտրել «Դիմադրութիւն» շարժումին կամքը: Այս նպատակին հասնելու համար ոստիկանութիւնը ցոյցերէն մէկուն ընթացքին նոյնիսկ չվարանեցաւ յատուկ միջոցներ՝ լուսաձայնային ռումբեր կիրարկելու ցուցարարներուն դէմ: Այս բոլոր բռնաճնշումները, ապօրինի ձերբակալութիւններն ու անհամաչափ ուժի կիրարկումը տեղի ունեցաւ այնպիսի պայմաններու մէջ, երբ միջազգային ընտանիքը, մարդկային իրաւանց կազմակերպութիւնները գրեթէ խուլ ականջ դարձած էին ի տես այս անիրաւութիւններուն…
Միայն միջազգային ընկերվարական շարժումի յառաջատար ուժերէն՝ Ընկերվար երիտասարդներու միջազգային միութիւնն (IUSY) էր, որ 30 Մայիսին խիստ ոճով յայտարարութիւն մը հրապարակելով անվերապահօրէն դատապարտեց Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ ցուցարարներուն դէմ կիրարկուած բռնի ուժը, ինչպէս նաեւ համերաշխութիւն յայտնեց իրեն անդամ Հ․Յ․Դ․ Երիտասարդականի անդամներուն, որոնցմէ շատեր ներկայիս աշխուժ դերակատարութիւն ունին «Դիմադրութիւն» շարժումին մէջ, իսկ անոնցմէ կարեւոր թիւ մըն ալ վարչակարգի բանտերը կը գտնուի:
Զօրակցութիւն յայտնելով «Դիմադրութիւն» շարժումին եւ մտահոգութիւն ցուցաբերելով հայաստանեան վերջին իրադարձութիւններուն նկատմամբ՝ Ընկերվար երիտասարդներու միջազգային միութիւնը իր յայտարարութեան մէջ կը նշէ, որ շաբաթներէ ի վեր Հայաստանի քաղաքացիները ցոյցեր կը կատարեն՝ պահանջելով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը: Այս ցոյցերը եւ անհնազանդութեան շարժումները պայմանաւորուած են Հայաստանի կառավարութեան որդեգրած արտաքին քաղաքականութեամբ, մասնաւորաբար արցախեան տագնապին ուղղութեամբ որդեգրուած քաղաքականութեամբ: Ցուցարարները կը պահանջեն հաւաստիացնել, որ Արցախը երբեք մաս պիտի չըլլայ Ատրպէյճանին, նաեւ առաջնահերթութիւն պիտի նկատուի արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքը եւ անկախութիւնը:
Ընկերվար երիտասարդներու միջազգային միութեան յայտարարութեան մէջ կ՛ընդգծուի նաեւ, որ հայ ժողովուրդին համար անընդունելի նկատուող բանակցութիւններու խորապատկերին վրայ, ներկայիս Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող ցոյցերը կը զուգակցուին քաղաքացիներու անօրինական ձերբակալութիւններով, բիրտ ուժի ակնյայտ կիրարկումով եւ ոստիկանութեան անհամաչափ ներկայութեամբ: Բողոքի ցոյցերուն մէջ ղեկավար ներկայութիւն եղող Հ․Յ․Դ․ ուսանողական եւ երիտասարդական միութիւններու անդամները քանի մը շաբաթէ ի վեր կը սպասեն իրենց դատավարութեան: Հետեւաբար Ընկերվար երիտասարդներու միջազգային միութիւնը խստիւ կը դատապարտէ Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ իրականացուող անհիմն ձերբակալութիւնները եւ խաղաղ ցուցարարներուն նկատմամբ բիրտ ուժի գործադրութիւնը: Կը դատապարտուի նաեւ կառավարութեան կողմէ քաղաքացիներու իրաւունքներու խախտումները: Միջազգային միութիւնը համերաշխութիւն կը յայտնէ Հ․Յ․Դ․ Երիտասարդականի իր ընկերներուն, որոնք ներկայիս բանտարկուած են, եւ ուշադրութեամբ կը հետեւի անոնց դատավարութեան ընթացքին (Ընկերվար երիտասարդներու միջազգային միութեան յայտարարութեան ամբողջութիւնը կարդալ հետեւեալ կապով. http://iusy.org/category/home/protests-in-armenia-solidarity-with-the-comrades-of-arf-youth/):
IUSY-ն ներկայիս աշխարհի մեծագոյն երիտասարդական կազմակերպութիւններէն մէկն է, եթէ ոչ մեծագոյնը: Անոր ընդմէջէն աշխարհի զանազան երկիրներէ երիտասարդական քաղաքական կազմակերպութիւններու անդամներ կը փորձարկեն ընկերվարական եւ ժողովրդավարական քաղաքականութիւնները: Ուստի գաղափարականօրէն երբեք զարմանալի պէտք չէ թուի այս կազմակերպութեան կողմէ հայաստանեան վերջին իրադարձութիւններուն գծով այսպիսի խիստ ոճի յայտարարութիւն, մանաւանդ որ միութիւնը իր սկզբունքային եւ գաղափարական դիրքորոշումներու շարքին կը նշէ, թէ ինք «կը գնահատէ մարդու հիմնական իրաւունքներու, արժանապատուութեան եւ ազատութիւններուն նկատմամբ յանձնառութիւնը: Ժողովրդավարութիւնը, օրէնքի գերակայութիւնը եւ արդարութիւնը պէտք է պաշտպանուին բոլոր ժամանակներուն»
Աշխարհի յառաջդիմական եւ ընկերվարական երիտասարդներուն կողմէ երախտիքի արժանի եղող կեցուածք մը՝ դիմադրութեան դրօշ բարձրացուցած մեր ժողովուրդին եւ երիտասարդութեան նկատմամբ: