Երեւանի մէջ բացումը կատարուած է «Արարատ-73» 50-ամեակին նուիրուած լուսանկարչական ցուցահանդէսին
ԵՐԵՒԱՆ, 28 Մարտ – Sputnik. Երեւանի մէջ բացումը կատարուած է «Արարատ-73»ի 50-ամեակին նուիրուած լուսանկարներու ցուցահանդէսին: Հայաստանի Նկարիչներու միութեան ցուցասրահին մէջ ներկայացուած են Խորհրդային Միութեան ֆութպոլի բաժակի տիտղոսակիր խումբին պատմութեան լաւագոյն դրուագները։ Զանոնք անուն առ անուն կը ճանչնան ոտնագնդակի ամէնէն երիտասարդ երկրպագուներն իսկ։
Ցուցահանդէսի բացման արարողութեան մասնակցած են «Արարատ-73»ի խաղացողներէն չորսը՝ Սերգէյ Բոնդարէնկօն, Սերգէյ Պօղոսեանը, Եդուարդ Մարգարովը եւ Նորիկ Մեսրոպեանը։
Ցուցահանդէսին ներկայացուած են լուսանկարներ Հերբերտ Պաղտասարեանի (1937-2007) արխիւէն։ Ան այդ տարիներուն Հայկական ԽՍՀ (Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութիւն) պետական «ԱՐՄԵՆՓՐԵՍ» լրատուական գործակալութեան լուսանկարիչն էր։ Լուսանկարներ եղած են նաեւ անոր եղբօր` Մելիք Պաղտասարեանի արխիւէն:
ԿԳՄՍ (Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի եւ Սպորտի) փոխնախարար Կարէն Գիլոյեան ցուցահանդէսի բացման արարողութեան ընթացքին յոյս յայտնած է, որ «Արարատ»ի անունը կրկին պիտի հնչէ ամենաբարձր հարթակներու վրայ։
Գիլոյեան յիշած է նաեւ 1975 թուականին «Արարատ»ի յաղթանակը՝ ԽՍՀՄ (Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութիւնների Միութիւն) բաժակի խաղարկութեան եւ երկրպագուներու ջերմ երջանկութիւնը:
«Ոտնագնդակի այս ակումբը ապացուցել է, որ մենք թիմային մարզաձեւերում նոյնպէս կարող ենք յաջողութեան հասնել։ Որտեղ կայ աշխատանք, կայ նաեւ արդիւնք: Մեր թիմերի յաղթանակներն իրենց սպասեցնել չեն տայ», յայտնած է ան։
Նշենք, որ Հերբերտ եւ Մելիք Պաղտասարեաններու արխիւային 100 լուսանկար տպագրուած են Արսէն Կակոսեանի «Ֆուտբոլին յաջորդող գիշերը (երկրպագուի օրագիր)» գրքին մէջ։
Comments are closed.