«Ես Օր Մը Անպայման Կու Գամ Ու Կը Մնա՛մ Հայաստան». Սեդա Մխիթարեան, «Արի տուն-2017»ի մասնակից
Մեկնարկեց ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն-2017» ծրագիրը, որուն ծիրէն ներս աշխարհի տարբեր երկիրներէ Հայաստան ժամանած հայ աղջիկներն ու պատանիները այցելեցին Սփիւռքի նախարարութիւն, ուր անոնց բարեմաղթանքի ոգեւորիչ խօսքերով ողջունեց Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: Ծրագիրի մասնակիցներէն երկուքին հետ «Հայերն այսօր»-ին համար ծաւալած փոքրիկ հարցազրոյցներուն ընթացքին անհնար էր չնկատել երեխաներու յուզմունքը, կարօտը, Հայաստանի տեսարժան վայրեր այցելելու անհամբերութիւնը:
Սեդա Մխիթարեան, 18 տարեկան, ՌԴ, Նովոսիպիրսկ
-Ես ծնած եմ Հայաստան: Երեք տարեկան եղած եմ, երբ մեր ընտանիքը տեղափոխուած է Ռուսաստան: 15 տարի անց կրկին Հայրենիքի մէջ եմ` իմ ծննդավայրս. շատ յուզուած եմ: Դուրսը ապրելով հանդերձ` շարունակ երազած եմ գալ Հայաստան, տեղափոխուիլ մեր երկիր: Մեր ընտանիքը հայախօս է, մայրս ուսուցչուհի է տեղի կիրակնօրեայ հայկական դպրոցին մէջ, ես ալ կը յաճախեմ այդ դպրոցը: «Արի տուն» ծրագիրին մասին շատ լսած եմ մեր համայնքին մէջ, եւ ահա, այս տարի, որոշեցի մասնակցիլ: Հիւրընկալուած եմ շատ ջերմ, հիւրընկալ հայկական ընտանիքի մը մէջ: Շատ հետաքրքրուած եմ Գառնիի տաճարով. կ’ուզէի ամէնէն առաջ այցելել այնտեղ: Ես պատմութիւն շատ կը սիրեմ, կարդացած եմ մեր պատմութեան բարդ ու տառապանքներով լեցուն, նաեւ` յաղթական էջերը: Ինծի շատ կը հետաքրքրեն ճարտարապետական հինաւուրց կոթողները: Կ’ուսանիմ Նովոսիպիրսկի պետական մանկավարժական ինստիտուտին մէջ` լրագրողի մասնագիտութեամբ, կ’աշխատիմ ձեռք բերել հնարաւորինս լաւ գիտելիքներ եւ հմտութիւն` յետագային իմ լրագրողական աշխատանքով աշխարհին ներկայացնել Հայաստանն ու հայ մեծերը: Այն Հայաստանը, որուն մասին կարդացած եմ գիրքերու մէջ, որուն ծանօթացած եմ ֆիլմերու միջոցով, այսօր իր դրախտային դռները բացած է առջեւս. երջանիկ եմ, որ սեփական աչքերով կը տեսնեմ ու կը զգամ Հայաստանը: Ես օր մը անպայման կու գամ ու կը մնա՛մ Հայրենիքի մէջ:
Տիգրան Սաղումեան, 15 տարեկան, Ղազախստան, Ատրաու
-Առաջին անգամ, երբ լսեցի այս ծրագիրին մասին, անհամբեր կը սպասէի, որ իմ տարիքս համապատասխանէ մասնակցութեան անհրաժեշտ չափանիշներուն, որպէսզի ընդգրկուիմ այդ ձեռնարկներուն: Հիմա շատ ուրախ եմ, որ ծրագիրին մասնակից եմ արդէն: «Արի տան» մասին լսած եմ հեռուստատեսութեամբ, ընկերներէս: Հայաստան յաճախ կու գամ. Վանաձորի մէջ կ’ապրին իմ պապիկս ու տատիկս, մօրաքոյրներս: Հայաստանի մէջ շատ լաւ ընկերներ ունիմ, յոյսով եմ, որ այս ծրագիրի ծիրէն ներս եւս լաւ ընկերներ ձեռք կը բերեմ:
Զրուցեց Կարինէ Աւագեան