Եռաբլուրէն Ազատութեան Հրապարակ
1911
0
«Մարդիկ իրենց 20 ամեակի տարեդարձները ռեստորաններում են տօնում, մենք եռաբլուրում ենք բալե՜ս…: Մարդիկ իրենց 20 ամեայ տարեդարձները ռեստորաններում են տօնում բալե՜ս, իսկ մենք՝ եռաբլուրում, բալե՜ս, ա՜խ բալե՜ս, ցաւդ տանեմ բալե՜ս…»: Ողբացող մօր հեկեկանքին ձայնը ձիւնախառն մրրիկին հետ եկաւ ու ոսկորներս ծակեց…:
Նորօրեայ նահատակ, հայրենադարձ երիտասարդ Կարօ Յովակիմեանի քառասունքին առթիւ հաւաքուածներս մեր հայեացքները մեզմէ քանի մը գերեզման հեռու, ծնկաչոք տղուն նկարը շոյող մօր ուղղեցինք ու բնականաբար աւելի յուզուեցանք…: Տղուն տարեդարձն էր փաստօրէն…: Երեք հոգիով եկած էին «տարեդարձ նշելու»:
Քանի մը րոպէ ետք, անսպասելիօրէն մեր խումբէն մէկը երգելու կը սկսի՝ «Ախ Ֆետայինե՜ր, ջան ֆետայիներ, ձեր մայրերը ձեզ ղուրպան, Մշոյ սուլթան Սուրբ կարա, կարապետ, թող, թող….» Կարոյին մեծ հայրն է, որ երգով փորձեց իր վիշտը արտայարտել, բայց վիշտը խեղթեց ծերունիին կոկորդը ու աչքերէն հոսող արցունքները արտասուքի վերածուեցան: Լացինք բոլորս, տղամարդի՛կ ու կանա՛յք, հայաստանցիք ու սփիւռքահայեր, լացինք միասնաբա՛ր: Ձիւնը կը շարունակէր տեղալ, կը տեղար առատօրէ՛ն, կարծես մեր այրող հոգիները կ՛ուզեր զովացնել: Ցաւի, ողբի ու ափսոսանքի կրակ կայ մեր հոգիներուն մէջ:
Միայն հինգ գոյն կը գերիշխէ եռաբլուրին վրայ՝ Իւրաքանչիւր գերեզմանի վրայ բարձրացող եռագոյնը, կարմիր ու սպիտակ մեխակները, սեւ տապանաքարերն ու ամէն ինչ ծածկող ձիւնի սպիտակը: Գոյներու այս համադրումին մէջ բազմաթիւ մարդոց եռուզեր կայ, լուռ բայց նեղացուցիչ եռուզեր, ինչու՞ այսքան մարդ կայ այստեղ, ինչու՞ այսքան մարդ պէտք է ըլլար այստեղ…:
Հարազատներով կ՛ողջագուրուինք ու մեր ճամբան կը բռնենք դէպի դուրս: Ու ահա մեր դիմաց հայր ու մայր մը կը քալեն գլխիկոր ու արցունքոտ աչքերով: Հայրը իր մէկ ձեռքով մե՛ծ շրջանակ մը կուրծքին սեղմած, միւս ձեռքով ցաւէն կքած տիկնոջ ձեռքէն բռնած կը քալէ մեր ուղղութեան հակառակ: Շջրանակին նկարին կողմը ալեհեր մարդուն կուրծքին սեղմուած է, չե՛մ տեսներ ո՛վ ըլլալը: Վստահաբար նահատակ տղուն նկարն է: Շրջանակը պիտի տանի ու տապանաքարին վրայ հանգչեցնէ հազարներ հաշուող պայծառ դէմքերուն կողքին աւելնալու:
Ամբողջ սրտովս կ՛ուզեմ տեսնել նահատակին նկարը, բայց հայրը այնքան ամուր սեղմած է կուրծքին, որ թէեւ դիտմամբ ճի՛շդ քովէն կ՛անցնիմ ու անմիջապէս ետեւ կը նայիմ տեսնելու նկարը, ափսոս բան չեմ տեսներ: Կարեւոր չէ…բոլորը անխտիր մեր լուսաւոր տղաքն են…:
Ահաւոր ծանրութիւն մը կուրծքս պատած, շնչելու դժուարութեամբ կը հասնիմ մեքենայիս ու կը փորձեմ դուրս գալ Եռաբլուրէն: Բլուրէն դէպի պողոտայ տանող ճամբու աւարտին ճանապարհային ոստիկանները դուրս ելլել փորձող մեքենաները կը կեցնեն ու յանկարձ ինքնաշարժներու շարասիւն մը ներս կը մտնէ: Ըստ երեւոյթին նահատակի մը հուղարկաւորութիւնն է: Հայաստանեան թիբիկ նիվա մեքենաներ, իւրաքանչիւր մեքենայի առջեւ մեխակներով մեծ տառ մը գրուած ու բարձրացուած է: Կը սկսիմ կարդալ՝ առաջին մեքենային վրայ՝ Հ, երկրորդին՝ Ա, երրորդին Մ, Չորորդին՝ Ո, հինգերորդին վրայ տառ չէ գրուած, այլ թուական՝ 2000 ու ետեւէն շտապ օգնութեան մեքենայ մը ու ապա սովորական տասնեակ մեքենաներ:
Պատերազմէն գրեթէ չորս ամիսներ ետք, տակաւին եռաբլուրի մէջ օրական դրութեամբ մեր անմահացած տղոց հուղարկաւորութիւններ տեղի կ՛ունենան…Չորս ամիս ետք, օրական թաղում կայ եռաբլուր, անհաւատալի ու նոյնքան ցաւալի…իսկ հիմա 2000-ին ծնած ՀԱՄՈ-ին յուղարկաւորութիւնն էր…:
Եռաբլուրէն դէպի «Ազատութեան» Հրապարակ կը հասնիմ ու կը միանամ այս ողբերգութեան վերջ տալու եւ մեր կոտրուած մէջքը շտկելու ձգտող հազարներու հանրահաւաքին: Ցաւի, ողբի, կորուստի, յուսահատութեան, եւ ափսոսանքի զգացումները մէկ կողմէն, յոյսի, կամքի եւ այս ծանր ճգնաժամէն դուրս գալու վճռակամութեան զգացումները միւս կողմէն կ՛ալեկոծեն ամբողջ էութիւնս: Եռաբլուրին ու հրապարակին միջեւ հիմնական հասարակ յայտարար մը կը փորձեմ գտնել ու երկար փնտռտուքէ ետք կը գտնեմ այդ: Հիմնական յայտարարը լուսաշող նահատակներուն եւ ցուցարարներուն ԱՉՔԵՐՆ էին որոնցմէ մէ՛կ ու յստա՛կ պատգամ կ՛ուգար՝ ՊԱՅՔԱՐԻԼ:
Գէորգ Յակոբճեան
20 Փետրուար 2021 – Երեւան