Գանատայի ՀՕՄ-ի հեծելարշաւ-նուիրահաւաքին գոյացած 25 հազար տոլարը պիտի նուիրուի «Զինուորի Տուն»վերականգնողական կեդրոնին

ՀՕՄ-ի  Գանատայի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութեամբ ՝ երկու հայորդիներու Խորէն Մարտոյեանի եւ Ռաֆֆի Տէմիրճեանի ձեռնարկած  հեծելարշաւ դրամահաւաքը ի նպաստ  Երեւանի «Զինուորի Տուն»վերականգնողական կեդրոնի, սկիզբ առաւ 12 Օգոստոս 2022 առաւօտեան ժամը 7:00-ին Թորոնթոյի« Յոյսի Այգի»ի Հայոց  ցեղասպանութեան  յուշարձանի մօտէն դէպի Օթաուա :

ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան անդամ ընկերուհի Անի Հոթոյեան –Ժոլի ներկայ գտնուեցաւ մեկնարկի վայրը եւ Շրջանային վարչութեան անունով յաջողութիւն մաղթեց հեծելանւորդներուն:

14 Օգոստոս 2022-ի յետմիջօրէին  ժամը 4:00-ին, 389 քիլոմեթր արշաւելէ ետք , Խորէն Մարտոյեան եւ Ռաֆֆի Տէմիրճեան Օթթաուայի «Եուսէֆ Քարշ»ի կիսանդրիին մօտ ծափողջոյններով դիմաւորուեցան ՀՕՄ-ի անդամներու կողմէ: ՀՕՄ-ի Գանատայի  Շրջանային վարչութեան անունով  ընկերուհի Ազգանուշ Հատիտեան գնահատեց մարզիկները, որոնք ջանք չխնայեցին այս հեծելարշաւէն գոյացած  $25000  գումարով հայրենիքի պաշտպանութեան համար վիրաւորուած զինուորին աջակցելու: Անգլերէնով շնորհաւորական  Խօսք յայտնեց նաեւ Օթթաուայի «Սեւան» մասնաճիւղի ատենապետ ընկերուհի Թալին Շիրիքճեան:

Խորէն Մարտոյեան եւ Ռաֆֆի Տէմիրճեան իրենց կարգին շնորհակալութիւն յայտնեցին ՀՕՄ-ին եւ բոլոր նուիրատուներուն իրենց ընձեռուած առիթին համար։ Նուիրահաւաքէն գոյացած գումարով կարելի պիտի ըլլայ Երեւանի «Զինուորի Տուն» վերականգնողական կեդրոնի «Միկրոբուժական եւ Բլաստիկ վիրահատման» բաժանմունքին բժշկական սարքեր ապահովել:

ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութիւն

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.