Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի հանդիպումը արտգործնախարար Մելանի Ժոլիի հետ
827
0
Դեկտեմբեր 7-ին, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները Մոնթրէալի մէջ ներկայ գտնուեցան Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլիի տարեկան ընդունելութեան, ուր առիթը ունեցան նախարարին հետ քննարկելու Գանատահայ համայնքը յուզող շարք մը հարցեր, միաժամանակ արծարծեցին Արցախի ու արցախահայութեան այժմու կացութիւնը եւ Երեւանի գանատական դեսպանատան հիմնադրումէն ետք Գանատա-Հայաստան երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքը։
Comments are closed.