Արման Թաթոյեան. «Հատրութցիներուն Հետ Քննարկած Ենք Անոնց Իրաւունքներուն Վերաբերող Հարցեր»
Հայաստանի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմի մասնագէտները հատրութցիներուն հետ քննարկեցին իրենց իրաւունքներուն վերաբերող հարցեր: Այս մասին գրեց Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան:
«Քանի մը օր առաջ հիւր էինք «Դիզակ արտ» մշակութային կեդրոնին: Անիկա հիմնած են կիներ, որոնք պատերազմէն առաջ աշխատած են Հատրութի մշակութային հաստատութիւններու մէջ:
«Մեր աշխատակազմի մասնագէտներուն հետ հատրութցիներուն հետ քննարկած ենք անոնց իրաւունքներուն վերաբերող հարցեր: Բարձրացուած բոլոր հարցերուն լուծման ուղղութեամբ պայմանաւորուած ենք միասին աշխատիլ: Հանդիպումին մասնակցած են նաեւ Հայաստանի մէջ Արցախի ներկայացուցչութենէն: Այս հարցերով ամուր կը համագործակցինք նաեւ Արցախի իմ գործընկերոջս` Գեղամ Ստեփանեանին հետ: Միասին կը քննարկենք հարցերու լուծման ուղղութիւնները», նշեց Թաթոյեան: