Արծուիկ Մինասեան. «Մեր Օրակարգը Կը Շարունակէ Մնալ Նոյնը` Արցախի Եւ Հայաստանի Ինքնիշխանութեան Վերահաստատումը»
30 տարուան մեր պատմութեան մէջ առաջին անգամ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան տօնակատարութիւններուն մասնակցելու համար Արցախ մեկնող Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնական բարձրաստիճան պատուիրակութիւն չկայ, բայց Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութիւնը 11 հոգիով պիտի մասնակցի ձեռնարկներուն` «Երկիր»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեան:
«Այո՛, մենք ինքնակազմակերպուած ենք, հակառակ անոր որ կրնան նախատեսուիլ առանձին հանդիպումներ երկու խորհրդարաններու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ, նոյնիսկ որոշակի հանդիսաւոր նիստ, բայց ատիկա էական չէ, էականը այն է, որ «Հայաստան» խմբակցութիւնը 11 պատգամաւորներով պիտի մասնակցի այդ ձեռնարկներուն: Երկրորդ, մեր գերխնդիրը կը շարունակէ մնալ սպասարկել Հայաստանի եւ Արցախի շահերուն: Եւ մեր կազմին մասնակցութիւնը, որ կը ներառէ քաղաքական քանի մը միաւորումներ նոյնիսկ մեր դաշինքին մէջ, արձանագրումն է այն բանին, որ մեր օրակարգը կը շարունակէ մնալ նոյնը` Արցախի եւ Հայաստանի ինքնիշխանութեան վերահաստատումը», ըսաւ Արծուիկ Մինասեան:
Թէեւ Արցախէն պաշտօնական հրաւէրներ ուղարկուած են Հայաստանի Հանրապետութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն, որպէսզի մասնակցին տօնակատարութիւններուն, բայց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը մինչեւ 3 սեպտեմբեր արձակուրդի է, նախագահ Արմէն Սարգսեանը չէ յայտարարած մասնակցութեան մասին, իսկ Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանը հրաժարած է մեկնիլ Արցախ:
Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան 11 անդամներէն բացի Արցախ պիտի մեկնին նաեւ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան անդամները. թէեւ պիտի մեկնին առանձին, բայց, Արծուիկ Մինասեանը ըսաւ, որ Արցախի մէջ տեղի պիտի ունենայ հանդիպում: Ասիկա, վստահաբար, կարելի չէ նկատել Հայաստանի Ազգային ժողովի պաշտօնական պատուիրակութիւն, ինչ որ, անկասկած, վերաբերմունքի դրսեւորում է:
«Այս իշխանութիւնը, ինչպէս աղէտ բերաւ Հայաստանի ու Արցախի գլխուն, այնպէս ալ կը շարունակէ նոյն վիճակին մէջ մնալ. ասոնք վախցած, Արցախը յանձնած, Արցախի անկախութիւնը ոտնահարած, Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը ոտնատակ ըրած մարդոց խումբ են, որոնք, ակնյայտ է, որ կը շարունակեն իրենց ազգադաւ կեցուածքը: Ընդ որում, ատիկա կրնայ ըլլալ թէ՛ յատուկ, թէ՛ ոչ յատուկ, թէ՛ վախի ազդեցութեան, թէ՛ անձեռնահասութեան դրսեւորում, բայց որ այս իշխանութիւնը ի վիճակի չէ մեր երկրի շահերը պաշտպանել` ատիկա փաստ է», ըսաւ Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեան: