«Արեւմտեան Հայաստանն ու «Արեւմտեան Ազրպէյճան»-ը Բացարձակապէս Համեմատելի Չեն». Աշոտ Մելքոնեան

27 նոյեմբերին Նիկոլ Փաշինեան Հանրային պատկերասփիւռի ընկերութեան տուաւ հարցազրոյց մը, որուն ընթացքին ան զուգահեռներ գծեց Արեւմտեան Հայաստանի եւ Պաքուի կողմէն քարոզչական նպատակներով` պատմութիւնը փոփոխելու եւ իր նուաճողական քաղաքականութիւնն արդարացնելու համար շրջանառուող «Արեւմտեան Ազրպէյճան» կեղծ եզրոյթին միջեւ:

«Հիմա մենք որքան կը նեղուինք եւ դժուար կը հանդուրժենք, հարց կը սեպենք, որ կարգ մը մարդիկ որոշ տեղեր կ՛օգտագործեն Արեւմտեան Ազրպէյճան եզրը, չէ՞: Ուրեմն երբ մենք կ՛ըսենք Արեւմտեան Հայաստան, չե՞նք մտածեր, որ կարգ մը մարդիկ կը գրգռենք: Ինչպէս որ երբ Արեւմտեան Ազրպէյճան ըսեն, մենք կը զայրանանք, այնպէս ալ, երբ մենք  Արեւմտեան Հայաստան կ՛ըսենք, ուրիշներ կը զայրանան: Հիմա կրկին պիտի ըսեն` հերթական դաւաճանութիւն, ստոր տականքութիւն: Այսօր ես կը գտնուիմ այնպիսի կարգավիճակի եւ պատասխանատուութեան մէջ, որ պարտաւոր եմ մեր ժողովուրդին հետ խօսիլ եւ ցոյց տալ պատճառահետեւանքային կապերը, շղթաները: Եթէ ես ատիկա չընեմ, կը նշանակէ, որ ես գիտակցաբար մեր երկիրը կը տանիմ դէպի պետականութեան կորուստ: Ես չեմ կրնար նման բան արտօնել», դիտել տուաւ  Նիկոլ Փաշինեան:

Պատմութիւնը չգիտնա՞լը, թէ՞ հանրութիւնը միտումնաւոր իրականութենէն շեղելն ու ազրպէյճանական քարոզչութիւն կատարե՞լը մղած են Նիկոլ Փաշինեանը այս համեմատութիւնը կատարելու:

Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկի տնօրէն, պատմաբան Աշոտ Մելքոնեանի «168 ժամ»-ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ  այս մասին պէտք է հարցնել այն մարդոց, որոնք այս եզրերը կը դնեն շրջանառութեան մէջ:

«Ասիկա գիտական խնդիր չէ, քաղաքական է, ուրեմն անոր մէջ կայ տողատակ, բայց գիտական առումով ասիկա որեւէ քննութեան ենթակայ չէ», յայտնեց ան:

Պատմաբանը շեշտեց`  Արեւմտեան Հայաստանը հայութեան պատմական հայրենիքն է, իսկ «Արեւմտեան Ազրպէյճան» եզրը Ազրպէյճանի կողմէ յօրինուած ու շրջանառութեան մէջ դրուած կեղծ թեզ է:

«Արեւմտեան Հայաստան աշխարհագրական հասկացողութիւնը կայ 4-րդ դարէն` 387 թուականին Հայաստանի առաջին բաժանումէն սկսեալ: 395 թուականին ստեղծուեցաւ Բիւզանդական կայսրութիւնը, որուն տիրապետութեան տակ գտնուող հատուածը կոչուեցաւ Արեւմտեան Հայաստան:

«Ինչ կը վերաբերի «Արեւմտեան Ազրպէյճան» եզրոյթին, ասիկա կեղծ եզր է, որ շրջանառութեան մէջ մտած է վերջին տասնամեակներուն` Ազրպէյճանի պետական ու քաղաքական շրջանակներուն կողմէ: Այս երկուքը բացարձակապէս համեմատելի չեն, քանի որ Արեւմտեան Հայաստանը մեր պատմական հայրենիքի արեւմտեան հատուածն է, ուր ստեղծուած է մեր պատմամշակութային ժառանգութեան մեծագոյն մասը, սակայն Հայոց ցեղասպանութեան պատճառով մենք կորսնցուցած ենք զայն», աւելցուց Աշոտ Մելքոնեան:

Պատմաբանը նաեւ ընդգծեց` «Արեւմտեան Ազրպէյճանը» կեղծ եզր է, ինչպէս որ կեղծ եզր է թուրքերուն կողմէն յօրինուած «Արեւելեան Անատոլիան», այսինքն թուրքերը նկատի ունին Արեւմտեան Հայաստանը: Մինչեւ Հայոց ցեղասպանութիւնը Օսմանեան կայսրութեան մէջ կը գործածուէր «էրմինիստան» եզրը:

«Մենք այդ քարտէսները տպագրած ենք դպրոցական Հայոց պատմութեան դասագիրքերուն մէջ», նշեց ան:

«Երբ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ Թուրքիան գործադրեց Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ հայութիւնը ցեղասպանելով` զրկեց զայն իր պատմական հայրենիքէն, անոնք պէտք էր այդ ժամանակ այդ տարածքներուն անուն մը տային` «Արեւելեան Անատոլիա», որ կը նշանակէ Արեւելք: Ասիկա վստահ ծաղրանք է ու խեղկատակութիւն, ուստի Արեւմտեան Հայաստանն ու «Արեւմտեան Ազրպէյճան»-ը բացարձակապէս համեմատելի չեն, որովհետեւ Արեւմտեան Հայաստանի պարագային խօսքը կը վերաբերի իրական պատմական հայրենիքին, որ դարեր շարունակ եղած է մեր հայրենիքի անբաժանելի մասը ու կորսուած` Թուրքիոյ կողմէն Հայոց ցեղասպանութեան պատճառով», աւելցուց պատմաբանը:

Comments are closed.