Արամ Ա․ Կաթողիկոս 2025 տարին կը հռչակէ ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԿԵՆՍԱՒՈՐՄԱՆ ՏԱՐԻ
2003-էն սկսեալ իւրաքանչիւր տարի հայ կեանքին առնչուած արժէքի մը, մտահոգութեան կամ դէպքի մը նուիրելու եւ զայն լուսարձակի տակ բերելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի աւանդութիւնը կը շարունակուի։ 2025 տարին, Արամ Ա․ Կաթողիկոս կը հռչակէ ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԿԵՆՍԱՒՈՐՄԱՆ ՏԱՐԻ։
Ստորեւ, յապաւումով, այս առթիւ պատրաստուած հռչակագիրը․-
Ինչպէս գիտէք, վերջին երեք տարիները յատկացուցինք Սփիւռքին: Շեշտեցինք Սփիւռքի վե-րակազմակերպման ու վերակենսաւորման անյետաձգելի հրամայականը: Յատուկ կերպով անդրադարձանք ինքնութեան, կառոյցներու վերանորոգման, մարդուժի պատրաստութեան, համազգային արժէքներու ու իտէալներու շուրջ համախմբման, քրիստոնէական ու հայեցի դաստիարակութեան վերաշեշտաւորման, երիտասարդութիւնը գործի մղելու անհրաժեշտութեան, ճարտարագիտութեան ճիշդ օգտագործման, կրթական կեանքի վերակազմակերպման, հայ ընտանիքի վերականգնման, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան նոր որակ տալու կարեւորութեան, եւ այլ համասփիւռքեան եւ համահայ-կական այժմէական խնդիրներու:
Գոհունակութեամբ կ’ուզենք հաստատել որ Հայրապետական Հըռչակագիրներու թելադրութեան ու գծած ուղիին հետեւելով, մեր համայնքները, մամուլը ինչպէս նաեւ մտաւորականներ ու կառոյցներ լայնօրէն արձագանգեցին. յօդուածներ գրուեցան, դասախօսութիւններ տրուեցան եւ հրապարակային բանավէճեր տեղի ունեցան յիշեալ հարցերուն շուրջ: Այլ խօսքով՝ մեր գաղութները սկսան ինքնաքննութեան ու ինքնարժեւորման լուրջ փորձեր կատարել, որպէսզի կարելի ըլլայ վերակազմակերպման համապատասխան ծրագիրներ մշակել: Վերջին քանի մը տարիներուն, թեմերուն տուած Մեր հովուապետական այցելութիւններուն ընթացքին առաջնահերթ տեղ յատկացուցինք Սփիւռքի վերակազմակերպման: Հոգեւոր դասուն, Ազգ. իշխանու-թիւններուն, քոյր կազմակերպութիւններուն ու երիտասարդութեան հետ ունեցած Մեր հանդիպումներուն ու ժողովուրդին ուղղած Մեր պատգամներուն մէջ թելադրեցինք, որ Սփիւռքի շուրջ քննարկում-ները շարունակուին նոյն թափով ու միաժամանակ գաղութները լծուին մեր հաւաքական կեանքը դէպի վերակազմակերպում ու վերանորոգում առաջնորդող աշխատանքներու:
Ո՞ւր է այսօր Սփիւռքը, ի՞նչ կը նշանակէ հայ ըլլալ Սփիւռքի մէջ, ինչպէ՞ս կարելի է Սփիւռքի կառոյցները իրենց օրակարգերով, կանոնագրութիւններով, գործելակերպերով ու մտածելակերպերով դարձընել աւելի ուժական, այժմէական ու հաղորդական: Ինչպէ՞ս կարելի է ազգային ինքնութիւնը երաշխաւորող արժէքները, աւանդութիւնները ու իտէալները պահել ամուր՝ մնալով հանդերձ ամբողջական ու անքակտելի մասը տուեալ երկրի ընկերութեան: Ինչպէ՞ս կարելի է սոսկ յարաբերութենէն անդին՝ հետեւողական ու ծրագրուած գործակցութիւն մշակել Սփիւռքի եւ Հայաստանի միջեւ: Ինչպէ՞ս կարելի է համասփիւռքեան օրակարգ մը մշակել՝ ի խնդիր համահայկական օրակարգի մը մշակման, եւ անոր շուրջ համախմբուիլ: Այս հարցադրումները տեսական չեն, այլ խորքային, այժմէական ու գոյութենական: Արդ, հրամայական է զանոնք համապարփակ ու իրապաշտ մօտեցումով քննարկումի ենթարկել՝ մէկ կողմէն օգտուելով հին սերունդին հարուստ փոր-ձառութենէն, եւ միւս կողմէն, ունենալով նոր սերունդին հայեցա-կէտերը:
Վերեւ կատարած մեր յիշեցումները ունին մէկ յստակ պատգամ ու նպատակ՝ Սփիւռքի վերակազմակերպման էջը չէ փակուած, պէտք չէ փակուի: Սփիւռքի վերակազմակերպման նպատակասլաց գործընթացքը վերանորոգ թափով պէտք է շարունակուի իւրաքանչիւր գաղութէ ներս, բնականաբար՝ տարբեր մեթոտներով, առաջնահերթութիւններով ու շեշտաւորումով: Այլապէս, Սփիւռքը կրնայ ենթակայ դառնալ ինքնամաշումի վտանգին: Արդարեւ, լուրջ մտահոգութիւն մը, որուն կ’անդրադառնանք յաճախ թէ՛ մեր պատգամներուն ճամբով եւ թէ գաղութներուն տուած Մեր այցելու-թիւններուն ընթացքին: Կ’ուզենք միշտ կարեւորութեամբ ընդգծել, որ Սփիւռքը ինքնանպատակ գոյութիւն մը չէ, անոր վերա-կազմակերպումը Հայաստանի հզօրացման ուղղուած է. իսկ Հա-յաստանի հզօրացումը իր կարգին պէտք է օժանդակէ Սփիւռքի վերակազմակերպման:
Սփիւռքի վերակազմակերպումն ու հզօրացումը հետապնդելու աշխատանքներու ծիրէն ներս, լեզուի ու մշակոյթի կողքին, հայու ինքնութիւնը ամուր պահելու մեր ճիգին մէջ, մեծապէս էական կը նկատենք մեր կրօնական ու ազգային աւանդութիւններու վերանորոգման ու վերակենսաւորման հրամայականը: Արդ, մեկնելով այս հաստատ համոզումէն, 2025 տարին կը հռչակենք ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԿԵՆՍԱՒՈՐՄԱՆ ՏԱՐԻ։
Ի՞նչ կը հասկնանք աւանդութիւն ըսելով: Ընդհանուր սահմա-նումով, աւանդութիւնը տուեալ ազգի մը, կրօնի մը կամ որեւէ կազմակերպութեան առնչուած հաւատալիքներու, արժէքներու, իտէալներու, նպատակներու, տեսլականներու, կենցաղակերպերու, մտածողութիւններու, գործելակերպերու ու սովորութիւններու ամբողջութիւնն է, ինչպէս նաեւ՝ անոնց փոխանցումը սերունդէ սերունդ: Աւանդութիւնը սերտօրէն կապուած ըլլալով տուեալ ազգի մը, կրօնի մը կամ կազմակերպութեան կեանքին ու պատմութեան հոլովոյթին հետ, վըճռական դեր ունի անոր ինքնութեան երաշխաւորման, ամբողջականութեան պաշտպանման, գոյութեան ամրացման ու շարունակականութեան պահպանման մէջ: Հետեւաբար, ազգեր ու կրօններ միշտ նախանձախնդիր եղած են իրենց աւանդութիւններու անվթար պահպանման նկատմամբ, որովհետեւ զանոնք նկատած են էական՝ ինքնաճանաչման ու ինքնահաստատման, ինքնագոյութեան ու ինքնարտայայտութեան ամրապնդման ու զարգացման համար:
ԱՒԱՆԴՈՒԹԵԱՆ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԸՄԲՌՆՈՒՄԸ
Երբ ընդհանուր ակնարկ մը նետենք քրիստոնէական կեանքին ու հաւատքին հիմքը կազմող Աստուածաշունչին վրայ, Հին թէ Նոր կտակարաններուն մէջ յաճախակի ակնարկութիւններու կը հանդիպինք աւանդութեան կարեւորութեան մասին: Այս ուղղութեամբ ուշագրաւ են հետեւեալ երկու կէտերը.– ա) մարգարէներուն եւ առաքեալներուն կողմէ ժողովուրդին ուղղուած զգուշացում, թէ պէտք չէ Աստուծոյ պատուիրաններէն հեռանալ, եւ մարդկային սովորութիւններուն կառչիլ (Մր 7.13, 1.3): բ) թելադրութիւն՝ կառչած մնալու աւանդութիւններուն եւ ըլլալու հաւատարիմ այն աւանդութիւններուն, որոնք մարգարէներուն ու առաքեալներուն կողմէ փոխանցուած են ժողովուրդին (Բ.Թես 2.14):
Ինչպէս բոլոր քրիստոնեայ ժողովուրդներուն, նաեւ մեր ժողովուրդի պարագային, աւանդութիւններուն արմատները պէտք է առնչուած ըլլան Աստուածաշունչին, քրիստոնէական կեանքին, վկայութեան, առաքելութեան ու պատմութեան, եւ այն բոլոր ուսուցումներուն, արժէքներուն ու սկզբունքներուն, որոնք կը կազմեն քրիստոնէական հաւատքի էութիւնն ու ինքնութիւնը: Արդարեւ, որեւէ եկեղեցիէ ու քրիստոնեայ ժողովուրդէ աւելի, մեր ազգի ու եկեղեցւոյ պարագային այս իրողութիւնը այնքա՜ն զօրեղ կերպով շեշտուած է: Մենք ո՛չ միայն առաջին ժողովուրդը եղած ենք քրիստոնէութիւնը ընդունող, այլ նաեւ քրիստոնէութիւնը հայ կեանքէն ներս մուտք գործելով հայացած է ու հայ կեանքը քրիստոնէացած: Քրիստոնէութեան ու հայութեան այս ամուր շաղախումը մեր ժողովուրդը մղած է քրիստոնէական նկարագիր տալու հին հեթանոսական աւանդութիւններուն, եւ երբեմն նոյնիսկ՝ զանոնք հեռացնելու հայ կեանքէն եւ նորը հաստատելու: Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետէն սկսեալ մինչեւ այսօր մեր աւանդութիւնները, ըլլան անոնք կրօնական, մշակութային, ազգային թէ ընկերային թրծուած են աստուածաշնչական ուսուցումներով ու արժէքներով:
ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆ ՈՒ ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Աստուծոյ Միածին Որդին իր երկրաւոր առաքելութեան աւարտին, աշակերտներուն թելադրեց երթալ աշխարհի չորս ծագերը եւ քարոզել իր ուսուցումները: Քրիստոս եկեղեցի չհիմնեց, այլ առաքելութիւն մը յանձնեց իր աշակերտներուն: Քրիստոսի փոխանցած առաքելութիւնը իրագործելու ընթացքին հին աշխար-հի զանազան շրջաններէն ներս յառաջացան կրօնական համախմբումներ ու համայնքներ: Անոնք հետզհետէ սկսան կազ-մաւորուիլ՝ հաւաքներ կազմակերպելով, հաւաքական պաշտամունքներ կատարելով, պատասխանատուներ նշանակելով, յարաբերութիւններ մշակելով: Այդ շրջանին տակաւին գոյութիւն չունէին Աստուածաշունչ, ծէս կամ նուիրապետութիւն: Եկեղեցին կազմաւորուեցաւ կենդանի Աւանդութեան մը շուրջ, որուն մաս կը կազմէին այն բոլոր վկայութիւնները եւ ուսուցումները, որոնք փոխանցուած էին Քրիստոսէն՝ իր առաքեալներուն ու աշակերտներուն ճամբով:
Արդ, Աւանդութենէն ծնաւ Աստուածաշունչին կազմաւորումը ա-ռաջին դարու աւարտէն սկսեալ, ինչպէս նաեւ՝ դաւանական ու ծի-սական շարք մը աւանդութիւններ: Եկեղեցին յստակ տարբերութիւն մը դնէ Աւանդութեան ու աւանդութիւններուն միջեւ: Աւանդութեան պարագային, եկեղեցին զայն կը նկատէ էական ու անփոփոխելի, որովհետեւ անոր մաս կը կազմեն Աստուածաշունչը, դաւանական ու աստուածաբանական հիմնական սկզբունքներ, Հայրապետական կոնդակներ, հոգեւոր ու բարոյական ուսուցումներ՝ այլ խօսքով, եկեղեցւոյ հիմքը կազմող տարրեր: Աւանդութիւններու պարագային, անոնք ժամանակի ընթացքին եկեղեցիներու կողմէ հաստատուած են, ընդհանրապէս տեղական նկարագիր ունին եւ կրնան փոփոխութեան ենթարկուիլ: Այս տիպի աւանդութիւնները եւս կարեւոր են, պայմանով սակայն, որ անոնք ուղղակի կամ անուղղակի կերպով աղերս ունենան քրիստոնէական կրօնի հիմնական ճշմարտութիւններուն, ուսու-ցումներուն ու հաւատալիքներուն հետ:
ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆ, ՄՇԱԿՈՅԹ, ԾԷՍ ՈՒ ՄԻՋԱՎԱՅՐ
Աւանդութիւնները անմիջականօրէն աղերս ունի մարդկային կեանքի հոլովոյթին եւ միջավայրին հետ, եւ հետեւաբար, միշտ ենթակայ են շրջապատի ազդեցութեան, փոփոխութեան, վերանորոգման, ու նոյնիսկ՝ կորստեան: Աւանդութիւնները սերտօրէն առնչուած են մշակոյթին, որովհետեւ մշակոյթն է աւանդութիւն մը ձեւաւորողը ու կազմաւորողը, անոր իւրայատուկ ինքնութիւն ու արտայայտութիւն տուողը: Աւանդութիւնները նաեւ կապուած են եկեղեցւոյ կեանքին առանցքը կազմող ծէսին: Ծէսին ու աւանդութեան միախառնումը մէկ կողմէ՝ աւանդութիւնները պահած են անվթար, միւս կողմէն՝ աւանդութիւնները տուեալ ծէսին իւրայատկութիւնը պահած են ամուր: Աւանդութեան առնչութիւնը միջավայրին հետ միշտ եղած է գոյութենական, որով-հետեւ միջավայրին ճամբով ինքզինք արտայայտելով, աւանդու-թիւնները միշտ ենթակայ եղած են անոր ազդեցութիւններուն:
Մեր մատնանշած երեւոյթները այնքան ցայտուն կերպով ի յայտ կու գան մեր ժողովուրդի պարագային: Արդարեւ, երբ պահ մը դիտենք մեր ազգին ու եկեղեցւոյ պատմութեան հոլովոյթը, ներքին վերիվայրումները, տեղափոխութիւնները, միջավայրի փոփոխութիւնները ու յատկապէս մշակոյթի տիրական ներկայութիւնը, յստակօրէն կը նըշմարենք աւանդութիւններուն կարեւոր դերը: Սնայուն տեղաշարժի ենթակայ մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս նաեւ յստակօրէն կը տեսնենք մեր աւանդու-թիւններուն մէկ մասին կորուստը կամ գունաթափումը եւ նոր աւանդութիւններու յառաջացումը: Իսկ այսօր նաեւ ականատես կը դառնանք նոյն աւանդութիւններուն տարբեր արտայայտութիւն-ները՝ Միջին Արեւելքէն եւ արեւմտեան գաղութներէն ներս, որպէս հետեւանք միջավայրի ազդեցութեան: Նշեալ երեւոյթները մեզ պէտք է մղեն մէկ կողմէն՝ վերաշեշտելու աւանդութեան ներկայացուցած անփոխարինելի կարեւորութիւնը, եւ միւս կողմէն՝ անհրաժեշտութեան պարագային, անցեալէն ժառանգուած աւանդութիւնները վերատեսութեան ու բարեփոխութեան ենթարկելու հրամայականը:
ՀԱՐԿ Է ՎԵՐԱՇԵՇՏԵԼ ԱՒԱՆԴՈՒԹԵԱՆ
ԱՌԱՆՑՔԱՅԻՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ
Ինչպէս տեսանք, աւանդութիւնը բոլոր ժողովուրդներու ու կրօններու կեանքէն ներս կենսական նշանակութիւն ու յատուկ կարեւորութիւն ունի: Նո՛յնն է պարագան, եւ աւելիո՛վ, մեզի համար, որպէս տառապալից պատմութիւն ու լայնատարած սփիւռք ունեցող եւ համեմատաբար փոքր ժողովուրդ: Արդ, անհրաժեշտ է մեր պատմութեան փորձառութեան լոյսին տակ հետեւեալ հաստատումները կատարել.-
ա) Մեր ժողովուրդին գոյութիւնը ամրապնդողը աւանդութիւնն է: Ճի՛շդ է, հաւատքը, մշակոյթը, հայրենիքը, լեզուն եղած են եւ կը մնան մեր ժողովուրդի գոյութեան հզօր սիւները. սակայն, յիշեալ արժէքները պահողը, ամրացնողը եւ անոնց իւրայատկութիւնը երաշխաւորողը ու զանոնք իրարու կամրջողը եւ սերունդէ սերունդ փոխանցողը աւանդութիւնն է:
բ) Ներկան անցեալին կապողը աւանդութիւնն է: Մեր հաւաքական յիշողութեան մէջ աւանդութիւնն է որ ժամանակի ու միջոցի սահմանները անդրանցնելով ամուր կը պահէ ու կը պահպանէ մեր ազգի պատմութեան անշեղ ու յարատեւ ընթացքը:
գ) Մեր ազգին միութիւնը ապահովողը աւանդութիւնն է: Պատմութիւնը պերճախօս կերպով կը վկայէ, թէ յաճախ գաղթի ենթարկուած եւ զարգացման տարբեր հոլովոյթ ունեցող մեր ժողովուրդին բեկորներուն մօտ մէկ ազգի պատկանելիութիւնը զօրեղ պահողը միշտ եղած է աւանդութիւնը:
դ) Մեր ազգին իւրայատկութիւնը արտայայտողը աւանդութիւնն է: Ինչպէս որեւէ ազգի պարագային, նաեւ մեր մօտ, մեր ժողովուրդը, եկեղեցին ու մշակոյթը ուրիշներէն զանազանողը աւանդութիւնն է: Այլ խօսքով՝ մեր ազգի իւրայատուկ ինքնութեան կարեւոր արտայայտիչներէն մէկն է աւանդութիւնը:
ե) Մեր արժէքները ու տեսլականները, մեր հաւատքն ու ոգին պահողը ու մեր հաւաքական կեանքէն ներս հունաւորողը աւանդութիւնն է:
զ) Վերջապէս, Սփիւռքի տարածքին, հայապահպանման զօրեղ ազդակներէն մէկն է աւանդութիւնը:
Յիշեալ հաստատումները տեսական չեն, այլ մեր ժողովուրդի անցեալի ու ներկայի պատմութենէն ու կեանքի փորձառութենէն թելադրուող կարեւոր յիշեցումներ: Երբեմն սխալ ըմբռնում կը նկատենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն մօտ, աւանդութիւնը համարելով պարզապէս անցեալ, հնամաշ, անհրապոյր, անիմաստ եւ ներկայ ժամանակներուն անյարիր: Մերժելի է նման մտայնութիւն ու մօտեցում: Ժողովուրդ մը իր աւանդութիւններով կ’ապրի ու կը գոյատեւէ պատմութեան մէջ, իր աւանդութիւններով ինքզինք կ’ըլլայ ու ինքզինք կ’արտայայտէ միջավայրի մը մէջ: Իր աւանդութիւններու ճամբով իր սեփական արժէքները ու իտէալները կը փոխանցէ գալիք սերունդներուն: Աւանդութիւնը ո՛չ անցեալ է եւ ո՛չ ալ անցեալի մէջ կը պահէ անոր հետեւողը: Ժողովուրդ մը ճանչնալու համար պէտք է անոր աւանդութիւնները ճանչնալ:
ՀԱՐԿ Է ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԴԱՐՁՆԵԼ ՀԱՄԱՀՈՒՆՉ ՆԵՐԿԱՅ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒՆ
Համաշխարհային մշակոյթով տիրապետուած, գիտութեամբ ու ճարտարագիտութեամբ շաղախուած ներկայ ժամանակներուն, աւելի քան երբեք աւանդութիւնը կը նկատենք հրամայական, յատկապէս մեր փոքր ազգին, եկեղեցւոյ ու մշակոյթին համար: Հետեւաբար, հարկ է ըլլալ աւանդապահ, սակայն ո՛չ աւանդամոլ: Հարկ է ըլլալ հաւատարիմ աւանդութիւններուն նկատմամբ, սակայն զանոնք չվերածել անփոփոխելի ու անհպելի երեւոյթի: Համոզուած ենք, որ ինքնութիւն կլանող, արժէքներ ու աւանդութիւններ ջլատող, իւրայատկութիւններ այլափոխող ու ամէն տեղ մեզ շրջապատող համաշխարհային մշակոյթին դիմաց՝ աւանդութիւնը ինքնապաշտպանութեան, ինքնահաստատման, ինքնարտայայտութեան կարեւոր գործօն մըն է: Եւ որպէսզի այս գործօնը դառնայ աւելի զօրեղ ու ազդու.–
1) Անհրաժեշտ է, որ անցեալէն եկող բոլոր բնոյթի մեր աւանդու-թիւնները վերանայման ենթարկուին: Պատմութեան ընթացքին, մի-ջավայրի ազդեցութիւնը կրած մեր աւանդութիւնները պէտք է որ դառնան համահունչ ներկայ ժամանակներու ոգիին ու պայմաններու դրուածքին ինչպէս նաեւ մեր սպասումներուն ու կարիքներուն, առանց սակայն կորսնցնելու իրենց հիմնական տարրերը ու իւրայատկութիւնը: Այլ խօսքով՝ հարկ է պահել միջուկը եւ բարեփոխել կեղեւը:
2) Անհրաժեշտ է, որ աւանդութիւնները դարձնելով աւելի գրաւիչ ու մատչելի, զանոնք տանինք ժողովուրդին, յիշեցնելով անոնց կարեւորութիւնը մեր ժողովուրդին ամբողջականութիւնը ու ինքնութիւնը պահելու իմաստով՝ յատկապէս Սփիւռքեան պայմաններուն մէջ:
3) Անհրաժեշտ է, որ ներկայ ժամանակներուն համապատասխան նոր տիպի աւանդութիւններ մշակենք, որպէսզի կարելի դառնայ նոր սերունդները ներգրաւել մեր կեանքէն ներս: Սակայն հարկ է որ նոր աւանդութիւններու հաստատումը համապատասխանէ մեր հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներուն ու իտէալներուն:
4) Վերջապէս անհրաժեշտ է, որ աւանդութիւնները սոսկ չպահենք, այլ զանոնք աւելի հարստացնենք, սոսկ անցեալի չվերածենք, այլ ներկային մէջ ապրի՛նք՝ անոնցմէ եկող ոգին ու պատգամը մեր կեանքին մէջ թարգմանելով:
Պօղոս Առաքեալ Քրիստոսի հետեւելու ուխտը կատարած քրիս-տոնեաներուն պատգամ մը կ’ուղղէ ըսելով՝ ձեր հայրերու աւանդութիւններուն ամուր կառչեցէք (Բ.Թես 2.15): Այսօր, Առաքեալին խօսքը փոխ առնելով, որպէս հայրական պատգամ մեր ժողովուրդի զաւակներուն ջերմօրէն կը թելադրենք.– ամուր կառչեցէք մեր հայրերուն կողմէ ստեղծուած, մշակուած, հաստատուած, ապրուած եւ ի գին ամէն զոհողութեան պահուած աւանդութիւններուն, այն հաստատ համոզումով ու խոր գիտակ-ցութեամբ, թէ՝
– մեր աւանդութիւնները մեզ պահեցին ամուր՝ պատմութեան արհաւիրքներուն դիմաց:
– մեր աւանդութիւնները մեր ինքնութիւնը երաշխաւորեցին՝ ինքնութիւն այլափոխող ժամանակի հոսանքներուն դիմաց:
– մեր աւանդութիւնները մեզի համար դարձան ապահովութեան կռուան, գոյութեան խարիսխ եւ միութեան օղակ՝ պայմաններուն պարտադրած վերիվայրումին դիմաց:
– մեր աւանդութիւնները դարձան մեր ընդհանրական ու գերագոյն արժէքներն ու իտէալները, մեր իրաւունքներն ու պահանջները արծարծ պահող կենդանի յուշարարներ՝ մարդկութեան լռութեան դիմաց:
Այո՛, այսպէ՛ս եղան աւանդութիւնները մեր ժողովուրդին համար իր ողջ պատմութեան ընթացքին: Այսպէս են նաեւ այսօ՛ր՝ ներկայ փոթորկալից աշխարհին մէջ:
Այլ եկեղեցիներու ու ժողովուրդներու տուած Մեր այցելութիւն-ներուն ընթացքին, տեսած ենք թէ ինչպէս անոնք անշեղօրէն հաւա-տարմօրէն կառչած են իրենց աւանդութիւններուն, երբեմն նոյնիսկ ներկայ ժամանակներուն անյարիր ու տարօրինակ թուացող աւան-դութիւններուն՝ կենցաղային պայմաններէն սկսեալ մինչեւ կրօնի ու մշակոյթի հետ աղերս ունեցող մարզեր: Այդ ամուր կապուածութիւնը աւանդութիւններու արտաքին ձեւէն անդին՝ առնչուած է անոնց ճամբով արտայայտուող արժէքներուն, ոգիին, գաղափարին, ինքնութեան ու տեսլականին: Նո՛յն մօտեցումը ու հաւատարմութիւնը պէտք է ունենանք նաեւ մե՛նք մեր կրօնական ու ազգային աւանդութիւններուն նկատմամբ:
Մեր ժողովուրդին մօտ աւանդութեան նկատմամբ որեւէ ձեւի մակերեսային վերաբերում, անտեսում կամ անտարբերութիւն, հարկ է որ փոխուի: Արդարեւ, մեր անցեալը ներկային կապող, ներկան ամրապնդող ու ապագային բացող ու մեր ժողովուրդի ոգին, հաւատքը ու տեսլականը արտայայտող աւանդութիւններուն նկատմամբ անհրաժեշտ է ունենալ հաւատարմութիւն ու նախան-ձախնդրութիւն:
ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՎԵՐԱԿԵՆՍԱՒՈՐՈՒՄԸ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆ Է
Ա՛յս պէտք է դառնայ մեր եկեղեցւոյ, մեր կառոյցներուն, պատասխանատուներուն եւ իւրաքանչիւր հայու համար հիմնական առաջնահերթութիւն: Բազմաթիւ են ու բազմազան անցեալէն եկող աւանդութիւնները: Անհրաժեշտ է կարեւորութեան ու այժմէականութեան կարգով վերադասաւորումի ենթարկել մեր աւանդութիւնները ու զանոնք վերականգնելու, վերանորոգելու ու ներկայ պայմաններուն պատշաճեցնելու ուղղութեամբ լծուիլ աշխատանքի: Անցեալին այս գծով որոշ փորձեր կատարուած են: Անհրաժեշտ է աւելի լայն մաշտապով ու համապարփակ կերպով ձեռնարկել նման կարեւոր գործի: Այս ծիրէն ներս, եկեղեցին, դպրոցը ու մեր մտաւորականները կարեւոր դեր ունին կատարելիք:
Հետեւաբար, կը թելադրենք, որ
1) Աւանդութեան կարեւորութիւնը շեշտող յօդուածներ գրուին հոգեւոր հայրերուն ու մտաւորականներուն կողմէ:
2) Մատչելի ու դաստիարակչական մօտեցումով յատուկ գրքոյկներ պատրաստուին աւանդութիւններու ծնունդը, հոլովոյթը եւ նպատակը պարզող:
3) Հոգեւոր հայրեր, թէ՛ իրենց քարոզներուն եւ թէ ընտանիքներուն տուած այցելութիւններուն ընթացքին, յիշեցնեն մեր աւանդութիւններուն ներկայացուցած իւրայատուկ կարեւորութիւնը:
4) Մեր կառոյցները, յատկապէս տիկնանց միութիւնները, ժողո-վըրդային յատուկ հաւաքներ կազմակերպեն՝ աւանդութիւններ բա-ցատրող ու անոնց դերը ու այժմէականութիւնը պարզող:
Վստահ ենք, որ յիշեալ գործնական քայլերը մեր զաւակները պիտի մղեն վերականգնելու, վերարժեւորելու ու վերակենսաւորելու մեր այնքան գեղեցիկ ու իմաստալից աւանդութիւնները ներկայ ժամանակներու լոյսին տակ:
Այս մտածումներով ու սպասումներով անգամ մը եւս մեր հայ-րական օրհնութիւնը կը փոխանցենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն եւ կ’աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած, որ Իր երկնային շնորհներով պածառակերպէ մեր ժողովուրդին կեանքը՝ ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի:
Աղօթարար՝
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
1 Յունուար, 2025
Անթիլիաս, Լիբանան
ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ ՀՌՉԱԿՈՒՄՆԵՐ
2003 − «Աստուածաշունչի Տարի»
2004 − «Հայ Ընտանիքի Տարի»
2005 − «Ազգային Պահանջատիրութեան Տարի»
2006 − «Հայ Դպրոցի Տարի»
2007 − «Հայ Լեզուի Տարի»
2008 − «Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Տարի»
2009 − «Երիտասարդութեան Տարի»
2010 − «Հայ Կնոջ Տարի»
2011 − «Հայ Մանուկի Տարի»
2012 − «Հայ Գիրքի Տարի»
2013 − «Հայ Մօր Տարի»
2014 − «Տարեցներու Տարի»
2015 − «100-ամեակ Հայոց Ցեղասպանութեան» (կոնդակ)
2016 − «Ծառայութեան Տարի»
2017 − «Վերանորոգման Տարի»
2018 − «100-ամեակ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան» (կոնդակ)
2019 − «Հայ Մամուլի Տարի»
2020 − «Յատուկ Խնամքի Կարօտ Հայորդիներու Տարի»
2021 − «Արցախի Տարի»
2022 − «Սփիւռքի Տարի» (Ա.)
2023 − «Սփիւռքի Տարի» (Բ.) Ինքնաքննութենէ Վերակազմակերպում
2024 − «Մարդուժի Պատրաստութեան Տարի»
2025 − «Աւանդութիւններու Վերակենսաւորման Տարի»
Comments are closed.