ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԳԷՄՊՐԻՃԻ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ ՀԵՏ
1860
0
Կիրակի, 14 Մարտ 2021-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան հանդիսապետեց Գէմպրիճի Ս. Նշան Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին, յաւուր պատշաճի քարոզեց եւ աւարտին՝ օրհնեց Եկեղեցւոյս նորակազմ Հոգաբարձութեան անդամները:
Առաջնորդ Սրբազան Հօր աղօթակից էին՝ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծայրագոյն Վարդապետ Քիւսպէկեանն ու Արժանապատիւ Տ. Կոմիտաս Աւ. Քահանայ Փանոսեանը։ Ս. Պատարագին ներկայ էր Ազգային Վարչութեան անդամներէն՝ Տիկին Արփի Աշգարեանը:
Իր հայրական պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը առաջին հերթին գնահատեց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքի անդամները, բոլոր ծառայողները՝ Հոգեւոր Հովիւը, հոգաբարձութեան ու Տիկնանց Յանձնախումբի անդամները, Սարկաւագները, Դպրաց Դասն ու բարերարները։ Ապա, անդրադառնալով Մեծ Պահոց հինգերորդ Կիրակիին՝ Դատաւորի Կիրակիին, ան նշեց, որ Դատաւորի Կիրակիի աւետարանական ընթերցումները մեզ կը յորդորեն մեղքով արատաւորուած մարդկային մեր բնութիւնը սրբելու, մաքրելու՝ վերջին Դատաստանի դատապարտութենէն ազատելու եւ արդարանալու կարեւորութիւնը։ Ան յորդորեց, որ պէտք է Աստուծոյ անձանձրոյթ աղօթել, զղջումով եւ ապաշխարութեամբ դուռը զարնել ու բնաւ չյուսահատիլ, ապաւինելով Անոր անաչառութեան, գթառատութեան եւ ողորմածութեան, բայց մանաւանդ քաջ գիտնալ, որ Աստուծոյ յուսացողը բնաւ անհատոյց եւ անպատասխան չի մնար։
Անդրադառնալով Ս. Քառասնից մանկանց տօնին, Առաջնորդ Սրբազանը շեշտեց՝ որ Քառասուն Մանկանց պատմութիւնը կը յորդորէ քրիստոնեայ հաւատացեալը՝ կեանքի բոլոր դժուարութիւններուն մէջ հաւատարիմ մնալ քրիստոնէական հաւատքին եւ դէմ դնել ամէնէն ծանր դժուարութիւններուն, երկնային պսակին արժանանալու համար:
Նշենք, որ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, Շաբաթ, 13 Մարտ 2021-ի երեկոյեան, հանդիսապետեց Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ ժամերգութեան: