Ալեքքօ Եւ Անի Պէզիքեանները Պիտի Հոգան Հայորդիներու Հիւանդանոցային Եւ Ախտաճանաչման Քննութիւններու Ծախսերը
Լիբանանի մէջ ստեղծուած ընկերային-տնտեսական դժուար պայմաններու լոյսին տակ եւ հայորդիներուն առողջապահական կարիքներուն օգտակար ըլլալու նախանձախնդրութենէն մղուած՝ տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեանները, Արամ Ա. վեհափառին հետ խորհրդակցաբար ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանիին տակ պիտի հոգան լիբանանահայ կարիքաւոր ազգայիններու հիւանդանոցային ու ախտաճանաչման քննութիւններու վերաբերող ծախսերը՝ հետեւեալ ձեւով
ա) Յիշեալ աշխատանքը պիտի կատարուի յատուկ յանձնախումբի մը կողմէ, որուն մաս կը կազմեն Զարեհ վրդ. Սարգիսեան, Յակոբ Լատոյեան եւ Սիլվա Սողոմոնեան:
բ) Պարագաները կրնան դիմել ԱՖՀԻԼի գրասենեակը, Պուրճ Համուտի մէջ, «Արին» շէնք, 3րդ յարկ, ամէն օր առաւօտեան ժամը 9էն սկսեալ մինչեւ կ.ե. ժամը 1:
գ) Հարկ է, որ գրասենեակ դիմող պարագաները հիւանդանոցային կամ ախտաճանաչման քննութիւններու վերաբերող հարցերու գծով անհրաժեշտ թուղթերը եւ տեղեկութիւնները ներկայացնեն:
դ) Կարիքները պիտի հոգացուին մասնակի կամ ամբողջութեամբ՝ տուեալ պարագային համաձայն:
ե) Յիշեալ ծրագիրը պիտի սկսի գործել 1 Յուլիս 2021էն մինչեւ 1 Հոկտեմբեր 2021: Նշեալ ժամանակաշրջանի աւարտին կատարուած աշխատանքին արժեւորումը պիտի կատարուի եւ համապատասխան որոշում պիտի առնուի ծրագրին առաջնահերթութիւններուն ու շարունակութեան գծով:
Անցնող երկու տարիներու ընթացքին տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեաններ զանազան կերպերով օգտակար հանդիսացան լիբանանահայ կարիքաւոր ընտանիքներուն: Վեհափառը անգամ մը եւս բարձրօրէն կը գնահատէ եւ հայրապետական օրհնութեամբ կ՛ողջունէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հաւատարիմ բարերարներէն ազգային բարերարներ Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեաններու ազգանուէր ու հոգածու վերաբերումը, յատկապէս լիբանանահայութեան նկատմամբ: