«Քորոնա» Ժահրի Դէմ Պատուաստ Եւ Զգուշացման Կոչ
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Երկար եւ մանրամասն յօդուած մը գրած էի 8 փետրուար 2021-ին` «Քորոնա» ժահրի համաճարակի մասին, որ լոյս տեսաւ սփիւռքի հայկական շատ մը թերթերուն մէջ: Այդ յօդուածին մէջ անդրադարձած էի` «Քորոնա» ժահրի համաճարակի սկզբնաղբիւրին, անոր տարածման, փոխանցման, տարողութեան, պատճառած հիւանդութիւններուն, կանխազգուշական միջոցներուն, համաշխարհային տնտեսութեան հասցուցած վնասներուն, ընկերային եւ կրթական համակարգի խախտումներուն եւ նորաձեւութիւններուն, ինչպէս նաեւ անոր դէմ տեսակաւոր պատուաստներու պատրաստութեան մանրամասնութիւններուն ու անոնց յատկութիւններուն: Այս բոլորին մասին ամէն օր տակաւին կը գրուի եւ ժողովուրդը տեղեակ կը պահուի այս համաճարակի նոր զարգացումներուն մասին:
Այս գրութեամբ պիտի անդրադառնամ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին դէմ պայքարելու պատուաստումի անհրաժեշտութեան եւ հարկադրանքին: Զգուշացման կոչ մըն է բոլոր մեր հայրենակիցներուն, կոչ մը` նուազագոյն վնասով դուրս գալու այս անկաշկանդ, քանդիչ, մահացու եւ մանաւանդ անտեսանելի թշնամիէն` «Քորոնա» ժահրի համաճարակէն, COVID 19-էն:
Ուրեմն, պատուաստ մը կը գրգռէ անհատին վարակամերժութեան (immunity) համակարգը, կը զարգացնէ յատուկ վարակամերժութիւն եւ կը յայտնաբերէ հակամարմիններ անհատին մէջ:
Պատուաստը արգելք կը հանդիսանայ որոշ բորբոքումային հիւանդութիւններու եւ կամ կը մեղմացնէ զանոնք: Ան ամէնէն ազդու միջոցն է արգելք հանդիսանալու շատ մը բորբոքումային հիւանդութիւններու: Անոր միջոցով Համաշխարհային առողջապահական կազմակերպութիւնը (ՀԱԿ) կարողացած է վերջնականապէս անհետացնել, արմատախիլ ընել (eradication) ծաղկախտը (small pox) եւ հսկողութեան տակ առած է կարգ մը հիւանդութիւններ` շատ մը երկիրներու մէջ, ինչպէս` մանկական անդամալուծութիւնը (polio), հարսանիթը եւ պրկախտը: ՀԱԿ-ի համաձայն, գոյութիւն ունին 25 հիւանդութիւններու դէմ յատուկ պատուաստներ:
Պատուաստները ընդհանրապէս կը տրուին մարդոց վարակումէն առաջ: Սակայն կարգ մը պատուաստներ կը ներարկուին նաեւ վարակումէն ետք, օրինակ` կատղախտի (rabies) պատուաստը:
Պատուաստումը բժշկական ապահով դարմանամիջոց մըն է: Անոր բարդութիւններուն յաճախականութիւնը որեւէ մէկ դեղի բարդութիւններէն աւելի չեն:
Կան շարք մը հիւանդութիւններ, որոնց դէմ պատուաստումը պարտադիր է շատ մը երկիրներու մէջ: Այս հիւանդութիւններն են` լեարդաբորբ B-ին (hepatitis B), կեղծմաշկը (diphtհeria), պրկախտը (tetanus), կապոյտ հազը (pertusis-whooping cough), կրիփը (influenza), ունկնագեղձատապ-ունկնանկը (mumps), մանկական անդամալուծութիւնը (polio, poliomyelitis), պրկախտը (tetanus), ջրծաղիկը (chicken pox), հարսանիթը (measles) եւ ծաղկախտը (small pox):
Պատուաստուելով` կը պաշտպանենք ոչ միայն մենք զմեզ, այլ` մեր շուրջ գտնուողները:
Էտուարտ Ճենըր կը նկատուի նախահայրը առաջին պատուաստի պատրաստութեան: Ան 1798-ին Անգլիոյ մէջ պատրաստած է ծաղկախտի պատուաստը: Մինչ այդ ծաղկախտը միլիոնաւոր մարդոց կեանքը խլած է: Էտուարտ Ճենըր-ի պատրաստած պատուաստով այս հիւանդութենէն մահացողներուն թիւը զգալիօրէն նուազած է:
Բժշկական պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով Էտուարտ Ճենըրի կատարած այս առողջապահական յեղաշրջումէն ետք Ամերիկայի նախագահները եւ բարձրաստիճան զինուորականները, հետեւելով անոր կատարած աննախընթաց իրագործումին, որդեգրած են ծաղկախտի դէմ պարտադիր պատուաստում:
1885-ին Լուի Փասթէօր կը գտնէ կատղախտի պատուաստը, որ կը կատարէ փրկարար գործ` վարակուածներուն մեծամասնութիւնը կը փրկուին ստոյգ մահէ:
Յաջորդաբար կը գտնուին զանազան հիւանդութիւններու, յատկապէս մանկական հիւանդութիւններու պատուաստները:
Կապոյտ հազի պատուաստի գործածութեամբ, մահերը նուազած են 84 տոկոսով, հարսանիթի պարագային, 99 տոկոսով, գերմանական հարսանիթի եւ ունկնանկի պարագային` 99 տոկոսով, պրկախտ (tetanus) պարագային` 96 տոկոսով:
Մանկական անդամալուծութիւնը, կեղծմաշկը եւ ծաղկախտը համայն աշխարհի մէջ այսօր գրեթէ վերջնականապէս ոչնչացած են շնորհիւ անոնց պատուաստի գործածութեան:
Այսօր համայն աշխարհը դիմագրաւած է «Քորոնա» ժահրի համաճարակը, որ կայծակնային արագութեամբ ծնաւ, տարածուեցաւ եւ եղաւ մղձաւանջ ամբողջ մարդկութեան համար: Այս համաճարակը կը նմանի ծովային զօրաւոր ալիքաւոր հոսանքի մը, որ կարելի չէ կասեցնել սովորական միջոցներով: Անոր տարածումը կարելի էր կասեցնել միայն ու միայն արտակարգ ազդու պատուաստի մը միջոցով, որ գոյութիւն չունէր: Անշուշտ շատ կարեւոր էին հետեւեալ կանխազգուշացումները` դիմակի գործածութիւնը, երկու մեթր հեռաւորութիւն պահելը, յաճախակի ձեռք լուալը, չհազալը եւ չփռնգտալը:
Պատուաստին պատրաստութիւնը կը կարօտէր ամիսներու եւ նոյնիսկ տարիներու գիտական բժշկական անխոնջ եւ յարատեւ աշխատանքի: Եւ այդպէս եղաւ: Աշխարհի չորս ծագերէն աշխարհահռչակ մասնագէտ գիտնականներ եւ բժիշկներ գործի լծուեցան, աշխատեցան գիշեր ու ցորեկ` օգտագործելով պատուաստի պատրաստութեան արհեստագիտութեան նորագոյն ոլորտները: Անոնք ի վերջոյ հասան նպատակայարմար արդիւնքի: Անոնք հնարեցին «Քորոնա» ժահրի համաճարակին դէմ պատուաստը: Զանազան երկիրներու մէջ պատրաստուեցան տեսակաւոր պատուաստներ, որոնք մարմինի դիմադրողական համակարգին կը սորվեցնեն ապահովապէս ճանչնալու եւ արգելափակելու COVID 19-ը պատճառող ժահրը:
Այս պատուաստներու պատրաստութիւնը եղած է ակադեմական խիստ հսկողութեամբ եւ հիմնուելով գիտութեան վրայ, որ գոյութին ունի տասնամեակներէ ի վեր: Անոնք փորձարարական չեն: Այս պատուաստները բոլորն ալ ապահով են եւ մասնաւոր բարդութիւններ չեն ստեղծեր: Անոնք ազդու են, արգելք կ՛ըլլան վարակումին եւ ժահրի տարածման: Անոնք արգելք կը հանդիսանան վարակումէն ետք ծանր հիւանդութիւններու եւ բարդութիւններու յայտնաբերման: Անոնք չեն վնասեր կաթնտու մայրերուն եւ արգելք չեն ըլլար յղութեան: Իսկ յղի կիներ իրենց բժիշկին հսկողութեամբ եւ արտօնութեամբ կրնան պատուաստուիլ: Գերզգայնութիւն ունեցող անձեր եւ վարակուած անձեր կրնան ստանալ այս պատուաստը:
Մինչեւ օրս շատեր պատուաստուեցան` հետեւելով առողջապահական կազմակերպութիւններու եւ հաստատութիւններու հետեւողական թելադրութիւններուն եւ ցուցմունքներուն: Սակայն կը սպասուի, որ պատուաստումը շարունակուի, եւ աշխարհի բնակչութեան մեծ տոկոսը ստանայ այս պատուաստը, մանաւանդ` երիտասարդները, պատանիները եւ բոլոր անոնք, որոնք չեն պատուաստուած եւ կամ կը տատամսին պատուաստուելու:
Այս ժահրը ոչ միայն սանձարձակ կը տարածուի 360 աստիճանի վրայ, հորիզոնական եւ ուղղահայեաց, այլ ան ազատօրէն կ՛այլափոխուի, եւ իր տարբերակը կը յայտնուի, որ աւելի ազդեցիկ է, արագօրէն կը փոխադրուի տեղէ տեղ եւ կը փոխանցուի անձէ անձ ու մանաւանդ աւելի վտանգաւոր է եւ մահացու:
Արդէն ահազանգը հնչած է ամէն կողմէ: Նոր տարբերակը հասած է բոլոր ժողովուրդներուն անխտիր: Միակ միջոցը պաշտպանուելու համար այս տարբերակէն` պատուաստուիլն է: Անոնք, որոնք չեն պատուաստուած մինչեւ օրս, անյապաղ դիմելու են պատուաստումի կեդրոնները` ստանալու համար պատուաստը:
Պատուաստուելով ոչ միայն մենք մեզ կը պաշտպանենք յարձակող ժահրէն, այլ նաեւ կը նպաստենք, որ մեր շուրջիններն ալ պաշտպանուին: Ուստի պատուաստումը անյապաղ կատարուելու է: Ուշացումով ժահրը աւելի ազատ եւ արագ կը տարածուի, եւ նոր տարբերակները կը մխրճուին ամէն կողմ:
Շրջապատուած ենք անհիմն, սխալ, ոչ գիտական տեղեկութիւններով եւ մոլորեցնող խառնիխուռն ցուցմունքներով: Դժբախտաբար ականատես ենք մեծ պետութիւններու քաղաքական ղեկավարներու պատուաստումի հակաքարոզչութեան, որոնք կը ծառայեն իրենց քաղաքական խաղերուն եւ շահերուն:
Երկու հակասական պատգամներ կ՛ողողեն պարզ ժողովուրդին ուղեղները: Առաջինը` քաղաքական ղեկավարներուն եւ երկրորդը` գիտնականներուն եւ բժիշկներուն հրապարակային կոչերը: Գիտնականներ եւ բժիշկներ հիմնուելով իրենց ակադեմական կարողութիւններուն, երկար տարիներու գիտական փորձառութիւններուն եւ հետազօտական աշխատանքի արդիւնքներուն վրայ` կը կատարեն յայտարարութիւններ, նախազգուշական յայտարարութիւններ եւ ցուցմունքներ` ի շահ մարդկութեան եւ մարդ արարածի առողջութեան, հանգիստին եւ բարօր կեանքին: Իսկ քաղաքական ղեկավարներ կը մոլորեցնեն իրենց հետեւորդները կեղծիքով լեցուն յայտարարութիւններով, աղաղակելով` կը մեղմացնեն կացութեան ահաւորութիւնը, արգելափակումները` վերադարձնելու համար իրենց տնտեսութիւնը եւ անձնական քաղաքական շահերը: Անոնք կ՛անտեսեն գիտնականներուն կատարած գիտահետազօտական աշխատանքներու արդիւնքները, կը պահեն զանոնք լուսանցքի վրայ եւ նոյնիսկ արգելք կը հանդիսանան անոնց յորդորներուն եւ կոչերուն:
Մարդոց առողջութիւնը կ՛ապահովուի գիտութեամբ եւ ոչ թէ` քաղաքական կեցուածքներով ու քաղաքական ղեկավարներու աճպարարութեամբ: Համաճարակները դիմագրաւելու եւ անոնցմէ դուրս գալու իրաւասութիւնը կը պատկանի գիտնականներուն, բժիշկներուն եւ առողջապահական մարմիններուն եւ ոչ թէ` իշխող քաղաքագէտներուն, որովհետեւ գիտութիւնը հիմնուած է արդիւնքներու, տուեալներու եւ ճշմարտութիւններու վրայ:
Այս խառնաշփոթ կացութիւնը կը մատնէ պարզ ժողովուրդը անվստահութեան, անորոշութեան, վախի եւ մտահոգութեան: Երեւոյթ մը, որ արդարացի է: Սակայն կողմնորոշուելու ենք` վստահելով գիտութեան ապահով տեղեկութիւններուն եւ տուեալներուն:
Պատուաստումը խիստ հրամայական է` չվարակուելու, մենք զմեզ եւ մեր շրջապատը պաշտպանելու եւ արգելք հանդիսանալու ժահրի նոր տարբերակներու տարածման: Պատուաստումը կը նպաստէ` բնականոն կեանքի վերսկսման եւ տնտեսութեան վերազարթնումին, կրթական հաստատութիւններու վերաբացման, ազատ ճամբորդութեան, ընկերային եւ մշակութային ձեռնարկներու վերսկսման, վերջ դնելու պարտադիր մեկուսացումին ու տնակեցութեան եւ այլն, եւ այլն…
Մոնրէալ, 16 օգոստոս 2021