Քորոնան՝ Բաժանման Խութ, թէ միացման օղակ
Քաղաքական կեանքի classic դպրոցի ուսուցման խնդիրներէն մին կը սորվեցնէ, թէ տարամերժ ուժեր, երբ դէմ հանդիման կը գտնուին խնդրի մը առաջ, ուր կը ներկայանան դիմակալելու նոյն հարցը որպէս արհաւիրք ընդունելու՝ սահմանելու, այդ թեման պատճառ կ՛ըլլայ, որ երկուստեք արհաւիրքի ընդհատման միջոցներ որոնեն եւ այդ հասարակ յայտարարը ծառայեցնեն մրցակից կամ հակադիր կողմերու միջեւ՝ որպէս կառուցողական միացման յենակէտ:
Իսկ նոյն պետութեան յարկին տակ գործող մրցակից քաղաքական ուժերը, պահուան լրջութիւնը հաշուի առած, հարկադրաբար կը մօտենան իրարու եւ այդ հարթակի վրայ կը զարգացնեն փոխըմբռման եւ հասկացողութեան եզրեր մինչեւ հասնին միեւնոյն յայտարարի:
Հայկական երկնակամարին վրայ դեռ թարմ է ե՛ւ ուսանելի այն օրինակը՝ ազգային գործիչ եւ ռահվիրայ ընկեր Հրայր Մարուխեանի, ուր անսալով իր հանդէպ անարդար նախագահական վճռին, հակառակ խոցուած կոտտացող վէրքին, ձեռք երկարեց հայրենի իշխանութեան, երբ օրակարգը կը ներկայանար հայերնիքի զարգացման կամ անվտանգութեան խնդիրներու շուրջ, առանց դոյզն իսկ խնայելու նոյն այդ այրերը, երբ հարցը կոպիտ պետական գործընթացի կամ քաղաքական կողմնորոշումի սխալ մէկնակէտ ունենար կամ կիրառում :
Հետեւաբար, հարցը պահուան գնահատականին մէջ կը կայանայ, եւ «օրակարգի» կամ ագթի արժեւորումներուն մէջ:
Ցեղասպանութեան օրակարգը, Արցախի անկախութեան եւ միացումի ամրակայումը, Հայաստանէն արտագաղթի երեւոյթը, Քորոնավայրուսի մարտահրաւէրը դիմակալելը, այնպիսի օրակարգեր են, ուր ոսկի միջին փնտռելու խնդիր պէտք չէ՛ ունենանք կամ պարանաձգութեան մարտ, այլ ունենանք մէ՛կ եւ միա՛յն մէ՛կ ազգային միացեալ յայտարար եւ հայ ազգի վայել բանիմաց քաղաքական վեհանձնութիւն:
Ժան Հալաճեան