Ցեղասպանութեան պահանջատիրութիւնը՝ 21-րդ դարու «յետճշմարտային» վտանգին դէմ յանդիման
Խ. Տէր Ղուկասեան
Հայոց Ցեղասպանութեան պահանջատիրութեան տարբեր հանգրուանները ծնունդ առած, զարգացած եւ ամբողջացած են ներազգային եւ միջազգային ոլորտներու փոխազդեցութեան ճամբով: Ընկերային որեւէ երեւոյթի նման, Հայոց Ցեղասպանութեան զարգացման հանգրուանները ո՛չ առարկայականօրէն ինքնաբերաբար կը ճշդուին իրենց սկիզբով եւ աւարտով, ո՛չ ալ անոնց արդիւնաւէտութիւնը կամ շարունակականութեան անխուսափելիութիւնը երաշխաւորուած են ի սկզբանէ: Հաւաքական որոշումներն ու անոնց գործնականացման վճռակամութիւններն են, որոնք յաճախ տարերային կամ անկանխատեսելի կերպով սկիզբ կը հանդիսանան քաղաքական գործընթացի մը եւ անոր զարգացման ինչ որ պահու մը կը կասեցնեն կամ նպատակաուղղումը վերատեսութեան կ’ենթարկեն: Բայց ներազգային հաւաքական ամէն որոշում եւ անոր գործնականացումը, ի մասնաւորի երբ կը վերաբերի գոյավիճակի մը փոփոխութեան, անխուսափելիօրէն կը տեղադրուի արտաքին, այս պարագային՝ միջազգային, պատմական ոլորտի յատուկ պայմաններուն մէջ: Հետեւաբար, նմանօրինակ ամէն որոշում, եթէ ունի ռազմավարական նախանձախնդրութիւն, չի կրնար անտեսել միջազգային ոլորտի պայմաններուն սահմանափակումները, որոնք կը խոչընդոտեն որոշումներու իրականացման գործընթացը: Հետեւաբար, որպէսզի լաւագոյնս շրջանցուի որեւէ գործընթացի սկիզբի տարերայնութիւնը անհրաժեշտ է միջազգային պատմական ժամանակամիջոցի նկատառումը եւ անոր հրապարակային քննարկումը:
Հայոց Ցեղասպանութեան պահանջատիրութիւնը 1965-էն ի վեր իր զագացումը ապրեցաւ միջազգային հիմնականօրէն աննպաստ պայմաններու մէջ: Պաղ պատերազմի յատուկ մեծապետական երկբեւեռային աշխարհակարգին մէջ Ցեղասպանութեան արդարահատոյցը ի սկզբանէ հողային պահանջատիրութեան հետ նոյնացաւ: Կարելի է նոյնիսկ ըսել, որ այդպէս ալ սկսաւ, եթէ նկատի ունենանք, որ Հայ Դատի քաղաքական առաջին յաջողութիւնը Ուրուկուէի խորհրդարանին մէջ նոյն տարուան ընթացքին ընդունուած օրէնքն է: Սեւրի Դաշնագրի գործադրութեան մասին է այդ օրէնքը, ոչ թէ յատուկ Ցեղասպանութեան ճանաչման, որ բանաձեւուած է օրէնքի բացատրութեան բաժնին մէջ: Երեւանի փողոցներուն մէջ Յիսունամեակի տեղի ունեցած անկիւնադարձային ցոյցերը, որոնք վերջ տուին Խորհրդային Հայաստանի համայնավար ղեկավարութեան յաւուր պատշաճի լռակեաց յիշատակումներուն, »Մեր հողերը, մեր հողերը« կը բացականչէին: Օրին »ճանաչման»« խնդրին մասին մտածելը անհասկնալի իրողութիւն էր, քանի ինքնստինքեան հասկնալի էր, որ այն ինչ «Մեծ Եղեռն» կամ պարզապէս «ջարդ» կը կոչէինք, Երիտթուրքերու ծրագրած ու կազմակերպած հայութեան բնաջնջման ծրագիրն էր: Թէ սթալինեան բռնատիրութիւնը հայրենի ժողովուրդին եւ Սփիւռքի մէջ այսպէս կոչուած «հայաստանասէր» հատուածին պարտադրած էր հաւաքական յիշողութեան մէջ պատահածին պատասխանատուութիւնը վերագրել »ազգայնական պուրժուազիա«յին, որպէսզի արդարացնէ Մոսկուայի Դաշնագրի պարտադրանքը, չէր կրնար նշանակել, որ այն ինչ որ պատմականօրէն պատահած էր, առարկայականօրէն անժխտելի իրողութիւն ըլլալէ կը դադրէր: Հիթլեր յիշած էր հայերուն պատահածը, համոզուած որ ոչ ոք պիտի յիշէր այն եւ, հետեւաբար, այնքան ատեն որ Գերմանիա յաղթական դուրս գար պատերազմէն ոչ ոք պիտի յիշէր հայերու բնաջնջման օրինակով Նացիներուն կողմէ ծրագրուած եւ գործադրուելու սկսած հրեաներու Ողջակիզումը: Յատկանշական է, որ Հիթլեր չէր ժխտեր հայերու բնաջնջման իրողութիւնը, պարզապէս՝ իրողութեան մոռացումը, անոր լռութեան դատապարտումը, որ, ինչպէս գիտենք, Սեւրի Դաշնագրին դէմ ապստամբած եւ անոր ձախողեցման հիման վրայ Թուրքիա ստեղծած Մուսթաֆա Քեմալի արդէն իսկ որդեգրած քաղաքականութիւնն էր: Հայերու բնաջնջման մասին գրած էր նաեւ Ռաֆայէլ Լեմքին եւ իրողութիւնը այնքան անժխտելի համարած, զոր բառացիօրէն օրինակելի նկատած իր նորաստեղծ իրաւական յղացքին՝ ցեղասպանութեան: Հետեւաբար, Հայոց Ցեղասպանութեան պահանջատիրութեան գործընթացը Յիսունամեակի անկիւնադարձին շատ աւելի կազմակերպուած եւ հետեւողական պայքարի բնոյթ առաւ հողերու վերադարձի նպատակի բանաձեւումով:
Անշուշտ, օրուան ղեկավարութիւնը ո՛չ այնքան միամիտ էր, ո՛չ ալ անգրագէտ միջազգային յարաբերութիւններու մասին, որ անգիտանար առաջադրուած նպատակի անհասանելիութեան: Նշենք որ այս յօդուածով »ղեկավարութիւն« հասկացողութեան, կամ ընդհանրապէս Հայ Դատի պահանջատիրութեան, նեղ-կուսակցական սահմանում չի տրուիր: Սփիւռքի մէջ գործող պատմական երեք կուսակցութիւններու Յիսունամեակի միացեալ կեցուածքը բացայայտ դարձուցած էր, որ իրենց ունեցած գաղափարախօսական ամէն տարբերութիւններով հանդերձ երեք կուսակցութիւններու մտածողութիւնը կասկածի տակ չէր առներ հողահաւաքի ու հայրենադարձութեան հրամայականները, որոնք իրենց քաղաքական ծրագիրներուն մէջ ամրագրուած էին: Կարելի է »ցնորք« (Եութոփիա-յի իմաստով) համարել այդ: Բայց Գերսամ Ահարոնեանի »Մեծ Երազ«ը իր բնոյթով տարբեր չէր Ռաֆֆի »Խենթ«ին նշանաւոր երազէն: Այսինքն՝ այնքան ալ իմաստ չունի »իրապաշտ« թէ »անիրապաշտ« նկատել Հայոց Ցեղասպանութեան պահանջատիրութեան գործընթացին սկիզբ տալ հողերու վերադարձի պահանջով: Միայն Մոսկուայի պաշտօնական անցողական (փասիւ) կեցուածքը, չըսելու համար թրքական լռութեան համայնավարական մեղսակցութիւնը, արդարացնողները »կը զգուշացնէին«, որ նման պահանջ համաշխարհային պատերազմի կրնար առաջնորդել…
Կը մնայ որ յաջորդ երկու տասնամեակներուն Հայոց Ցեղասպանութեան պահանջատիրութիւնը զարգացաւ նոյն այդ միջազգային ոլորտին մէջ, թրքական ժխտողականութեան աշխուժացման հակազդեցութեան անխուսափելի հրամայականով եւ այդպէս էր, որ ոճիրին որպէս ցեղասպանութիւն ճանաչումը վերածուեցաւ առաջնահերթութեան: Քաղաքական գործընթացներու հանգրուանումը անշուշտ հիմնականօրէն մտաւորական-վերլուծողական աշխատանք մըն է, որ, սակայն, կը մեկնի լայն անդրադարձ ունեցած իրողութիւններու նկատառումէն: Այսպէս, Ցեղասպանութեան պահանջատիրութեան ճանաչման հանգրուանը կարելի է տեղադրել հիմնականօրէն ՄԱԿ-ի Մարդկային Իրաւանց Ենթայանձնախումբի տեղեկագրին մէջէն անոր յիշատակման ջնջման (1973) եւ Ուիթեքէրի խմբագրած նոյն տեղեկագրին մէջ վերաբանաձեւման (1985) ժամանակամիջոցը: Այս հանգրուանումը չի նշանակեր, որ նոյն այդ տարիներուն կամ անոնցմէ յետոյ ճանաչման համար հիմնական այլ յաջողութիւններ չեն արձանագրուած կամ այդ արձանագրումներուն կարեւորութիւնը նուազ ու երկրորդական է: Ժողովուրդներու Ատեանին որոշումը, Միթերանի եւ Ալֆոնսինի յայտարարութիւնները, նոյնիսկ Ռեկընի յաճախ մոռցուած յայտարարութիւնը Ապրիլ 24-ի առիթով, որ երբեք չկրկնուեցաւ, Եւրոխորհրդարանի որոշումը, Ֆրանսայի, Արժանթինի եւ այլ երկիրներու մէջ օրէնքներու անցկացումը եւ տակաւի՛ն… ոչ ալ ճանաչման հանգրուանումը կը նշանակէ, որ հետագային նմանօրինակ նուաճումներ իրենց կարեւորութիւնը պիտի չունենան: Միացեալ Նահանգներու կամ Իսրայէլի կողմէ որեւէ պետական յայտարարութիւն կամ օրէնք անկասկած որ միջազգային մեծ հնչեղութիւն պիտի ունենայ, եւ քաղաքական զարգացումներու նոր դուռեր պիտի բանայ անկասկած: Բայց Ցեղասպանութեան ոճիրի կատարելագործման նպատակաուղղուած քայլը, զոր թրքական դիւանագիտութիւնը տուաւ ատենին միջազգային միակ այժմէական փաստաթուղթին մէջ իրողութեան արձանագրութիւնը վերցնելու ուղղութեամբ, եւ պետական միջոցներէ զուրկ լոկ սփիւռքահայութեան զօրաշարժին արդիւնքով արձանագրութեան վերանշումը տասնեօթը տարիներու պայքարի արդիւնքով առանձին ուշադրութեան արժանի է որովհետեւ, ի մէջ այլոց, այդ պայքարն էր որ միջազգայնականացուց Հայ Դատը եւ, հետեւաբար, երեւան հանեց միջազգային պատմական ոլորտի առաւելութիւններն ու սահմանափակումները վերլուծելու եւ դասեր քաղելու անհրաժեշտութիւնը:
Արդարահատոյցի իմաստով, բնականաբար, ճանաչումը ոչ մէկ հետեւանք կը խոստանար: Ընդհակառակը, եթէ պետական մակարդակով ճանաչման յայտարարութիւններ եղան անխուսափելիօրէն Թուրքիոյ հետ դիւանագիտական լարուածութեան նկատառումով, միեւնոյն ժամանակ երբեք չբացակայեցան հողային վերադարձի մասին ոչ մէկ զօրակցութեան սպասում ունենալու զգուշացումները: Ճանաչման նախանձախնդրութիւնը կը դիտուէր որպէս բարոյաքաղաքականութիւն (մորալփոլիթիք) որուն սկսած էին կարեւորութիւն տալ յատկապէս համամարդկային արժէքներու պաշտպանութեան հաւատացող կեդրոն-ձախ ընկերվար-ժողովրդավար թէ կեդրոն-աջ ազատամէտ քաղաքական ուժեր: Պատահական չէ, որ այդ տարիներուն Հայոց Ցեղասպանութեան պահանջատիրութեան ոչ-հայ դերակատարները հիմնականօրէն Եւրոպայի եւ Հարաւային Ամերիկայի տարածաշրջաններէն էին: Միթերան թէ Հանրի Սապի, օրինակի կարգով նշելու համար ի միջի շատ այլոց, նաեւ յառաջամարտիկներն էին եւրոպական համարկումի գործընթացին, ուր ժողովրդավարութեան, մարդկային իրաւունքներու եւ խնամատար պետութեան յատուկ ընկերային արդարութեան արժէքները կ’ամրագրուէին որպէս հիմնական կանոն: Ուիթեքէրի մօտիկ գործակից եւ անոր անունով տեղեկագրին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ պարբերութեան խմբագրման մէջ ճակատագրական դեր ունեցած Լէանտրօ Տեսփուի Արժանթինի զինուորական բռնատիրութեան դէմ պայքարած եւ միջազգային մասշտապով մարդկային իրաւանց պաշտպան փորձագէտ մըն էր, անդամ էր այն ատեն երկրի նախագահ Ռաուլ Ալֆոնսինի կուսակցութեան, որ անդամ է Ընկերվար Միջազգայնականին: Այս վերջինիս վճռակամութեան արդիւնքով է, որ ժողովրդավարութեան վերադարձով Արժանթին հանդիսացաւ միակ երկիրը, ուր երեսուն հազար քաղաքացիներու «անհետացման» ցեղասպանական ոճիրը գործած զինուորական խունթան դատապարտուեցաւ: Ալֆոնսին, որ Միթերանէն մէկ տարի անց հրապարակային պատմական յայտարարութեամբ մը եղաւ Լատինական Ամերիկայի պետական առաջին անձնաւորութիւնը, որ ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, նաեւ նախաձեռնողն էր դրացի Պրազիլի եւ Չիլէի հետ պատմական լարուածութիւններու մեղմացման եւ վերացման գործընթացին, որ սկիզբ տուաւ տարածաշրջանին մէջ արդէն ժողովրդավարութեան վերադարձած երկիրներու համարկման: Ընդհակառակը, օրին երկու գերհզօր պետութիւնները, Միացեալ Նահանգներ եւ Խորհրդային Միութիւն, Պաղ պատերազմի ռէալփոլիթիք-ի անգիր կանոնակարգի հետեւումով ոչ մէկ մասնակցութիւն ունեցան Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացին: Անտեղեակ չէին հարցէն, ոչ ալ անտարբեր, այլ »զգոյշ«՝ Թուրքիան չնեղացնելու հաշուարկով: Ընդհակառակը, եթէ մտածենք տխրահռչակ Սաֆոնովին մասին, Խորհրդային Միութիւնն էր, որ կրնար եւ ձախողութեան մատնել ՄԱԿ-էն ներս Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացի այդ առաջին եւ փոքր բայց այնքան կարեւոր քայլը… Անհատ անձնաւորութիւններու յանձնառութիւնը յարգելով հանդերձ, պէտք է նաեւ դիտել տալ, որ իր պայքարով այնքան պայծառացած Երրորդ Աշխարհի պետութիւնները քիչ եւ ոչինչ բերին Հայ Դատի պայքարին: Գաղութատիրութենէն իրենց ժողովուրդները ազատագրած յեղափոխական մեծ դէմքերուն յոյսը Ափրիկէէն մինչեւ Միջին Արեւելք եւ Ասիա Նոր Մարդը կերտելու՝ վերածուած էր կենդանի մղձաւանջի՝ իրերայաջորդ պետական հարուածներով, ամբողջատիրական կարգերու հաստատումով եւ մարդկային իրաւանց ոտնահարումներով:
Հայոց Ցեղասպանութեան պահանջատիրական այդ հանգրուանի ամենահերոսական էջը ուժական պայքարն է: Այն է որ նուիրեալներու իր բանակով ամենէն աւելի դրոշմեց աշխարհացրիւ եւ հայրենաբնակ հայութեան հաւաքական յիշողութիւնը: Առանց անոր դժուար թէ պահանջատիրութիւնը տեսանելի ըլլար, Ցեղասպանութեան վերապրողներու արդարութեան աղաղակը լսելի դառնար: Հերոսութիւնն ու հերոսները յաւերժականօրէն կը մնան հաւաքական յիշողութեան մէջ: Չի նշանակեր, որ հերոսական արարքները անպայմանօրէն անհրաժեշտ են, եւ այս պարագային խօսքը ուժական պայքարին մասին է: Ընդհակառակը, Ցեղասպանութեան ճանաչման հանգրուանի յատուկ ուժական պայքարը իւրայատուկ էր շատ բացառիկ պայմաններու եւ անոր ամենաանհրաժեշտ բաղադրիչը՝ այն կասեցնելու հասունութիւնն է, որուն մասին, բարեբախտաբար, տասնիներորդ դարու ազատագրական պայքարը բան մը սորվեցուցած էր. անշուշտ՝ անոնց որոնք պատմութեան դասերը սորվելու կարողութիւնը եւ պատրաստականութիւնը ունին, եւ, ամենակարեւորը, արտաքին ուժերու գործակալ չեն: Այս հանգրուանի մնայուն դասերը ուրիշ են: Անոնցմէ ամենահիմնականը՝ Սփիւռքի նման ոչ-պետական հաւաքականութեան համար միջազգային համակարգի մէջ քաղաքական դերակատարութեան համար առանցքային են, պետական թէ ոչ-պետական, դաշնակիցները: Երկրորդ՝ Ցեղասպանութեան պահանջատիրութիւնը չի կրնար տարանջատուիլ բարոյաքաղաքականութեան յանձնառութենէն եւ որպէս այդպիսին սերտօրէն առնչակից է Մարդկային Իրաւանց համամարդկային պայքարին հետ: Այլ խօսքով, բոլոր անոնք, որոնք զօրակից եղան եւ առաջատար դեր ստանձնեցին Ցեղասպանութեան ճանաչման գործին մէջ, այդ մէկը ըրին որովհետեւ համոզուած էին Հայ Դատի արդարացիութեան, համոզուած էին, որ Հայ Դատը համահունչ էր Մարդկային Իրաւանց հետ եւ բաղկացուցիչ տարր՝ այդ իրաւունքներու ամբողջական յարգանքին վրայ հիմնուած համամարդկային համակարգի մը ստեղծման: Որքան ալ որ ազգային հիմնահարց էր, Ցեղասպանութեան արդարահատոյցը պէտք է համոզիչ ըլլար նաեւ որպէս համամարդկային դատ, եւ այդ մէկը շատ լաւ հասկցան առաջին հերթին յանձնառու ակադեմականներու այն սերունդը, որ բանաձեւեց Ցեղասպանութեան արդարահատոյցը որպէս համամարդկային խնդիր, ապա նաեւ քաղաքական այն գործիչները, որոնք օրն ի բուն աշխատեցան, որպէսզի տարբեր նուաճումները իրականանան: Եզրակացութիւնը միանշանակ է. Ցեղասպանութեան արդարահատոյցը առաջընթաց կ’արձանագրէ միջազգային այն համակարգին մէջ, ուր Մարդկային Իրաւանց յարգանքի նախանձախնդրութիւն կայ, համակարգին առաջընթացը կը պատկերացուի Մարդկային Իրաւանց ամրագրումով: Այդ համակարգը դեռեւս Լուսաւորութեան դարէն զարգացաւ՝ ճանչցուելու համար որպէս ազատամտական, կամ՝ լիպերալ, որուն թարգմանութիւնը աւելի շատ ազատական է: Հայերէն երկու տարբեր յղացք գործածելու պատճառը ազատականութենէ յաճախ ազատ շուկայականութեան հետ նոյնացնելու, շփոթելու կամ անով պայմանաւորելու սխալ հասկացողութիւնն է: Նման մտածողութեան գաղափարախօսներուն համար ազատամտականութիւնը չի պատկերացուիր դրամատիրական համակարգէն դուրս, եւ անիմաստ են, օրինակի համար, հարստութեան արդար բաժանումը կամ ընկերվարական շուկայի հասկացողութիւնը: Մինչդեռ ազատամտական համակարգի բաղկացուցիչ հանրապետական արժեհամակարգը, ժողովրդավարութիւնը, Մարդկային Իրաւունքներն ու աւելի ազատ, արդար եւ արդար համամարդկային գոյակցութիւնը ազգերու եւ ժողովուրդներու ընկերվարական պայքարի ծրագրային դրոյթներուն մաս կազմած են առնուազն Երկրորդ Միջազգայնականի կազմութենէն ի վեր: Միայն հարիւր տարի առաջ յանուն համաշխարհային յեղափոխութեան Ռուսիոյ մէջ իշխանութիւնը խլած պոլշեւիկներն էին, որոնք այս արժէքները համարեցին քաղքենիութեան յատուկ արժէքներ եւ ոչ թէ ընկերվարական պայքարի ծրագրային նպատակներ: Պատմութեան առաջընթացը ցոյց տուաւ, թէ որքան զարգացաւ ընկերվարական արժեհամակարգը, երբ յանձնառու մնաց ժողովրդավարութեան եւ Մարդկային Իրաւունքներուն, մինչդեռ ժողովրդավարական ազատութիւններէ զուրկ խորհրդային համայնավարութիւնը վերածուեցաւ ամբողջատիրական եւ ծաւալապաշտական համակարգի մը, ուր մարդկային իրաւանց ոտնահարումը ընդհուպ մինչեւ ցեղասպանական սովամահութիւն, ինչպէս պատահեցաւ Սթալինի օրերուն, իրողութիւն էր:
Առանց սեփական պետական որեւէ նեցուկի Ցեղասպանութեան ճանաչման պայքարի փոքր սակայն միեւնոյն ժամանակ հսկայական նուաճումները նաեւ ճիշդ եւ արդարօրէն յուշեցին, որ եթէ ազգային պետութիւնը, որպէս միջազգային իրաւունքի ենթակայ, իր իրաւականութիւնն ու միջոցները գործի լծէ ծաւալելու համար Ցեղասպանութեան արդարահատոյցի համաշխարհային դիւանագիտութիւն, արդիւնքները շատ աւելի ուշագրաւ եւ արագընթաց պիտի ըլլային: Չափազանցուած թէ ոչ, Սփիւռքի այս սպասումը հասկնալի էր նաեւ այն իմաստով, որ խորհրդային վարչակարգն էր հիմնական խոչընդոտը ազատ ու անկախ երկրի մը յատուկ արտաքին քաղաքականութիւն ծաւալելու: Առաւել որ Խորհրդային Միութեան փլուզումով ազատամտական աշխարհակարգը ինքնաբերաբար համաշխարհային իրաւականութիւն կը ստանար: Եւ թէեւ պալքաններէն մինչեւ Ռուանտա եկան ցոյց տալու որ ցեղասպանութիւնը կը շարունակէ քաղաքական այլընտրանք ըլլալ, միեւնոյն ժամանակ սակայն Միջազգային Քրէական Ատեանի ստեղծումով եւ Պաշտպանելու Պատասխանատուութեան չափանիշի որդեգրումով իր ծնունդէն ի վեր ամբողջ յիսուն տարի ոչ մէկ զարգացում ապրած ՄԱԿ-ի Ցեղասպանութեան Պատժման եւ Կանխարգիլման Համաձայնագիրը կարեւոր առաջընթաց արձանագրեց: Մէկ խօսքով, միջազգային ոլորտի պայմանները շատ աւելի բարենպաստ էին Սփիւռք-հայրենիք ռազմավարական համագործակցութեամբ՝ Ցեղասպանութեան արդարահատոյցը պետական քաղաքականութեան օրակարգին անցընելու համար: Կարեւոր է հոս ընդգծել, որ Արցախեան պատերազմը, Հայաստանի շրջափակումն ու ազատ ու անկախ պետական կառուցումը, որոնք ազգային ամենաառաջնահերթ մարտահրաւէրներն էին, ոչ մէկ ձեւով արգելք էին, որպէսզի Ցեղասպանութեան հարցը պետական քաղաքական օրակարգին մաս կազմէր: Այդպէս չեղաւ: Ընդհակառակը, Ցեղասպանութեան հարցով ազատ ու անկախ պետականութեան վարքագիծը եղաւ հիմնականօրէն յուսախաբիչ: Նախ Լեւոն Տէր Պետրոսեանին կտրուկ մերժումը այն նկատելու քաղաքական, եւ նուազ արտաքին քաղաքական, խնդիր՝ որպէս հիմնաւորում բերելով «պետական մտածողութեան» եւ «Հայ Դատականութեան» արհեստական հակադրութիւնը: Ապա անոր յաջորդած երկու նախագահներուն այդ սխալի սրբագրութեան կողքին հարցը հրապարակային յայտարարութիւններով սահմանափակելու իրողութիւնը: Մինչ այդ Տէր Պետրոսեանէն ժառանգ մնացած Թուրքիոյ հետ «առանց նախապայմաններու բանակցելու» բազմիմաստ քաղաքականութիւնը մնաց ինչպէս որ է եւ, մինչեւ իսկ, ծնունդ տուաւ հայ-թրքական »հաշտութեան« թատրոնին եւ ֆութպոլային դիւանագիտութեան »կաֆ«ին, որ վերածուեցաւ փրոթոքոլներու սպառնալիքին: Ինչպէս բազմիցս գրուած է, 2010-2011էն սկսեալ եւ, ի մասնաւորի, Ցեղասպանութեան Հարիւրերորդ Տարելիցի պատրաստութեանց գործընթացով այդ սպառնալիքը չէզոքացուեցաւ: Յունուար 29, 2015-ին նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ Ծիծեռնակաբերդի մէջ ընթերցուած Հռչակագիրը եկաւ ոչ միայն հաստատագրելու Հայաստանի անկախացումէն ետք վերիվայրումներով գրեթէ քսանհինգ տարի տեւած Ցեղասպանութեան պահանջատիրութեան հարցով պետական սխալ քաղաքականութիւն մը, այլ պաշտօնապէս սկիզբ դրաւ նոր հանգրուանի մը՝ ճանաչումէն արդարահատոյց: Այդ թուականէն երկու տարի անց տակաւին կանուխ է նոր հանգրուանի մը առաջին հաշուեյարդարն ու քննարկումը կատարելու: Սիսի Կաթողիկոսութեան պահանջը, Հայ Դատի Յանձնախումբի ստեղծած Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան իրաւական հաստատութիւնը, Օրորա Մարտիկեանի անուան միջազգային մրցանակը, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի ծիրէն ներս հայկական դիւանագիտութեան կարգ մը նախաձեռնութիւնները բարացուցական են գործընթացի մը սկիզբին, առանց որ տակաւին այն ռազմավարական յստակ նկարագիր մը ունենայ: Եւ քանի որ Հարիւրերորդ Տարելիցէն սկսեալ նոր հանգրուանի մը սկիզբի տարրերը կան, անհրաժեշտ է վերլուծել միջազգային ոլորտը՝ առաւել թէ նուազ յստակ գաղափար մը ունենալու համար անոր պայմաններու ստեղծելիք խոչընդոտներուն թէ առաւելութիւններուն: Այս իմաստով, դժբախտաբար, ի մասնաւորի անցնող տարուան իրադարձութիւնները լաւատեսութիւն չեն ներշնչեր: Աւելի՛ն, կան մտահոգիչ բազմաթիւ երեւոյթներ, որոնք կու գան յուշելու որ անցնող քսանհինգ տարիներու Ցեղասպանութեան պահանջատիրութեան նոր թափ ու որակ տուած միջազգային առաւել թէ նուազ դրական պայմաններու ետդարձի կարելիութիւնը մտահոգիչ աստիճանի հասած է:
Այսպէս, մէկ կողմէ 1990-ական թուականներու իւրայատուկ խաղաղարական դիւանագիտութիւնը, բանակցային գործընթացն ու ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերու առաքելութիւնները կտրուկ կերպով նուազած են: Ճորճ Պուշի յայտարարած «ահաբեկչութեան դէմ պատերազմ»ը, որուն արդարացիութիւնը 11 Սեպտեմբեր 2001-ի ահաբեկչական արարքներէն յետոյ ոչ ոք հարցականի տակ կրնար դնել, յանգեցաւ միջազգային յարաբերութիւններու կտրուկ ռազմականացման: Ընդ որում, տագնապներու լուծումը չ’ընկալուիր խաղաղարական գործընթացներու ընդմէջէն որքան զինուորական միակողմանի միջամտութիւններու: Ինչ որ, իր կարգին, փոխանակ տագնապներու լուծումը դիւրացնելու զանոնք աւելի եւս կը բարդացնէ եւ դուռ կը բանայ հակադարձութիւններու եւ նորանոր միջամտութիւններու: Իւրաքանչիւր պետութիւն իր զօրակցութիւնը յայտնելով Միացեալ Նահանգներուն 11 Սեպտեմբեր 2001-էն յետոյ անմիջապէս փութաց միանալու «ահաբեկչութեան դէմ պատերազմ»ին եւ պատրաստեց «ահաբեկիչներ»ու իր ցանկը որ, յաճախ, կ’ընդգրկէր նաեւ ընդդիմադրութիւնը եւ Մարդկային Իրաւանց պաշտպանները: Տակաւի՛ն, Միացեալ Նահանգներու մէջ «ահաբեկչութեան դէմ պայքար»ը յանգեցաւ Մարդկային Իրաւանց եւ քաղաքացիական ազատութիւններու եթէ ոչ սահմանափակման, այլ գոնէ կարեւորութեան նսեմացման, եւ իրաւականօրէն արդարացուելու սկսան չարչարանքի տարբեր ձեւեր, որոնք կը յիշեցնեն պատմութեան ամենաբարբարոս ժամանակահատուածները: Այն ինչ որ պետութիւնները կը փորձեն արդարացնել օրէնքի սահմաններուն մէջ եւ անխուսափելիօրէն դէմ յանդիման կու գան քաղաքական թէ քաղաքացիական շրջանակներու ընդդիմութեան յանուն Մարդկային Իրաւանց, ազատ քաղաքացիական հասարակարգի եւ իրաւական պետութեան յարգանքին, իսլամականները, ինչպէս Նուսրա եւ ՏԱՀԷՇ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ցոյց տուին, որ չեն վարանիր ոչ միայն օր ցերեկով եւ բաց դէմքերով ընելու, այլ նաեւ նկարահանելու եւ ընկերային ցանցերով տարածելու որպէս հերոսութիւն: Պէտք է նշել իսլամական ահաբեկչութեան իւրայատուկ բարբարոսութիւնը, որ արդարացի կը նկատէ անմեղ քաղաքացիները թիրախ ընտրելու որոշումը, ինչ որ ահաբեկչութիւնը կը վերածէ բառացիօրէն մարդկութեան դէմ ոճիրի: Ահաբեկչական արարքներու կամ ակաբեկչութեան դէմ պատերազմի պատճառաբանութեամբ պետութիւններու հակահարուածները »բնականացուցած« են »կողմնակի վնասներ«ու հասկացողութիւնը, որ քաղաքականօրէն »կիրթ« եւ խնամուած ձեւով կ’արդարացնէ իւրաքանչիւր իրական թէ ենթադրական ահաբեկիչի սպանութեան զուգահեռ յաճախ տասնեակներով անմեղ զոհեր պատճառելու ռիսքը: Լաւագոյն պարագային յետ-արարքի քննիչ յանձնախումբ մը կը կազմուի… Սուրիոյ պատերազմին գործածուած քիմիական զէնքերը եւ անոնց հետեւանքները փոխադարձ ամբաստանութիւններու եւ հակազդեցութիւններու իմաստով բարացուցական են, թէ որքա՛ն վտանգաւոր դարձած են տագնապները՝ բացառաբար ռազմական միջոցներով լուծելու հակամէտութիւնը: Առաջին եւ Երկրորդ Համաշխարհային Աշխարհամարտերը եկան ցոյց տալու, որ միջազգային յարաբերութիւններու ռազմանականացումը կ’աւելցնէ ցեղասպանութեան ռիսքը: Իսլամականները, մանաւանդ ՏԱՀԷՇ-ը, եկան ցոյց տալու որ իրենց համար »ճիհատ«ը ինքնանպատակ է, ընդ որում ոչ միայն »անհաւատներուն« բնաջնջումը որպէս կրօնական առաքելութիւն իրենց ռազմավարութեան մաս կը կազմէ, այլ քաղաքակրթութեանց պարզ եւ մէկին անէացումը ի խնդիր քանի մը տողերով հարիւրամեակներ առաջ որպէս թէ յայտարարուած մարգարէութեան մը իրականացման: Միայն իսլամականներուն յատուկ չէ անշուշտ պատերազմիլ թշնամիին բնաջնջման նպատակով: Ո՞վ կրնայ հարցականի տակ դնել, որ ատրպէյճանական թշնամանքը իր էութեամբ տարբեր է փանթրքական ցեղապաշտական հայատեացութենէն, երբ Ալիեւ համայն հայութիւնը կը յայտարարէ Ատրպէյճանի թշնամի, Հայաստանի գոյութիւնը կը ժխտէ եւ պատերազմական իւրաքանչիւր բախումի ատրպէյճանական կողմը առիթը չի փախցներ իր բարբարոսութեան կնիքը ձգելու, որպէս պատգամ, թէ ի՛նչ կրնայ սպասել հայութեան եթէ յաղթական դուրս գան իրենք…
Միջազգային յարաբերութիւններու այս ռազմականացումը տարանջատ չէ ազատամտական աշխարհակարգի ճգնաժամէն: Պրեքզիթ, Թրամփ եւ Եւրոպայի մէջ ծայրայեղ աջի քաղաքական ուժերու առաջընթացը իրենց հետ կը բերեն ժողովրդավարութեան, հանրապետական արժեհամակարգի, քաղաքացիական ազատութիւններու եւ մանաւանդ Մարդկային Իրագանց յարգանքի նսեմացման յստակ նախանշաններ: Օքսֆորտի բառարանը 2016-ին տարուան բառ ընտրեց »յետճշմարտութիւն« յղացքը, որ թէեւ 1990-ականներէն ի վեր իր մտաւորական-իմաստասիրական, հետեւաբար աւելի անվտանգ, բանաձեւումով բանավէճի առարկայ կը դարձնէր մէկ եւ միակ »առարկայական« կամ »գիտական« ճշմարտութեան մը իրողութիւնը, ինչպէս յետարդիականութեան մտածողները բանաձեւած են իրենց գրութիւններուն մէջ, արդէն կը յատկանշէ 21րդ դարու միջազգային յարաբերութիւններու »ժամանակի ոգին«: Փաստօրէն, ինչպէս Թրամփի վարքագիծը ժողովրդականացուցած է, կարելի է անճիշդ, եթէ ոչ սուտ, իրողութեան մը մասին հանրային յայտարարութիւն կատարել եւ անոր հիման վրայ քաղաքական որոշում մը առնել, ապա, երբ փաստացի իրողութիւններ կը պակսին՝ յայտարարուածին ճշմարտացիութեան համոզման համար կարելի է դիմել »այլ-իրողութիւն«ներու (ալթ-ֆաքթ)՝ արդարացնելու համար քաղաքական նախաձեռնութիւնը: Նման աճպարարութիւն իւրայատուկ չէ Թրամփին: Երբ Իրաքի մէջ ԱՄՆ-ի զինուորական միջամտութիւնը որպէս թէ արդարացուցած »զանգուածային քանդումի զէնքեր«ը չգտնուեցան, օրին Պաշտպանութեան Քարտուղար Տոնըլտ Ռամսֆելտ իրեն յատուկ սոփեստութեամբ յայտարարեց՝ »Զէնքերը չգտանք, ըսել չէ թէ գոյութիւն չունին«… Ճիմի Քարթըրէն յետոյ Մարդկային Իրաւանց ամենէն աւելի յանձնառու պետական դէմք Պարաք Օպամայի նախագահութեան զոյգ ժամանակաշրջաններուն՝ նման շնականութիւններու բացառման ճիգը չպակսեցաւ: Բայց հետզհետէ աւելի աջ թեքող քաղաքական հատուածները խորացուցին անճիշդ իրողութիւններու վրայ հիմնուած բայց էապէս յուզական յայտարարութիւններով զանգուածային զօրաշարժեր առաջացնելու քաղաքական վարժութիւնը: Թրամփի ընտրութիւնը նաեւ այս վարժութեան յաջող ծայրայեղացումն է ի մէջ, անշուշտ, ընկերատնտեսական բազմաթիւ այլ ազդակներու: Վտանգաւորը բնականաբար քաղաքական որոշումներ կայացնելու այս ձեւին օրինականացումն է, որ ժողովրդավարական հաստատութիւններու վերահսկողական կարելիութիւնները կը փորձէ չէզոքացնել: Նման նախաձեռնութիւններ, պարզ է, յատուկ են հզօրներուն եւ բարացուցական՝ անոնց մեծամտութեան որպէս անսխալական եւ անպատժելիութեան համոզումին: Քաղաքական գործունէութեան »յետճշմարտութեան« այս ընթացքը թրքական ժխտողականութեան նոր կարելիութիւններու դուռ կը բանայ: Ցեղասպանութեան Հարիւրերորդ Տարելիցին յստակ յետընթաց արձանագրած թրքական ժխտողականութիւնը անցնող երկու տարիներուն փոքր առաջընթացներ արձանագրեց եւ եթէ 21-րդ դարու այս ժամանակահատուածին »յետճշմարտութիւնը« ինքզինք հաստատէ որպէս »ժամանակի ոգի«, սպասելի է ժխտողականութեան միջազգային նոր եւ վտանգաւոր արշաւ մը:
Թրքական ժխտողականութեան այս նոր արշաւի հեռանկարային սպառնալիքը առանձին քննարկման նիւթ է: Հայոց Ցեղասպանութեան պահանջատիրութեան այս հանգրուանին միջազգային ներկայ ոլորտի վերլուծման այս փորձը երկու սկզբնական եզրակացութեան կ’առաջնորդէ: Առաջին, աւելի քան երբեք պատրաստ պէտք է ըլլալ պատերազմի մը, որ եթէ սկսի ատրպէյճանական կողմէն՝ պէտք է սպասել վատագոյնը: Նման բանաձեւում ո՛չ ատրպէյճանական ժողովուրդը կը նկատէ հայութեան թշնամի, ինչպէս Ալիեւ հրապարակային կերպով կը յայտարարէ, ո՛չ ալ կը ժխտէ, որ կան քաղաքական շրջանակներ թէ անհատ գործիչներ ատրպէյճանցիներուն մէջ, որոնք խաղաղութիւն կը ցանկան: Պարզապէս միջազգային յարաբերութիւններու արագընթաց ռազմականացումը չ’օգներ, որ արցախեան հարցը պատերազմի միջոցով լուծելու Պաքուէն անդադար հնչող յայտարարութիւնները տեղի տան փոխ-զիջման պատրաստակամութեան նախանշաններու, ինչպէս կ’ուզեն հաւատալ ոմանք եւ, Ազգային Ընտրութիւններու արդիւնքները վկայ, միայն իրենք զիրենք կը համոզեն: Երկրորդ, միեւնոյն ժամանակ, սակայն, միջազգային բեմահարթակին վրայ աւելի քան երբեք անհրաժեշտ է Սփիւռք-Հայաստան ռազմավարական մօտեցում մը դիմագրաւելու համար թրքական ժխտողականութեան դէմ դիւանագիտական նոր արշաւ մը՝ ամրապնդելու համար համագործակցային դաշինքները այն պետութիւններուն եւ հասարակական հատուածներուն հետ, որոնք հաստատ կը մնան ժողովրդավարութեան, քաղաքացիական ազատութիւններու, Մարդկային Իրաւանց յարգանքի եւ աւելի ազատ, բազմազանութիւնը հանդուրժող եւ արդարութեան ձգտող աշխարհակարգի պաշտպանութեան յանձնառութեան վրայ: Չկայ ցեղասպանութեան »յետ-ճշմարտութիւն« առանց ժխտողականութեան զիջում կատարելու: Այդ իսկ պատճառով աւելի քան հրամայական է պահանջատիրութեան արդարահատոյցի հանգրուանի գործնական քայլերու ցարդ անգոյ ծրագրի մը առաջացումը: