Տասը Հազարէ Աւելի Ցուցարարներ Մասնակցեցան Պրիւքսելի Մէջ Ի Զօրակցութիւն Արցախի Կատարուած Համաեւրոպական Հանրահաւաքին
Գերմանիայէն, Ֆրանսայէն, Պելճիքայէն եւ Նետերլանտներէն հասած տասը հազարէ աւելի մարդ երէկ մասնակցեցաւ Պրիւքսելի մէջ Ռոպերթ Շումանի անուան հրապարակին վրայ ի զօրակցութիւն Արցախի կատարուած համաեւրոպական հանրահաւաքին: «Արմէնփրես»-ի թղթակիցին համաձայն, «Եւրոպացիները յանուն Արցախ»-ի նախաձեռնութեան կազմակերպած հանրահաւաքը սկսած է Հայաստանի եւ Արցախի օրհներգերով:
Հանրահաւաքի մասնակիցներու ձեռքերուն գտնուող պաստառներուն հիմնական մասը իրենց գրութիւններով կը մեղադրէին Եւրոպական Միութիւնը եւ Եւրոպական յանձնաժողովի ղեկավար Ուրսուլա ֆոն տեր Լեյենը` Ալիեւի վարչակարգը անպատժելի ձգելու համար, կային նաեւ «Ալիեւ, մարդասպան» գրութեամբ պաստառներ:
Հանրահաւաքին մասնակցելու համար Ֆրանսայէն եկած էին բարձրաստիճան քաղաքական գործիչներ, երեսփոխաններ, շրջաններու ղեկավարներ եւ քաղաքապետներ:
Պելճիքայի Հայ կոմիտէի վեհաժողովի նախագահ Կարէն Թադեւոսեան նշեց. «Այսօր այստեղ հաւաքուածներէդ իւրաքանչիւրը կը կրէ պատասխանատուութիւն բոլոր այն մարդոց առջեւ, որոնք կ՛աշխատին, որպէսզի Արցախի 120 հազար հայերուն ճակատագիրը չմատնուի անտէրութեան: Մենք արդէն կուշտ ենք յայտարարութիւններէն, եւ եկած է ժամանակը, որպէսզի Եւրոպան գործէ եւ անդրադառնայ հարցին առ այն, որ մենք` իբրեւ Եւրոպայի քաղաքացիներ, ունինք հաւասար իրաւունքներ պահանջելու այն ամէնը, ինչ որ իւրաքանչիւր եւրոպացին կը պահանջէ: Այսօր միակ բանը, որ մենք կրնանք ընել, բռունցք ըլլալն է, որպէսզի կարենանք մէկ բռունցք եղած պայքարիլ այն բոլոր անարդարութիւններուն դէմ, որոնք, ցաւօք, կը թելադրեն աշխարհաքաղաքական խաղերը»:
Հաւաքուածները խորհրդանշական երդում տուին` պայքարելու յանուն Հայաստանի եւ Արցախի. «Պիտի չզիջինք եւ պիտի չհաշտուինք: Հայաստանի եւ Արցախի հայութիւնը կրնայ ապաւինիլ մեզի»:
Comments are closed.