«Տաճկահայ Գաղթաշարժը Եւ Անոնց Դերը Հայաստանի Հանրապետութեան Կազմութեան Մէջ» – Ժ.

  • ԿԱՐՕ ՍԱՍՈՒՆԻ

Գլուխ Երրորդ

1915 – Վան-Բուլանուխ-Մալազկերտ

Յաղթութեան ու վերածնունդի շրջան է: Լարուած աշխատանքի մը պսակումն է: Յոռետեսութիւնը սարսած է: Խորշակը դեռ չէ դպած մեզ: Երկրի հոծ ու յաղթական ժողովրդի ոգին կը ձուլուի Կովկասէն եկող զինուորական ճիգերուն: Կը համախմբուինք, կըկազմակերպուինք, ազգ ու պետութիւն դառնալու համար կը զգեստաւորուինք:

Վանի մէջ հայոց կառավարութիւնը կը հիմնուի: Վանը, լեռլեան, բոլորի մտքին մէջ կը դառնայ, հայոց առաջին մայրաքաղաքը, ուր կայ հայ իշխանութիւն, հայ բանակ, հայ վարչական կազմ: Յենարան անոր՝ յաղթական ժողովուրդ մը: Հայոց անկախութեան առաջին ճառագայթն է այս: Պատմութեան մէջ անջնջելի վարձատրութիւն մը պիտի մնայ այս իրողութիւնը. Վարձատրութիւն մը հայ մարտնչող ժողովուրդին, վասպուրականցիին, վարձատրութիւն մը նաեւ հայկական ազատարար կամաւորական բանակին:

Վանի գոյամարտը եւ յաղթանակը պիտի մնայ ամենէն լուսաւոր կէտը հայկական յեղափոխութեան եւ ինքնապաշտպանութեան: Անիկա իր արժէքովը պատիւ պիտի բերէ համայն հայութեան, որ լայնատարած Տաճկաստանի մէջ, անպատրաստ ու շուար, խողխողուեցաւ: Շատ տեղեր հերոսական դիմադրութիւններ կազմակերպեցին, բայց յաղթանակի պսակին չարժանացան՝ գերազանց ուժերու ու ձախող դասաւորուած պայմաններու պատճառով:

Յետագայ սերունդները, վերածնուող մեր հայրենիքին մէջ, ապաքինած հոգեկան եւ ֆիզիքական բազմաթիւ վէրքերէն, պիտի մոռնան համատարած յօշոտումը մեր աշխատաւոր բազմութեան, բայց չպիտի մոռնան Վանի հերոսամարտը: Ան մեր ամբողջ ժողովրդի թափած կորովի եւ հերոսութեան կոթողը պիտի մնայ, եւ պարծանքով յիշատակուի սերունդէ սերունդ1:

Այս յաղթանակին մէջ կամաւորական բանակն ունի իր վճռական դերը: Լուրջ որ եւ է պատմաբանի դատաստանի առջեւ, կամաւորական շարժումը պիտի արդարանայ ու երախտագիտակն գնահատանքի արժանանայ, թէկուզ միա՛յն Վասպուրականի ազատագրումը յիշատակուի, որպէս դրական արդիւնք տուող դրուագ, իր զինուորական բոլոր գործերուն մէջ:

2.

Ռուսական զինուորական բարձր իշխանութեան կողմէ Արամ նշանակուեցաւ Վանի նահանգի նահանգապետը: Այս քայլը նկատուեցաւ խոշոր զիջողութիւն մը, որ ռուսական իշխանութիւնը կ’ընէր, նկատի ունենալով յաղթական ժողովրդի եւ մարտնչող կամաւորութեան տրամադրութիւնները:

Ռուսական իշխանութիւնն իր որոշակի գործելակերպն ունէր եւ նորակազմ նահանգապետութիւնը վարչական բաժանում մը կը նկատէր: Սակայն մենք հայերս ալ մեր ըմբռնումն ու սպառնալիքներն ունէինք: Մենք Վանի հայկական իշխանութեան վրայ կը նայէինք որպէս կորիզի մը, որ վաղուայ հայկական պետութեան ազգային կառավարութիւնը պիտի դառնար: Առանց շռնթալից յայտարարութիւններու, հայկական քաղաքական ուժերը այդ ուղղութեամբ սկսան կեդրոնանալ:

Արամ, նահանգապետ մ’ըլլալէ աւելի, վարչապետ մըն էր: Իրեն օգնական նշանակուած էր Սիրական Տիգրանեանը: Տեղական ձեռնհաս գործիչներորոշ տէփարթմաններու վարիչ նշանակուած էին: Դուրսէն հասնող բազմաթիւ գործիչներ, զանազան ճիւղերու մէջ, իրենց օժանդակութիւնը կը բերէին: Նահանգի հին գաւառներն ու գաւառակները կը վերակազմուէին, եւ անոնց ղեկավարութիւնը կը յանձնուէր տեղական ուժերու: Վանի հայութիւնը, մէկ խօսքով, ճակատագրական պայքարի մը մէջ յաղթական դուրս գալէն յետոյ, ինքզինքը կը գտնէր ինքնավարութեան մը առջեւ, եւ պէտք է ըսել որ անիկա պատրաստ գտնուեցաւ իր սեփական ուժերով ինքզինքը կառավարելու:

Այսպիսով մենք, այդ ժամանակ, Վանի նահանգի մէջ կեդրոնացած կը տեսնենք հայկական երեք կարեւոր ուժեր:

Առաջինը հայկական բանակն էր, որ Վանի գրաւումէն յետոյ շփման մէջ կը մտնէր թրքական կարեւոր ուժերուն հետ, դէպի Բիթլիզ-Մուշ երկարող ճանապարհի վրայ: Սակայն այդ բանակին մասնակցող բազմաթիւ վանեցի կամաւորներ կը միանային ազատագրուած ժողովրդին, ու պահ մը պատրանքը կ’ունենային հանգստանալու իրենց սիրելիներուն մօտ. որով Արարատեան բանակի թիւը կը պակսէր, մասամբ՝ որոշ թուով վանեցիներու հեռացումով, մասամբ մըն ալ կատարուած գործողութիւններու հետեւանքով՝ հիւանդներ եւ վիրաւորներ գործօն շարքերէն դուրս մնալով: Այդուհանդերձ հայկական գունդերն իրենց ուժերն ամփոփած՝ կը պատրաստուէին աւելի վճռական գօտեմարտի մտնել թրքական բանակի հետ:

Երկրորդը հայկական կառավարութիւնն էր Արամի գլխաւորութեամբ: Այստեղ վարչութիւնն ու ժողովուրդն իրար շաղախուած էին: Վարչական մեքենան նոր էր եւ լաւ, ու կասկածէ դուրս է որ արագ պիտի կատարելագործուէր: Ժողովուրդն ազատ էր ու ուրախ: Կեանքի եւ ինչքի ազատութեան հետ, անիկա տարօրինակ արագութեամբ, նուիրուեցաւ իր սեփական կեանքի դասաւորման գործին: Խլուած ազատութիւնը ժամանակաւոր չնկատուեցաւ: Ռուսական հզօր հովանին կար, որ ժողովուրդին կը մղէր քիչ մ’աւելի իր տնտեսական բարգաւաճման ուշադիր ըլլալու: Ռուսական բանակը 19-րդ դարու արշաւանքներու ընթացքին միշտ ալ առասպելական նկատուած հարստութիւն բերած էր իր հետ, որմէ օգտուիլ գիտցողը հարստացած էր: Վանի ժողովրդի մեծամասնութիւնը պահ մը տարուեցաւ ռուսական դրամներու հեղեղէն, որ համաշխարհային պատերազմի ընթացքին անհամեմատ աւելի անսահման քանակութիւն մը ունէր, քան նախորդ պատերազմներուն: Ուրեմն, Վանի ժողովուրդը կ’ապրէր իր վարչական մեքենայի կազմակերպութեամբ եւ տնտեսական ու վերաշինական կեանքով: Երկուք եւ կէս ամսուայ ժամանակաշրջանը շատ կարճ էր, ու Վասպուրականի ամբողջ հայութիւնը չկրցաւ ինքզինքն ամփոփել եւ իր նահանգի սահմաններէն անդին, համազգային նշանակութիւն ունեցող ազատագրական գործով վարակուիլ: Այլապէս, մենք ականատես պիտի ըլլայինք խոշոր ժողովրդական շարժումի մը, որ պէտք է ցուցահանէր Վանի հայութիւնը, մարտնչող ու կռուի փորձառու՝ քանի մը հազարնոց ժողովրդական բանակ մը ճամբայ հանելու դէպի Մուշ-Սասուն, ուր հայութիւնն անհաւասար կռուի բռնուած էր թրքական բանակներու եւ քրդերու հետ եւ երկար ժամանակէ ի վեր, ակնդէտ, կը սպասէր ազատարար խումբերուն:

Կարելի է բնորոշելՎանի հայութիւնը հետեւեալ կերպով.- Ըլլայ Վանի, Երեւանի եւ այլ վայրերու մէջ, ուր համախմբուած է Վանի ժողովուրդը, այդ հաւաքականութիւնը ինքնապաշտպանութեան զօրաւոր բնազդ մ’ունի եւ կրնայ հաւաքական կամք մը ստեղծել, երբ վտանգը, իր հաւաքատեղիի դռներուն առջեւն է: Նման կռիւներու ընթացքին, հերոսական է այս ժողովուրդը: Անիկա միշտ կ’ամփոփուի իր տեղի եւ իր ժողովուրդի մէջ: Սակայն այդ սահմաններէն դուրս, վանեցին համազգային ուժեղ եւ ակտիւ տարր ըլլալէ կը դադրի:

Երրորդ ուժը հայ մտաւորականութիւնն էր: Վանի ազատագրումէն ամիս մը յետոյ, մենք կը տեսնենք որ ոչ միայն հայ զինուորական բոլոր մեծ ու փոքր ուժերը կեդրոնացած էին Վանի նահանգին մէջ, այլ հոդ փոխադրուած էին Հ.Յ.Դաշնակցութեան Բիւրոյի գլխաւոր անդամները, Ազգային Բիւրոյի պատասխանատու ղեկավարները, կովկասահայ գրական քանի մը մեծ դէմքեր, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ հայ հասարակական գործիչներ, որոնք մեծերու հետ հոդ փոխադրուած էին եւ ստեղծած էին հայոց մտաւորական, վարչական եւ զինուորական այն հաւաքական սպայակոյտը, որ ի վիճակի էր ազգային իշխանութիւն մը վարելու:

Հայոց ճակատագիրը գործնական կեանքի մէջ անօրինող հաւաքական կամքը Թիֆլիսէն եւ Երեւանէն փոխադրուած էր Վան: Պատգամը Վանէն կուգար: Այդ օրերուն հայոց պատասխանատու սպայակոյտը Վանի մէջ ինքզինք կը գտնէր նորէն ալ ծանր վիճակի մէջ, ինչ որ ունէր Երեւան եղած ատեն, երբ Վանը գրաւուած չէր: Այժմ կեանքի ու մահուան խնդիր կը դառնար Տարօնի նահանգի ազատագրութեան գործը: Բոլորի աչքերը կը դառնային հեռուն, դէպի Սասնայ բարձրաւանդակը, ու ազատագրական հրդեհը բռնկուած էր:

Ռուսական զօրքը կը դանդաղէր: Հայերը կը ստանձնէին զինուորական խիստ պատասխանատու պարտականութիւն մը իրականացնելու, ու ատով կը մղէին ռուսական բանակը նոր շարժումի մը: Հայկական կամաւորական բոլոր գունդերը կ’առաջանային Արտամէրտէն, Վանի լճի հարաւային եզերքի լեռնանցքներով, դէպի Սօրբի բարձունքները, դէպի Դատվան, դէպի Բիթլիզ, միանալու համար Զօր. Նազարբէգեանի եւ Օգանովսքու բանակներուն, որոնք ուղղուած էին դէպի Մուշ-Սասուն:

Այս զինուորական դժնդակ գործողութիւններու ընթացքին հայ կամաւորական բանակը ցուցահանեց խիստ դիմացկանութիւն, յանդգնութիւն եւ իր ազատագրական կոչումին կատարեալ գիտակցութիւն: Բազմաթիւ զոհերու եւ վիրաւորներու գնով անիկա կրցաւ ընկճել թրքական բանակի դիմադրութիւնը եւ քայլ առ քայլ գրաւեց Վանայ լճի հարաւային ամբողջ երկայնքը ու ամիսէն աւելի տեւող գործողութիւններէն յետոյ, կրցաւ հասնիլ Դատվան ու կապուիլ Բուլանուխ-Մալազկերտ շրջանի մէջ գործող ռուսական չորրորդ կորբուսին հետ2:

Հայութիւնն իր ամբողջ հոգիով շնչակտուր կը հետեւէր հայկական ազատագրական արծիւներու խոյանքներուն, ու կը հասնէր թառելու Սիփանի եւ Նէմրութի գագաթներու վրայ, ուրկէ անոր աչքերուն առջեւ կը պարզուէր զմայլելի աշխարհ մը, Բիթլիզը իր Գիւզտէրէյով, Մուշը իր դաշտով եւ Սասնոյ լեռները իրենց զինուորական կեցուածքով: Երկար ու դժուարին ճանապարհները կտրած անցած, ահա կը բախենք մեր յեղափոխութեան որորանի վերջին դուռը: Ու Տարօնի հայութիւնը ծանր զարկերու տակ՝ կը հեւայ… Ցնցող թափ մը եւս, մարտնչող Տարօնը ազատագրուած կ’ըլլայ:

Բուլանուխ-Մալազկերտի շրջանը, մեր ազատագրական արշաւանքի տեսակէտէն, կը դառնար խիստ կարեւոր կեդրոն մը: Թէեւ ռուսական խոշոր ուժեր կեդրոնացած էին այդ ճակատի վրայ, սակայն անոնք մեր անմիջական նպատակներուն ընդառաջ չէին երթար: Քօսուրի լեռնաշղթայի շարք մը կարեւոր դիրքեր կ’իշխէին Մշոյ դաշտի վրայ: Յանդուգն ներխուժում մը, բաւական պիտի ըլլար, ոչ միայն ազատելու այդ հոծ հայութիւնը, այլ նաեւ կազմակերպուած նոր ուժ մը հրապարակ բերել ընդդէմ թուրքերուն, որոնք կռնակէ զարնուած՝ շփոթութեան պիտի մատնուէին: Կռիւները դանդաղ կը զարգանային:

Բուլանուխ-Մալազկերտի մօտ 34,000 հայութիւնը ազատուած էր: Թրքական ջարդի ծրագիրը յղացուած ու գործադրութեան դրուելու վրայ էր, երբ ռուսական բանակի անակնկալ եւ արագ արշաւանքն այդ ծրագրի գործադրութիւնը ջուրը կը ձգէր: Երկու գիւղեր, թրքական վերջին օրերու ջղայնութիւններէն եւ բացայայտ կոտորածէն խուսափելու համար կ’ապաստանին Եփրատէն գոյացած փոքրիկ կղզեակի մը վրայ ու կը դիմադրեն: Զանազան վայրերէ, փախստական անհատներ հոն կ’ապաստանին: Ուրիշ քանի մը գիւղեր, որ կ’իյնային Քօսուրի կողմը, աւելի մօտ Մշոյ դաշտին, ենթարկուեցան կոտորածի, թրքական նահանջող ուժերու կողմէ: Այս դէպքերէն զատ, համեմատած ուրիշ շրջաններու հետ, առանց մեծ ցնցումներու, Բուլանուխ-Մալազկերտի հայութիւնը թրքական լուծէն կ’ազատուէր եւ ազատ շունչ կը քաշէր: Սակայն ժողովուրդի շատ չնչին տոկոսը միայն զէնք ունէր, եւ այն ալ ազատ իրաւունք չունէր կրելու: Այդ ճակատի վրայ, հայ կամաւորական գունդ չկար, ու հետեւաբար, անհնարին էր յայտնի զինել հայ հասարակութիւնը, որպէսզի, նեղ ինկած պարագաներուն, իր գլխու ճարը տեսնէր:

Այսպիսով, Վան հաւաքուած ղեկավարները երկու ուղղութեամբ կը մտահոգուէին Բուլանուխ-Մալազկերտի մասին: Առաջին, որ այդ շրջանի համար ստեղծուի հայկական վարչութիւն մը: Այն ինչ որ կարգադրուած էր Վանի համար, չէր գործադրուած այդ գաւառակներու մէջ: Ռուսական զինուորական իշխանութիւնը այդ տեղը նկատած էր անմիջական պատերազմական վայր, ու հետեւաբար՝ քաղաքացիական իշխանութիւն մը, այն ալ հայկական , չէր ուզած ստեղծել: Չորրորդ գորպուսի բռնած տարածութեան վրայ դռները հայ կամաւորներ չկային, ու այսպիսով կը դժուարանար հայերու յարաբերութիւնը այդ զօրամասերուն հետ:

Սակայն Զօր. Օգանովսքու (որ գորպուսի հրամանատարն էր), կեդրոնական սպայակոյտի մօտ կը մնար Տիգրան Դեւոյեան, հետախուզական խիստ կարեւոր պաշտօնով: Տիգրան Դեւոյեանի պաշտօնի բերումով, ինչպէս նաեւ Կովկասէն հասնող գաղթականութեան օգնող մարմնի իրաւունքներու շնորհիւ, շարք մը հայ տղաներ կրնային զինուած պտտիլ: Տիգրան Դեւոյեան բացի իր պաշտօնական պարտաւորութիւններէն, Ազգային Բիւրոյէն եւ Դաշնակցութեան Բիւրոյէն յանձնարարութիւններ ունէր կապուիլ Մշոյ եւ Սասնոյ ուժերուն հետ. գիտակ պահել զանոնք կատարուած շարժումներուն եւ անոնցմէ ստացած տեղեկութիւնները հաղորդել յիշեալ մարմիններուն: Լռելեայն կը հասկցուէր, անշուշտ, որ Տիգրան Դեւոյեան ամէն ջանք պիտի թափէր, որ ռուսական բանակը տրամադրուէր յառաջ խաղալու: Մինչ այս ակնկալիքներն ունէին Տ. Գեւոյեանէն, երբ բազմաթիւ բողոքներ կը հասնէին անոր մասին:

Արդ, Բուլանուխ-Մալազկերտի վարչական կազմակերպութեան գործով եւ Տ. Դեւոյեանի զինուորական միսիայով հետաքրքրուելու եւ դրական հետեւանքի մը հասնելու համար, խումբ մը գործիչներ1 Վանէն ճամբայ ելան դէպի Մալազկերտ, որ երկու գաւառներու կեդրոնն էր:

Հոդ կը գործէրգաղթականական մարմին մը: Ա. Շարաֆեանի ղեկավարութեամբ: Ռուսական գրաւումէն քանի մը շաբաթ յետոյ, Գաղթ. Կեդրոնական Կոմիտէի կողմէ Ա. Շարաֆեան խումբ մը աշխատակիցներու հետ անմիջապէս հասած էր Մալազկերտ ու կրցած էր կազմակերպել սննդատու կայաններ եւ բժշկական անհրաժեշտ օգնութիւնը: Շարաֆեան բացի իր հետ բերած գործիչներէն, տեղի հայութեան մէջ կը գտնէր տեղական ուժեր, ինչպիսիքն են Միհրան Գրիգորեան, Մ. Դարմանման, Արշ. Մանուկեան, Մ. Խաչատուրեան, Օհանէս Թէրլոյեան եւ ուրիշներ, որոնք ջերմօրէն կը լծուէին ժողովրդին օգնելու գործին:

Վանէն հասնող գործիչները գաղթականական գործի մէջ կ’օգնէին Շարաֆեանի խումբին եւ այս միացեալ ուժերը թէեւ կը ճանչցուէին որպէս օգնութեան մարմիններ, սակայն իսկութեան մէջ հայ ժողովրդի վերաբերեալ բոլոր գործերը կը կարգադրէին: Տեսակ մը վարչութիւն, որ գաղթականական գործերէն կը բխէր, բայց հետզհետէ պիտի դառնար այդ գաւառներու ազգային իշխանութիւնը:

Ամենէն մտահոգիչը զինուորական կացութիւնն էր: Յառաջխաղացումը կ’ուշանար, մինչդեռ Սասունէն եւ Մուշէն ստացուած լուրերը ցոյց կուտային որ Տարօնի մէջ հրդեհը բռնկուած էր: Դեւոյեանը ճիշդ այդ օրերուն ստացած էր շորի կտորի վրայ գրուած ծածկագիր նամակ մը Փափազեանէն, եւ Ռուբէնէն: Անոնք կը գրէին, Սասնոյ կռիւներու մասին եւ կը յայտնէին թէ՝ հաւանական ընդհանուր բռնկումի մը պարագային՝ իրենք միայն ութ օր պիտի կրնային դիմանալ: Եթէ այդ կարճ միջոցին ռուսական զօրքերը եւ կամաւորները չհասնէին, հայութեան ամբողջ ռազմամթերքը պիտի վերջանար եւ ժողովուրդը կոտորուէր: Այդ ընդարձակ նամակը դրութիւնը խիստ լարուած կը ներկայացնէր. ան սրտառուչ կոչ մըն էր Տարօնի օրհասական կռուին օգնելու համար: Կային գործնական կարգադրութիւններ: Անոնք կը խնդրէին որ պահակներ ունենանք Նէմրութի գագաթին, եւ կրակ վառենք հոն, որպէսզի Սասնոյ լեռներէն նշմարուին բոցերը, իբր ազդանշան, սկսած ընդհանուր յարձակողականին: Իսկ իրենք Սասնոյ լեռներու վրայ պիտի վառէին երկու խոշոր կրակներ, ի նշան օրհասական կռուին: Ծածկագրի համար կը թելադրէին նկատի ունենալ «Բլբուլ թող չերգէ Մշոյ դաշտերում» երգի այսինչ տուները:

Բազմահազար արծիւներու աչքերը ջուր կտրեցան հեռաւոր Նէմրութին ակնկառոյց, բայց Նէմրութի գագաթէն հրեղէն լեզուները չխօսեցան… Ու «Բլբուլը այլեւս չերգեց Մշոյ դաշտերում»…

***

Վանէն Մալազկերտ հասնող յանձնախումբը դժգոհ մնաց Դեւոյեանի գործելակերպէն եւ մանրամասն զեկուցում ներկայացուց Վանի ղեկավար ընկերներուն: Բայց ժամանակը կարճ էր. ճակատի ընդհանուր կացութիւնը մէկէն ի մէկ կը փոխուէր: Խնուսի կողմէն թրքական բանակը ուժեղ յարձակողականի մը կը սկսէր ուղղակի Մալազկերտի դէմ, կողէն հարուածելով Զօր. Օգանովսկու բանակը: Մինչդեռ կամաւորական գունդերը գրաւած էին արդէն Վանի լճի ամբողջ եզերքը, ու հնարաւորութիւն ստեղծած էին ռուսական յառաջապահ գօզաքներու համար, ներխուժելու դէպի Մշոյ դաշտը:

Առանց Բիթլիզը գրաւելու, ռուսական գօզաքներու թեթեւ զօրամաս մը սրարշաւ կը մտնէր Չխուրի շրջան (Վարդէնիս, Մշոյ դաշտ) եւ կ’առաջանար մինչեւ Մառնիկ: Սակայն նոյն արագութեամբ ետ կը նահանջէր, իրեն հետ ազատելով Չխուրի շրջանի հայութիւնը:

Չխուրի շրջանի կռուող ուժերը Հասրաթի եւ Մարտիրոսի ղեկավարութեամբ, ամիսներ առաջ, ապաստանած էին իրենց շրջանի ճահիճներու մէջ, ու դժնդակ պայմաններու տակ, կռուած էին թրքական ուժերու դէմ: Ռուսական բանակի յառաջապահներու արագ նահանջը տեսնելով՝ իրենց շրջակայ քանի մը գիւղերու (Վարդէնիս, Արտոնք, Ղարս եւն.) ամբողջ բնակչութեան հետ ճամբայ կ’ելնեն, ու միայն Ախլաթի եւ Արճէշի միջեւ կը հասնին Դրոյի եւ Անդրանիկի գունդերուն եւ անոնց հետ կը նահանջեն դէպի Երեւան:

Թրքական յարձակողականը երեւոյթապէս շատ ուժեղ էր եւ նպատակ ունէր անցնիլ Եփրատը, գրաւել Սիփանը եւ Ալադաղի փեշերը, մինչեւ Զիլան, ու կտրել ռուսական բանակի թիկունքը: Տ. Դեւոյեան, որ Զօր. Օգանովսքու կեդրոնական սպայակոյտի կից հետախուզական բաժինը կը վարէր, իր զեկուցման մէջ թրքական յարձակողական բանակի ուժը ներկայացուցած էր մօտ 70,000 հոգի: Այդ տուեալները ցոյց կուտային որ Բուլանուխ-Մալազկերտի ռուսական բանակը չպիտի կրնար դիմագրաւել այդպիսի խոշոր ուժի մը, եւ հետեւաբար՝ հարկադրուած էր ընդհանուր նահանջ մը ընել ամբողջ ճակատի վրայ2:

Այս դէպքերը կը պատահէին 1915 յուլիս 20-23-ին, ու կը ստիպէին Վասպուրականի եւ Բուլանուխ-Մալազկերտի ողջ հայութիւնը, առաջին անգամն ըլլալով, թողնել իրենց հայրենի օճախը եւ մեկնիլ դէպի Կովկաս:

Անմիջական հարուածը ուղղուած էր Մալազկերտին եւ Կոբին, ուր նահանջը հարկադրանքի մը տակ տեղի կ’ունենար: Սակայն ընդհանուր նահանջի լուրը կը շշմեցնէր կամաւորական բանակը, որ այնքան հերոսութիւններու գնով յառաջացած էր մինչեւ Նէմրութ եւ իրեն դէմ թշնամի մը չէր տեսներ: Աւելի քան ցնցուած էր Վանի հայկական իշխանութիւնը, որ ծանր երկնտրանքի մը առջեւ կը գտնուէր. կամ մնալ Վանի մէջ, ու կամաւորական ուժերով պաշարուիլ, կամ հրաժարուիլ հայկական իշխանութենէ, դառնալ գաղթականական բազմութիւն մը եւ դիմել դէպի Իգտիրի եւ Էջմիածնի փոշոտ ճանապարհները: Այդ ժամանակուայ ղեկավարները չկրցան եւ չէին ալ կրնար չափել դէպքերու ծանրութիւնը: Անպատրաստ գտնուեցան սեփական ուժերով, ժամանակ մը պահպանելու Վանի գլխաւոր դիրքերը: Ու նախընտրեցին զանգուածային գաղթը, ժողովրդի ֆիզիքական գոյութիւնը փրկելու մտահոգութեամբ:

Մեր վառ աւերը մշուշի մէջ կը թաղուէր: Խոշոր փլուզում մը տեղի կ’ունենար, ու մեզ մեր նորակառոյց կեդրոններէն ցրիւ կուտար…

 

Վասպուրականի եւ Շատախի կռիւներու մասին ժամանակին գիրք մը հրատարակեց նաեւ Ադօն: Դէպքերու մանրամասնութեանց ծանօթանալու համար ընթերցողը կարող է լիովին գոհացում ստանալ, դիմելով այդ երկու գրքերուն:

Դաշնակցական յայտնի խմբապետ Խեչօն սպաննուեցաւ այդ կռիւներու ընթացքին:

Բասէնի մէջ գործողներս բոլոր աշխատանքները յանձնեցինք մեր յաջորդներուն եւ Յունիսի սկզբին Ռոստոմի հետ, Իգտիրէն մեկնեցանք Վան: Հազիւ տաս օր մնացինք ազատուած ու ոգեւորուած Վանի երիտասարդութեան հետ, երբ Հ.Յ.Դաշնակցութեան Հայաստանի Բիւրոյի (որու գլխաւոր անդամներն էին Ռոստոմ եւ Արամ Վանի մէջ) որոշումով, Բասէնի մէջ գործող հինգ ընկերներս մեկնեցանք Մալազկերտ:

Ամենէն հաւանականութեամբ թրքական յարձակողական բանակի թիւը 30,000-ի կը հասնէր: 70,000-ը մեծ չափազանցութիւն մըն էր: Այդ թիւերը կրնան ստուգուիլ միայն թրքական զինուորական պատմութեան էջերէն, ինչ որ մեզի կը պակսի: Տ. Դեւոյեանի ընթացքը շատ մեծ դժգոհութիւն յարոյց անոր դէմ: Տարօնի գործիչները կուսակցական դատ բացին եւ 1919-ին Երեւանի մէջ գումարուած Հ.Յ.Դ. 9-րդ Ընդհ. Ժողովը այդ խնդիրը քննեց եւ յանձնեց կուսակցական դատական ատեանին. սակայն դէպքերու բերումով այդ դատական գործը կիսատ մնաց:

«Վասպուրականի Գոյամարտը» գրուած Օ. Մխիթարեանի կողմէ եւ հրատարակուած «Հայրենիք» ամսագրի 1925-ի թիւ մէջ, սքանչելի գրուածք մըն է, ուր այնքան ճշգրիտ ու վառ գոյներով տրուած է Վասպուրականի հերոսամարտի պատմութիւնը:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.