Սփիւռքի տարի (Բ.). Ինքնաքննութենէ վերակազմակերպում. Պատգամ Արամ Ա. կաթողիկոսի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան
Թեմակալ Առաջնորդներուն,
հոգեւոր դասուն,
Ազգային իշխանութեանց, եւ
մեր ժողովուրդի զաւակներուն
2023 տարուան սեմին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն քրիստոնէական սիրով ու հայրապետական օրհնութեամբ կ’ողջունենք Ազգ. Ընդհանուր Ժողովը, Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովները, Միաբանութիւնը, Թեմակալ Առաջնորդներն ու Ազգ. Իշխանութիւնները, մեր կեանքէն ներս գործող քաղաքական, կրթական, մշակութային, բարեսիրական եւ համայնքային միութիւններն ու կազմակերպութիւնները, ինչպէս նաեւ մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները։ Կ’աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած, որ բացուող Նոր Տարին մեր անհատական, ընտանեկան եւ ազգային կեանքին մէջ լեցուի առողջութեան, յաջողութեան եւ երջանկութեան երկնային բարիքներով։
***
Ինչպէս ծանօթ է մեր ժողովուրդի զաւակներուն, անցնող տարին, 2022-ը, Հայրապետական Հռչակագրով յայտարարեցինք «Սփիւռքի Տարի»։ Անդրադառնալով Սփիւռքի պարզած ներկայ վիճակին, եւ այն հիմնական դրդապատճառներուն, որոնք Մեզ մղեցին 2022 տարին հռչակելու Սփիւռքի Տարի, Հռչակագրին մէջ հետեւեալ հաստատումը կատարեցինք.–
«Հայօրէն մաշումի ենթակայ Սփիւռքը՝ տեղ մը անորոշութեան ալիքներու մէջ կ’օրօրուի, այլ տեղ՝ փոթորիկներու դէմ կը պայքարի. տեղ մը՝ նոր ինքնութեան փնտռտուքի մէջ է, այլ տեղ՝ տեղայնացումի արագ ընթացքին մէջ է։ Հետեւաբար, այս կացութեան դիմաց Սփիւռքի վերակազմակերպումը ու վերակենսաւորումը հրամայական անհրաժեշտութիւն է։ Այս բազմատարած ու բազմերես ծրագիրը իր գործնական ընթացքը կրնայ առնել նախ Սփիւռքի ինքնաքննութեամբ, ինքնարժեւորումով եւ ազգի համայնական կեանքին մէջ անոր իւրայատուկ տեղին ու դերին յստակեցումով։ Այս հսկայածաւալ աշխատանքին հարկ է լծուիլ այսօ՛ր. վաղը կրնայ ո՜ւշ ըլլալ՝ աշխարհի արմատական ու արագ փոփոխութիւններու յորձանուտին մէջ ապրող Սփիւռքին համար»։ Ապա, մեկնելով Սփիւռքի պարզած անորոշ ու մտահոգիչ կացութենէն, շեշտեցինք թէ՝ «Անորոշութիւններով ու տագնապներով լեցուն Սփիւռքի ներկայ իրավիճակը, մեր եկեղեցին, մեր ղեկավար մարմինները ու մտաւորականները պէտք է մղէ՝ իրապաշտ ոգիով, պատասխանատու մօտեցումով ու համապարփակ տեսլականով տագնապելու, մտածելու, քննելու, խորհըրդակցելու եւ մանաւանդ՝ Սփիւռքի ներկան վերակազմակերպելու ու անոր ապագան հունաւորող ճիշդ ճամբաներ եւ ազդու միջոցներ որոնելու»։
Արդարեւ, անցնող տարուան ընթացքին Սփիւռքին ներկայ գոյավիճակին ու դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն շուրջ՝ յօդուածներու, ուսումնասիրութիւններու, դասախօսութիւններու ու սեմինարներու ճամբով արտայայտուած մտահոգութիւնները, ներկայացուած մատնանշումները ու կատարուած վերլուծումները փաստօրէն վերաշեշտեցին՝ Հայրապետական Հռչակագրով Մեր կատարած ընդգծումները եւ յատկապէս՝ Սփիւռքը իր ներկայ վիճակէն դուրս բերելու եւ վերակազմակերպման առաջնորդելու անյետաձգելի հրամայականը։
Հետեւաբար, մէկ կողմէն նկատի ունենալով սկսուած քննարկումներու շարունակման կարեւորութիւնը, եւ միւս կողմէն, քննարկումներէ անդին՝ գործադրութեան հեռանկարներուն եւ միջոցներուն յստակեցման անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս թեմերու շրջագծէն ներս, ներկայ Հայրապետական Գիրով 2023 տարին դարձեալ կը հռչակենք
ՍՓԻՒՌՔԻ ՏԱՐԻ (Բ.)
(Ինքնաքննութենէ՝ վերակազմակերպում)
շեշտաւորումով։ Մեր սպասումն է որ առանց անտեսելու ինքնաքննութեան յոյժ կարեւորութիւնը, ներկայ տարուան ընթացքին գործնական քայլեր առնուին եւ ծրագիրներ մշակուին՝ մասնաւորաբար թեմական շրջագծէն ներս։Ի՞ՆՉ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ ՍՓԻՒՌՔԻ ՏԱՐՈՒԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ
Խոր գոհունակութեամբ կʼուզենք հաստատել, թէ՝ Սփիւռքի Տարուան հռչակումը լայն արձագանգ գտաւ ակադեմական, մտաւորական, մամուլի եւ երիտասարդական շրջանակներէն ներս։ անցնող տարուան ընթացքին յաջորդաբար հինգ առիթներով առցանց հանդիպումներ տեղի ունեցան Սփիւռքի հարցերուն ծանօթ մասնագէտներու, մտաւորականներու, տեղեկատուական մարզի մասնագէտներու եւ երիտասարդներու հետ։ Այս հանդիպումներու ընթացքին արծարծուեցան ու քննարկուեցան շարք մը այժմէական խնդիրներ, եւ կատարուեցան առաջարկներ։ Կաթողիկոսարանի նախաձեռնութեամբ կայացած յիշեալ հանդիպումներու ընթացքին եղած քննարկումներուն ներկայացուցած կարեւորութիւնը նկատի առնելով, շահեկան կը նկատենք ընդհանուր գծերով անդրադառնալ անոնցմէ իւրաքանչիւրին.–
Ա) Առաջին հանդիպումին, բացման Մեր խօսքին մէջ, պարզելէ ետք Սփիւռքի Տարի հռչակելու շարժառիթները, ընդհանուր գծերով անդրադարձանք նոր ձեւաւորուող եւ յարափոփոխ սփիւռքեան միջավայրերու իրավիճակներուն իւրայատկութիւններուն եւ տարբեր բնագաւառներու մէջ գործող աւանդական կառոյցներու դիմագրաւած դժուարութիւններուն: Յատկապէս շեշտեցինք ինքնութեան վերաբերող հիմնահարցերը։ Ապա մասնակիցները ներկայացուցին հետեւեալ խնդիրները.–
– Համեմատական սփիւռքագիտութեան օգտագործումը:
– Ինքնութեան խնդիրներու քննարկման տարբեր միջոցներու որդեգրումը:
– Մեր կառոյցներէն հեռու սփիւռքեան գոյավիճակներու հասանելիութեան միջոցներու որոնումը:
– Սփիւռքեան հարցերու ոլորտային մասնագիտական քննարկումներու ձեւաչափերուն ճշդումը:
– Ըստ միջավայրի եւ իւրայատկութիւններու նկատառումներով ներգրաւման տարբեր ռազմավարութիւններու մշակումը:
– Ցանցային դրուածքի լիարժէք օգտագործման կարելիութիւններու ուսումնասիրութիւնը:
– Համացանցային տարածքներու վրայ համախմբումներու յառաջացումը:
– Սփիւռքի մարդուժի եւ կարողականութեան ցանկագրումի եւ հաւաքագրումի աշխատանքին կարեւորութիւնը:
– Երիտասարդութեան ուղղութեամբ թիրախային ծրագիրներ մշակելու հրամայականը։
– Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք կապերու ամրապնդման նոր հայեցակարգերու պատրաստութիւնը:
Վերոյիշեալ խնդիրներուն իրապաշտ, համապարփակ ու խորքային քննարկումը նկատուեցաւ որպէս անհրաժեշտ մէկնակէտ՝ Սփիւռքի վերակազմակերպման գործընթացին։
Բ) Խորհրդակցութիւններու երկրորդ հանդիպումի բացման Մեր խօսքով ընդգծեցինք հետեւեալ կէտերը.–
– Արդեօք Սփիւռքը պատրա՞ստ է վերակազմակերպուելու։
– Իրապաշտ արժեւորումի անհրաժեշտութիւնը, իբրեւ մեկնակէտ հարցերու դիմագրաւման եւ լուծման եղանակներու ճշդումին։
– Սփիւռքի վերակազմակերպման աշխատանքներու ծրագրաւորումի գործընթացի մշակումը։ Այս ծիրէն ներս յոյժ կարեւոր նկատուեցաւ եկեղեցւոյ եւ իր շուրջ գործող մարմիններուն, միութիւններուն եւ աւանդական կառոյցներուն դերը։
– Նոր օրակարգերու ճշդումի հրատապութիւնը, ի հարկին, կառոյց, համակարգ, մեթոտաբանութիւն եւ կանոնագրութիւններ բարեփոխելու սկզբունքը։
Ապա, քննարկումը կեդրոնացաւ երեք հիմնահարցերու վրայ, որպէս ուղենիշ հետագայ աշխատանքներուն.– հաւաքական արժէքներ, ինքնութիւն եւ մասնակցութիւն։
Գ) Խորհրդակցութիւններու երրորդ հանդիպումին իրենց մասնակցութիւնը բերին խումբ մը երիտասարդներ, որոնք գործօն դերակատարութիւն ունին իրենց գաղութներու կեանքին մէջ։
Առաջին հերթին Մենք դրուատեցինք երիտասարդներուն դրական ներգրաւուածութիւնը իրենց գաղութներու կեանքին մէջ եւ նախանձախնդրութիւնը՝ գաղութներու վերանորոգման, ընդգծելով, որ ընկերութիւն մը չի կրնար յառաջդիմել առանց երիտասարդութեան, որովհետեւ երիտասարդութիւնը ընկերութեան աւիշն է ու ներկան՝ ո՛չ միայն ապագան։ Պարզեցինք Սփիւռքին դիմագրաւած մարտահրաւէրները եւ շեշտեցինք վերարժեւորման ու վերակազմակերպման աշխատանքներուն հրամայականը՝ երիտասարդներուն գործօն մասնակցութեամբ։ Նկատի ունենալով, որ Սփիւռքը թէ՛ հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքով յառաջացած է եւ թէ Հայաստանի տնտեսական տագնապէն մղուած արտագաղթած հայորդիներէ բաղկացած, յիշեցուցինք թէ Սփիւռքը մնայուն շարժումի մէջ է։ Հետեւաբար, ճիշդ չէ ընդհանրական մօտեցումներով քննել եւ արժեւորել Սփիւռքը, միաժամանակ շեշտելով թէ՝ գաղութներուն միջեւ հասարակաց գիծը հայկական ինքնութիւնն ու պատկանելիութիւնն է։ Քաջալերեցինք, որ երիտասարդութիւնը հետեւողի կրաւորական դերէն դուրս գայ, ու ինքզինք տեսնէ մասնակցող գործօն դերին մէջ։ Վերջապէս, յիշեցուցինք, որ առցանց այս խորհրդակցութեան նպատակն է լսել երիտասարդները, իմանալ անոնց դժուարութիւնները, ակնկալութիւնները, եւ մանաւանդ անոնց տեսակէտները՝ համաշխարհայնացած աշխարհին ու անցանկապատ ընկերութեան մէջ մեր ինքնութիւնը առողջ պահելու միջոցներուն մասին։
Ապա, յաջորդաբար երիտասարդները անդրադարձան զիրենք յուզող հարցերուն։ Անոնք դրին մայրենի լեզուին օգտագործման նուազումին եւ օտար լեզուամտածողութեան հարցը, ուղղագրութեան անբաւարար իմացութեան պատճառով առցանց հաղորդակցութեան մէջ լատինատառ գրելու հակումը, ընկերային ցանցերու վրայ Հայաստան-Սփիւռք յաճախ զիրար չհասկնալու պատճառով զիրար հակասելու երեւոյթը, օտար վարժարան յաճախելու անպատեհութիւնները, արհեստագիտութեան անբաւարար օգտագործումը, երիտասարդութեան մօտ ինքնաճանաչման վերաշեշտումը, Արցախեան վերջին պատերազմի պատճառով երիտասարդութեան մօտ յուսալքման հոգեվիճակը, ղեկավարութիւն-երիտասարդութիւն յարաբերութիւններու առնչուած խնդիրները եւ տնտեսական իրավիճակի հետեւանքով գաղութը լքելու հարցը։ Յիշեալ նիւթերու քննարկումներուն լոյսին տակ երիտասարդները նաեւ պարզեցին իրենց առաջարկները՝ կրթական, կազմակերպչական, արհեստագիտական եւ եկեղեցական մարզերու կապուած։ Լսելէ ետք մեր երիտասարդները, Մենք բարձր գնահատեցինք անոնց շինիչ ներդրումը եւ շեշտեցինք, որ այսօր չենք կրնար խուսափիլ համաշխարհայնացման մշակոյթէն. սակայն այս իրողութեան դիմաց հարկ է կառչիլ մեր ինքնութեան, որ հիմնուած պէտք է ըլլայ արժէքներու եւ խարսխուած՝ իտէալներու վրայ։ Անհրաժեշտ է մտածել այնպիսի հաւաքական արժէքներու համակարգ մը յառաջացնելու մասին, որ ո՛չ հեռացնէ մեզ ներկայ ընկերութենէն եւ ոչ ալ կղզիացնէ, այլ զիրար հարստացնող ներքին յարակցութիւն մը ստեղծէ երկուքին միջեւ։
Դ) Չորրորդը հանդիպումը յատկացուած էր տեղեկատուական մարզին։ Ընդհանուր գծերով պարզելէ ետք տեղեկատուական մարզի կարեւորութիւնը Սփիւռքի վերակազմակերպման աշխատանքներուն մէջ, մասնակիցներէն իւրաքանչիւրը ներկայացուց մասնագիտական զեկոյց մը եւ ապա տեղի ունեցաւ լայն քննարկում։ Լուսարձակի տակ առնուեցան մասնաւորաբար հետեւեալ կէտերը.–
– Տուեալներու հաւաքագրումը խիստ կենսական է Սփիւռքի գոյքագրման եւ մասնագիտական մարդուժի ցուցակագրման աշխատանքին համար։
– «Չիփեր»ու այսօրուան արտադրութեան ճարտարագիտութիւնը հիմնուած է ծաւալի փոքրացման, բազմապատկուած տուեալներու ներառման եւ արագութեան բազմապատկութեան սկզբունքներուն վրայ։ Հայկական տեղեկագիտական գործօնը այս նոր ուղղութիւնը նկատի պէտք է ունենայ իր ցանցային աշխատանքները կազմակերպելու ընթացքին։
– Այսօրուան աշխարհակարգը կʼաշխատի ապակեդրոն, ապամեկուսացուող եւ անվերջ նորացուող դրութիւններով։ Մեր աշխատանքներուն մէջ հարկ է այս աշխատակարգը ու գործելաոճը նկատի ունենալ՝ յատկապէս մեր դասական կառոյցներէն դուրս գտնուող զանգուածներուն հետ կապ հաստատելու համար։
Ե) Հինգերորդ հանդիպման նպատակն էր ամփոփել ցարդ կատարուած քննարկումներուն հիմնական մտքերը եւ գործնական մօտեցումով ճշդել յառաջիկայ քայլերը։ Մեր թելադրութեամբ նկատի առնուեցան առանցքային երեք ուղղութիւններ.– ախտաճանաչում, հակազդեցութիւն ու գործընթաց։ Ապա պարզեցինք այն յատկանշական երեւոյթները ու կատարուած առաջարկները՝ քաղուած թէ՛ առցանց հանդիպումներէն եւ թէ՛ ընդհանրապէս Սփիւռքի տարուան առիթով գրուած յօդուածներէն։ Յիշեցուցինք, որ Սփիւռքը ներկայ գոյավիճակէն դուրս բերելու հրամայականը դարձած է հաւաքական մտահոգութիւն ու գոյութենական խնդիր։ Յստակօրէն նշմարելի է երիտասարդութեան մօտեցումը, որ անյետաձգելի կը նկատէ Սփիւռքի վերակազմակերպումը, այլապէս, կրնայ աւելի խորանալ անջըրպետը երիտասարդութեան եւ սփիւռքահայ կեանքին միջեւ։ Ընդգծեցինք նաեւ, որ Սփիւռքի Տարուան նպատակը ակադեմական ուսումնասիրութիւն մը պատրաստելը չէ, այլ՝ տարբեր մարզերու վերարժեւորումի ու վերանորոգումի աշխատանքներուն համար շօշափելի տուեալներու վրայ հիմնուած ծրագիր մշակել ու գործընթաց ճշդել է։
Զ) Ազգ. Ընդհ. Ժողովին ուղղած Մեր պատգամին, ինչպէս նաեւ Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովներու տեղեկագիրներուն մէջ լայն տեղ յատկացուած էր Սփիւռքի վերակազմակերպման։ Ժողովը իր կարգին առանձին նիստով ու լայն քննարկումով շեշտեց Սփիւռքի վերակազմակերպման յոյժ կարեւորութիւնը եւ այդ գործընթացին սկիզբ տալու անհրաժեշտութիւնը՝ մասնաւորաբար թեմերուն կողմէ։
Արդարեւ, Սփիւռքի Տարուան առիթով տեղի ունեցած քննարկումները, գրաւոր թէ առցանց, պարզեցին հասարակաց նո՛յն մտահոգութիւնները՝ թէ Սփիւռքը հայօրէն արագ մաշումի ընթացքի մէջ է, մեր կառոյցները սկսած են կորսնցնել իրենց այժմէականութիւնը, եւ հետեւաբար, անհրաժեշտ է Սփիւռքի վերակենսաւորումը մեր կեանքը շրջապատող ներկայ պայմաններուն ու իրականութիւններուն լոյսին տակ։ Արդարեւ, յատկապէս անցնող տարուան ընթացքին այս բոլորին ականատես ու ականջալուր ըլլալէ ետք, եկանք այն համոզման, թէ Սփիւռքի գծով արտայայտուած հաւաքական մտահոգութիւնը այնքան խոր է, եւ կատարուելիք աշխատանքին ծաւալը այնքան մեծ ու անոր յստակեցումը՝ այնքան էական, որ կարելի չէ այս բոլորը խտացնել մէկ տարուան ժամանակամիջոցին մէջ։ Հետեւաբար, անհրաժեշտ է այս ուղղութեամբ կատարուող քննարկումները շարունակել, մասնակցութեամբ թեմական ու համայնքային ներկայացուցիչներու, մտաւորականներու, կառոյցներու պատասխանատուներու ու զանազան մարզերու մասնագէտներու՝ քննարկումներէ դէպի վերակազմակերպում ուղղուելու հեռանկարով։
ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԱՐԵԼԻ Է ԻՆՔՆԱՔՆՆՈՒԹԵՆԷ ՈՒՂՂՈՒԻԼ ԴԷՊԻ ՎԵՐԱԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒՄ
Սփիւռքի վերակազմակերպման պահանջը փաստօրէն դարձած է անյետաձգելի մտահոգութիւն։ Սփիւռքի ներկայ վիճակին երկարաձգումը կը նշանակէ Սփիւռքի գունաթափումը, կազմալուծումը ու մաշումը։ Անհրաժեշտ է հաւաքական ճիգով Սփիւռքին նոր կենսունակութիւն ներարկել՝ զայն դարձնելով համահունչ ներկայ աշխարհի իրականութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն։ Բնականաբար սա դիւրին ու հեզասահ աշխատանք մը չէ։ Այսօր Սփիւռքը կը ներկայացնէ զանազանութիւններու, հակասութիւններու ու անորոշութիւններու խայտաբղէտ պատկեր մը։ Հետեւաբար, Սփիւռքին նկատմամբ կարելի չէ միաձեւ ու միանուագ մօտեցումներ որդեգրել։ Գաղութները կʼապրին տարբեր միջավայրերու մէջ. իրենց ներքին դրուածքները տարբեր են. կազմակերպչական տարբեր դրութիւններով կը ղեկավարուին ու տարբեր ազդեցութիւններու ենթակայ են։ Այլ խօսքով, մեր հաւաքական մտահոգութիւնը, նախանձախնդրութիւնը ու յանձնառութիւնը չեն ենթադրեր անպայման հաւաքական գործընթացքի եւ օրակարգի ճշդում։ Հարկ է նկատի ունենալ իւրաքանչիւր գաղութ կամ թեմ իր իւրայատկութիւններով, կարիքներով ու առաջնահերթութիւններով, բնականաբար, մեկնելով հաւաքական սկզբունքներէ ու նպատակներէ։ Մեր հայեցակէտով, յատկապէս հետեւեալ սկզբունքները ու նպատակները պէտք է դառնան առաջնորդող ուղեգիծը ու մղիչ ուժը Սփիւռքի վերակազմակերպման.–
– Վերարժեւորման ենթարկել Սփիւռքի մէջ ապրող հայու ինքնաճանաչումը՝ համաշխարհայնացած մշակոյթի լոյսին տակ։
– Հայ կեանքէն ներս առանցքային դերակատարութիւն ունեցող եկեղեցւոյ բարեկարգումը նկատել առաջնային՝ զայն պատշաճեցնելով ներկայ ժամանակներու ու որոշ չափով միջավայրի իւրայատկութիւններուն ու պայմաններուն։
– Մեր համայնքներէն ներս գործող կազմակերպութիւններու ինքնաքննութիւնը եւ գործունէութեան վերարժեւորումը կատարել նոր հրամայականներու լոյսին տակ։
– Մեր կառոյցներէն եւ ընդհանրապէս հայ կեանքէն հետզհետէ հեռացող երիտասարդութեան հայ կեանքէն ներս ներգրաւումը ապահովել երկխօսութեան ճամբով։
– Հայ կեանքի բոլոր բնագաւառներէն ներս ու բոլոր մակարդակներու վրայ կնոջ աւելի լայն ու գործօն դերակատարութիւնը երաշխաւորել։
– Համայնքի կեանքի զանազան մարզերէ ներս մասնագէտներուն ներդրումը դարձնել աւելի աշխոյժ ու հետեւողական։
ԹԵՄԵՐՈՒ ՎԵՐԱԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒՄ
Սփիւռքի վերակազմակերպման մէջ կեդրոնական տեղ կը գրաւեն թեմերը։ 2022 Սփիւռքի Տարուան Մեր Հռչակագրին մէջ անդրադառնալով թեմերու վերակազմակերպման, ըսինք՝ «Աւանդական Սփիւռքի կեանքը կազմակերպուած է եկեղեցւոյ շուրջ։ Իւրաքանչիւր գաղութ եկեղեցին նկատած է իր հաւաքական կեանքին կեդրոնը եւ անոր շուրջ հիմնած զանազան մարզերու առնչուած իր հաստատութիւնները։ Փաստօրէն եկեղեցին չէ կրցած քայլ պահել կեանքի յարափոփոխ պայմաններուն հետ։ Եկեղեցւոյ բարեկարգումը հրամայական է։ Եկեղեցի-ժողովուրդ յարաբերութիւնը նոր որակ ու ոճ պէտք է ստանայ ու եկեղեցին դառնայ ծառայական ներկայութիւն ժողովուրդի կեանքէն ներս։ Ուստի, նկատի ունենալով եկեղեցւոյ առանցքային դերը գաղութի մը կեանքին մէջ, գաղութի վերակազմակերպումը հարկ է որ սկսի թեմական կեանքէն»։
Այս համոզումէն մեկնած, կը թելադրենք որդեգրել հետեւեալ մօտեցումը ու գործընթացը .–
1) Նպատակ։ Կատարուելիք աշխատանքը հարկ է ըմբռնել վարչակազմակերպչական վերակազմակերպումէ անդին՝ որպէս վերանորոգում ու վերաշխուժացում եկեղեցւոյ կեանքին ու վկայութեան, ծառայութեան ու առաքելութեան նոր հրամայականներու լոյսին տակ։
2) Մօտեցում։ Անհրաժեշտ է մէկ կողմէն նկատի ունենալ մեր եկեղեցւոյ աւանդութիւններն ու ուսուցումները, եւ միւս կողմէ՝ տեղական իւրայատուկ պայմանները։ Թեմական նեղ սահմաններուն մէջ պէտք չէ կատարուի յիշեալ աշխատանքը, այլ՝ համագաղութային մաշտապով, նկատի ունենալով նաեւ քոյր կազմակերպութիւններուն տեսակէտը եւ սպասումը։ Պատրաստուելիք ծրագիրը պէտք է ըլլայ իրապաշտ, հեռու՝ տեսական, պատահական ու ժամանակավրէպ մօտեցումներէ։
3) Մասնակիցներ։ Առաջնորդ Սրբազանին նախագահութեամբ սպասելի է որ ներկայ աշխատանքին գործնապէս մասնակից դառնան Ազգ. Վարչութիւնը, յարակից մարմինները, հոգեւոր դասը, մասնագէտներ, երիտասարդներ, զանազան կառոյցներու պատասխանատուներ։ Բնականաբար իւրաքանչիւր թեմ իր հայեցողութեամբ կը ճշդէ աշխատանքին ընթացքը ու մեթոտը։
4) Գործադրութիւն։ Իւրաքանչիւր թեմի կողմէ պատրաստուելիք ծրագիրը հարկ է մշակել որպէս գործադրելի ուղեգիծ եւ ոչ թէ որպէս սոսկ ուսումնասիրութիւն։ Ծրագրին գործադրութիւնը հարկ է որ կատարուի հանգրուանային ընթացքով։
5) Վերակազմակերպման ենթակայ կառոյցներ ու միաւորներ.-
ա.- Ծուխ։ Ծուխը հիմքը կը կազմէ եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան եւ այս պարագային՝ թեմին։ Թեմը կազմակերպել կը նշանակէ նախ ծուխը կազմակերպել։ Ծուխը պէտք է դառնայ աշխատանքներուն կիզակէտը։ Այս նպատակը իրագործելու համար.–
Առաջին, յատուկ կարեւորութիւն պէտք է տրուի հոգեւոր հովիւին։ Արդարեւ, հոգեմտաւոր զարգացում ու կոչումի գիտակցութիւն ունեցող եւ իր հօտին հետ մնայուն կապ պահող հոգեւոր հովիւը առանցքային դեր կրնայ ունենալ ծուխի վերակազմակերպման, ծաւալման ու աշխուժացման մէջ։ Հոգեւոր հովիւին քարոզները պէտք է ըլլան ամփոփ ու այժմէական։ Հոգեւոր հովիւը կոչուած է ճիշդ կերպով ու առաւելագոյն չափով օգտագործել ընկերային ցանցը, ժողովուրդին հետ կենդանի կապ պահելու համար։ Այս ծիրէն ներս Սուրբ Գրային խորհրդածութիւնները, սուրբերու եւ տօներու մասին ամփոփ տեղեկութիւններու, ինչպէս նաեւ Ազգ. Առաջնորդարանին ու մեր Սուրբ Աթոռին առնչուած գլխաւոր լուրերու փոխանցումը ծուխի ժողովուրդին կը նկատենք անհրաժեշտ։ Տնօրհնէքը, զանազան առիթներով ընտանիքներուն այցելութիւնը, եկեղեցւոյ սրահէն ներս կազմակերպուելիք հաւաքները եւս մեծապէս կը նպաստեն եկեղեցի-ժողովուրդ առաւել մերձեցման։ Հոգեւոր հովիւը յատուկ ուշադրութիւն պէտք է դարձնէ դպրաց դասի կազմակերպման ու ընդհանրապէս ծիսակատարման։ Անհրաժեշտ է որ Առաջնորդ Սըրբազանը մօտէն հետամուտ ըլլայ հոգեւոր հովիւի գործունէութեան։ Հոգեւոր դասի յատուկ հաւաքներու կազմակերպումը, հոգեւոր հովիւներու աշխատանքին յատուկ ուղեգիծի ճշդումը, պարբերաբար հովիւներու այլ ծուխեր տեղափոխութիւնը կրնան դրական դեր ունենալ ծուխերու եւ ընդհանրապէս թեմի կեանքին ու առաքելութեան աշխուժացման մէջ։
Երկրորդ, հոգեւոր հովիւին կողքին, հոգաբարձութիւնը եւս կարեւոր դեր ունի կատարելիք ծուխի հզօրացման մէջ։ Հետեւողական ճիգ պէտք է թափել երիտասարդացնելու հոգաբարձական կազմերը՝ նուիրեալ ու աշխատունակ անձեր պաշտօնի կոչելով։ Հոգաբարձական կազմերէն ներս տիկիններու ներկայութիւնը կենսական է։ Հոգաբարձութիւնը, Առաջնորդ Սրբազանին հետ խորհըրդակցաբար, պէտք է մօտէն հետեւի հոգեւոր հովիւի աշխատանքներուն։ Հոգեւոր հովիւը հարկ է որ նախագահէ հոգաբարձութեան ժողովներուն ու մասնակից դառնայ ճշդուած ծրագիրներու իրագործման։
Երրորդ, Ներդաշնակ ու սերտ գործակցութիւնը ծուխին եւ Ազգ. Առաջնորդարանին միջեւ հրամայական է։ Թեմը ծուխերու ամբողջութիւնն է։ Ծուխը համարատու է Առաջնորդ Սրբազանին ու Ազգ. Վարչութեան։ Այս շրջագծէն ներս, անհրաժեշտ է մէկ կողմէն՝ ամուր պահել համարատուութիւնը Ազգ. Առաջնորդարանին նկատմամբ, եւ միւս կողմէն՝ յարգել որոշ սահմաններէն ներս ծուխի ներքին ազատութիւնը, նկատի ունենալով երբեմն ծուխերուն ունեցած աշխարհագրական հեռաւորութիւնը եւ տարբեր պայմանները։
6) Վերաշխուժացման կարօտ մարզեր.-
ա.- Քրիստոնէական դաստիարակութիւն։ Յատուկ կարեւորութիւն հարկ է որ տրուի քրիստոնէական դաստիարակութեան թէ՛ թեմական եւ թէ ծխային մակարդակներու վրայ։ Բնականաբար, ծրագրումի ու աշխատանքի կեդրոնը հարկ է ըլլայ Ազգ. Առաջնորդարանը։ Սակայն ներդաշնակութիւն մը պէտք է ստեղծուի Ազգ. Առաջնորդարանին ու ծուխին միջեւ՝ բնականաբար միշտ նկատի ունենալով տեղական պայմանները։ Ժողովրդային հրատարակութիւնները ¥աղօթք, սուրբերու կեանք, աստուածաշնչական խորհրդածութիւն, եւլն.¤ կը նկատենք կարեւոր։ Սուրբ Գրոց սերտողութիւնը անհրաժեշտ է նոր մեթոտներով կատարել, ինչպէս նաեւ յատուկ տեղ տալ մեր եկեղեցւոյ սուրբերուն, աւանդութիւններուն, դաւանական ու բարոյական ուսուցումներուն եւ ներկայ ընկերութեան հետ աղերս ունեցող ընկերաբարոյական հարցերուն։ Կիրակնօրեայ վարժարաններու վերակազմակերպումը ու անոնց գործունէութեան ծաւալումը, մեր վարժարաններէն ներս կրօնագիտական նիւթերու դասաւանդումը ու բարոյախօսական պահերու հաստատումը կը նկատենք խիստ հրամայական՝ մեր նոր սերունդներու քրիստոնէական ու հայեցի կազմաւորման իմաստով։
բ.- Ընկերային ծառայութիւն։ Ընկերային ծառայութիւնը մեր եկեղեցւոյ առաքելութեան կարեւոր տարածքներէն մէկն է։ Այս աշխատանքը առաւելաբար ուղղուած կրնայ ըլլալ մարդասիրական բնոյթ ունեցող պարագաներու, հիւանդներու, բանտարկեալներու եւ կամ նոր հաստատուած ընտանիքներու։ Եկեղեցին պէտք է միշտ պատրաստ ըլլայ իր խնամքին յանձնուած հօտի ընկերային զանազան կարիքներու առաւելագոյն չափով օգտակար ըլլալու։ Այս շրջագծէն ներս, հոգեւոր հայրերու կողմէ հիւանդանոցներու ու ծերանոցներու հետեւողական այցելութիւնը կենսական է։
գ.- Երիտասարդութիւն։ Երիտասարդութիւնը մեր եկեղեցւոյ շուրջ համախմբելը առաջնահերթութիւն է։ Այս ուղղութեամբ յատուկ ծրագիրներ հարկ է որ պատրաստուին եւ Ազգ. Առաջնորդարանի եւ ծուխերուն կողմէ համադրուած կերպով իրականացուին՝ երիտասարդներուն մասնակցութեամբ։ Երիտասարդ տարրեր հարկ է նշանակել թեմական բոլոր մարմիններէն ներս։ Պէտք է երկխօսութիւն ստեղծել երիտասարդութեան հետ ու վստահիլ անոնց՝ փոխանակ զանոնք հեռու պահելու մեր կառոյցներէն ու ընդհանրապէս մեր հաւաքական կեանքէն։
դ.- Միջ-եկեղեցական եւ միջ-կրօնական յարաբերութիւն։ Ներկայ աշխարհին մէջ միջ-եկեղեցական եւ միջ-կրօնական յարաբերութիւնը դարձած է անհրաժեշտութիւն։ Գրեթէ բոլոր թեմերէն ներս կը գըտնուին քրիստոնեայ եւ այլ կրօններու պատկանող համայնքներ ու կազմակերպութիւններ։ Հետեւաբար, կարեւոր կը նկատենք անոնց հետ թեմին յարաբերութիւնը։ Փոխադարձ այցելութիւնները ու կարեւոր ձեռնարկներու մասնակցութիւնը մեծապէս կը նպաստեն յարաբերութեան ամրապնդման։
7) Գործակցութիւն Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցիներուն հետ։ Մեր Սուրբ Աթոռը միշտ դրական գործակցութիւն ունեցած է մեր ազգին անբաժան մասը նկատուող եւ մեր համայնական կեանքին մէջ գործող ու ծառայող Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցիներուն հետ։ Նոյն ոգիով գործակցութիւնը ներդաշնակ ու համադրուած կերպով անհրաժեշտ է որ շարունակուի ծխային թէ թեմական ծիրէն ներս՝ մասնաւորաբար համահայկական ու ներգաղութային ընդհանրական խնդիրներուն շուրջ։
8) Գործակցութիւն քոյր կազմակերպութիւններուն հետ։ Թեմերէն ներս գործող կազմակերպութիւններուն հետ գործակցութիւնը հրամայական է։ Թեմը գաղութէն անկախ միաւոր մը չէ. թեմը ժողովուրդն է։ Հետեւաբար, ժողովուրդի կեանքին մէջ ծառայող կազմակերպութիւններուն հետ Ազգ. Առաջնորդարանին՝ թեմական մակարդակի վրայ, եւ ծուխին՝ ծխային մակարդակի վրայ, սերտ գործակցութիւնը մեծապէս կրնայ նպաստել գաղութին վերակազմակերպման։ Այս հեռանկարով թելադրելի է, որ թեմի վերակազմակերպչական աշխատանքներուն մասնակից դառնան նաեւ քոյր կազմակերպութիւնները։
9) Վարչակազմակերպչական։ Շրջաններու պայմաններուն համաձայն հաստատել նոր ծուխեր եւ անհրաժեշտութեան պարագային մեծ ծուխերը ներքին բաժանումներու ենթարկել։ Ի հարկին ստեղծել Առաջնորդական Փոխանորդութիւններ թէ՛ հեռաւոր շրջաններու յատուկ եւ թէ Առաջնորդարանէն ներս՝ յատուկ առաքելութիւն յանձնելով Փոխանորդին։ Ազգ. Վարչութիւնը իր կողքին պէտք է ունենայ կրթական, տնտեսական ու կալուածական եւ ի պահանջել հարկին այլ մասնագիտական յանձնախումբեր, որպէսզի իր աշխատանքը ըլլայ աւելի կազմակերպ ու համապարփակ։
10) Կանոնագրային։ Հակառակ այն իրողութեան, որ թեմերու կանոնագրութիւնները ենթակայ են մնայուն բարեփոխութեան, այդուհանդերձ անոնք կարիքը ունին իրապաշտ մօտեցումով վերանայման, նկատի ունենալով թէ՛ թեմերէն եւ թէ շրջապատէն ներս տեղի ունեցող արագ փոփոխութիւնները։
Ահաւասիկ ընդհանուր գծերով Մեր պատկերացումը թեմերէն ներս կատարուելիք վերակազմակերպչական աշխատանքներու գծով։ Ներկայ տարուան ընթացքին յաջորդաբար պիտի այցելենք մեր թեմերը, եւ նախապէս ճշդուած օրակարգի համաձայն աշխատանքային հանդիպումներ պիտի ունենանք Առաջնորդ Սրբազաններուն, հոգեւոր դասուն ու Ազգ. Իշխանութեանց հետ ։ Յաջորդող տարին թեմերու պատասխանատու մարմինները պիտի այցելեն Անթիլիասի Մայրավանք եւ իրենց աշխատանքներուն մասին պիտի զեկուցեն Մեզի ու Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան խառն Ժողովին։ Քննարկումի, խորհրդակցութեան ու ծրագրումի աշխատանքներուն պիտի յաջորդէ գործադրումի գործընթացը։ Նշեալ ծրագրին իրականացումը մեր Սուրբ Աթոռի ժամանակակից պատմութեան մէջ մեծ իրագործում մը պիտի ըլլայ, ինչպէս նաեւ ազդանշանը ու ուղենիշը պիտի դառնայ ողջ Սփիւռքի վերակազմակերպման։ Արդ, մեր դիմաց կը գտնուի իրագործելի հսկայ ու անյետաձգելի աշխատանք մը, որուն, Աստուծոյ օրհնութեամբ, մեր թեմերը կոչուած են լծուելու հաւաքական ճիգով եւ պատասխանատու ոգիով ու բարձրագոյն աստիճանի նուիրումով՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ամբողջական զօրակցութեամբ։
Ձեզի կը մաղթենք յաջողութիւն։
Հայրական ջերմ սիրով,
Աղօթարար՝
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
1 Յունուար, 2023
Անթիլիաս, Լիբանան