Ստացուած Գիրքեր. «Արեւմտեան Հայաստանի Պիթլիսի Նահանգի Հայ Բնակչութեան Թիւը Մեծ Եղեռնի Նախօրեակին» (Հեղինակ` Ռոբերտ Թաթոյեան)
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Պէյրութի «Շիրակ» հրատարակչատունէն 2022-ին լոյս տեսաւ Ռոբերտ Թաթոյեանի «Արեւմտեան Հայաստանի Պիթլիսի նահանգի հայ բնակչութեան թիւը Մեծ եղեռնի նախօրեակին» գիրքը, բաղկացած` 208 էջերէ: Հեղինակը գիրքը ձօնած է մօր` Անժելա Ղուշչեանի յիշատակին:
Գիրքը հրատարակուած է ՀԲԸ Միութեան «Վահրամ Ապտալեան» մշակութային հիմնադրամի միջոցներով:
Հեղինակը կ՛ըսէ, որ աշխատանքին նպատակն է վիճակագրական աղբիւրներու տուեալներու համեմատական վերլուծութեան միջոցով եւ անոր հիման վրայ կատարել Հայոց ցեղասպանութեան նախօրեակին Օսմանեան կայսրութեան Պիթլիսի նահանգի հայ բնակչութեան թուաքանակի ճշդում:
Թաթոյեան կը նշէ, որ 1878-ին Հայկական հարցի միջազգային դիւանագիտութեան օրակարգին մէջ ընդգրկուելէն ետք, սուլթան Համիտ սկսաւ հետեւողական քաղաքականութիւն իրականացնել` ուղղուած բարեփոխումներու ենթակայ Արեւմտեան Հայաստանի տարածքէն հայկական ներկայութեան նուազեցման:
Պիթլիսի նահանգի հայ բնակչութեան թուաքանակին վրայ բացասական լուրջ հետեւանքներ ունեցան Սասունի 1894-ի ապստամբութեան ճնշումը եւ 1895-ի զանգուածային կոտորածները:
Համիտեան կոտորածներու ժամանակ բռնի իսլամացուեցան Պիթլիսի նահանգի բազմաթիւ հայկական բնակավայրեր:
Քրտական տեւական հալածանքներուն պատճառով հայեր լքեցին Պիթլիսի նահանգի տասնեակ մը բնակավայրեր:
Դէպի Միացեալ Նահանգներ եւ Ռուսաստան հայերու արտագաղթը լայն ծաւալ ստացաւ համիտեան կոտորածներու տարիներուն:
Պիթլիսի նահանգէն հայեր պանդխտութեան կը դիմէին դէպի Պոլիս:
Պիթլիսի նահանգը բաժնուած էր չորս գաւառներու` Պիթլիսի, Մուշի, Կէնճի եւ Սղերդի, որոնք իրենց կարգին բաժնուած էին գաւառակներու:
Օսմանեան իշխանութիւններու 1906-ի վիճակագրական տուեալներու համաձայն, Պիթլիսի նահանգի հայ բնակչութեան թիւն էր 96 հազար 944 հոգի:
Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի տուեալներով, Պիթլիսի նահանգի հայութեան թիւը 1882-ին 250 հազար էր, 1912-ին` 198 հազարը 1913-1914-ին` 218 հազար 404 հոգի:
Պիթլիսի նահանգի հայ բնակչութեան թուաքանակի վերաբերեալ վիճակագրական տեղեկութիւններ կը հաղորդեն նաեւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ Մեծն Բրիտանիոյ եւ Ռուսիոյ դիւանագիտական ներկայացուցիչները, ռազմական հետախոյզներ եւ ճանապարհորդներ:
Պիթլիսի նահանգին մէջ, հայերէն բացի, կը բնակէին` քիւրտեր, ալեւիներ, թուրքեր, չերքեզներ, ասորիներ եւ եզիտիներ: Անոնց թիւը կը գնահատուէր 240 հազարէն 310 հազար:
Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի մարդահամարի եւ վիճակագրական այլ աղբիւրներու տուեալներու համադրութեան եւ վերլուծութեան միջոցով եւ հեղինակին կողմէ ըստ բնակավայրերու կատարուած հաշուարկի, Հայոց ցեղասպանութեան նախօրեակին Պիթլիսի նահանգին մէջ կար 29.340 տուն-244.160 շունչ հայ: