Ռազմիկ Դաւոյեան․ Մտքի Յանձնառու Մարտիկը

Մովսէս Ծիրանի

Սիրելի ընթերցող,

Հակառակ անոր որ Ռազմիկը աւելի քան ընկեր էր ինծի համար, ցարդ առիթ չեմ ունեցած իր մասին գրելու:  Ամէն բանէ առաջ գաղափարի գորըծնկերներ էինք: Սակայն սխալ չհասկցուելու համար, տեղեկացնեմ, որ Ռազմիկին ոչ միայն «Բագին» կը տրամադրէի, այլեւ իրեն հետ այնպիսի գեր-գաղտնի գործեր ըրած ենք, որ եթէ բռնուէինք (յատկապէս մէկի պարագային, որուն Ռաֆայէլ Իշխանեանը եւս մասնակից էր), Աստուած գիտէ թէ ի՞նչ կ’ըլլար մեր ճակատագիրը… Մանաւանդ որ ան Ծաղկաձորեան ամենամեայ «Թարգմանչաց Տօներ»ու հաւատարիմ մասնակիցներէն էր: Այո, հակառակ անոր որ իր հանդէպ որոշ «վերապահութիւններ» կային, մեր մտերմութիւնը փոխադարձ վստահութեան վրայ հիմնուած էր…:

1974-ի Սեպտեմբեր, Երեւան

Հօրաքրոջս տղան՝ Յակոբ Ճանպազեանը եկած էր հայրենիք, ոչ միայն տեսարժան վայրեր այցելելու, այլ նաեւ ծանօթանալու կարգ մը գրողներու ու արուեստագէտներու հետ: Առաջին հերթին զինք տարի Ռազմիկ Դաւոյեանին մօտ, ուր ներկայ էին նաեւ Յակոբ Յակոբեանն ու իր կողակիցը՝ Մարին: Ռազմիկին կողակիցը՝ Յասմիկը, այդ բարեհամբոյր տիկինը, որ իր  բացառիկ ասպնջականութեամբ մեր բոլորին համակրանքն ու յարգանքը շահած էր, ինչպէս միշտ՝ մեզ ընդունեց ամենայն բացսրտութեամբ ու ջերմութեամբ…: Ռազմիկն ու Յակոբեանը իրենց հերթին, Յակոբին ընդունեցին հարազատի մը նման ու սկսան հարցեր տալ իրեն Լիբանանահայ գաղութի վերաբերեալ: Երբ արդէն ջերմ ու հարազատ մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ, Ռազմիկը գրասենեակ մտաւ գիրք մը բերելու եւ նուիրելու համար Յակոբին: Ես «դիտաւորեալ» առաջնորդեցի զինք եւս ներս, ուր Ռազմիկը նստած կը մակագրէր… : Յանկարծ` Յակոբը անակնկալօրէն ետ քաշուեցաւ եւ ուղղակի գոռաց.

–Օ՜… եռագո՞յն… հո՞ս… Դաւոյեանի գրասեղանի՞ն… :

Ռազմիկը վարժ էր նման արտայայտութիւններու: Ան հպարտ՝ իր եռագոյնով… ոտքի ելաւ, մտերմաբար ժպտաց… գիրքը յանձնեց Յակոբին ու անոնք ողջագուրուեցան, զիրար նոր գտած գաղափարակից ընկերներու նման, որոնց բարեկամութիւնը շարունակուեցաւ մի՜նչեւ վերջերս՝… շուրջ երկու ամիս առաջ… Երբ Ռազմիկը առյաւէտ բաժնուեցաւ մեզմէ…:

Իմ գաղափարակից ընթերցող՝

Այո, խոհրդային օրերուն եռագոյն տեսնելը հայրենիքի մէջ, առաջին անգամ Արարատը տեսած ըլլալու նման՝ խորհուրդ ու ազգային ներուժ կը պարունակէր իր մէջ: Գրեթէ նոյն արտայայտութիւնը ունեցած էին մեր ընկերներէն շատեր, ինչպէս՝ Ժան Ֆարրան, Մարտիկ Պոյաճեանն ու Պօղոս Գասապեանը, երբ առաջին անգամ Վարուժան խտըշեանի հետ տարի զիրենք Ռազմիկին մօտ… :

Այն ատէն այդպէս էր Ռազմիկը: Իսկ այս առիթով «յետագայի» մասին անդրադառնալը պատշաճ պիտի չըլլար…: …Անցնինք:

Ռազմիկի ու Յակոբեանի բնակած նոյն շէնքին երրորդ յարկը կ’ապրէր նաեւ արժանաւոր այլ հայորդի մը՝ Վահէ Օսկանեանը: Ռազմիկը, առանց Յակոբին կարծիքը առնելու, հեռաձայնեց Վահէին հրաւիրեց ու սկիզբէն տեղեկացուց.

–Վահէ ջան, Մովսէսին Լիբանանահայ մէկ ազգականը էստեղ է եւ  շատ է ուզում հանդիպել քո հետ…:

Յակոբը երբ լսեց որ առանց իր կարծիքը առնելու, Ռազմիկը իր անունով մէկու մը կը հրաւիրէ, զարմացած՝ մեր Մուսալերան բարբառով հարցուց.

Է՞ուվի, իս գիտէ՞յմզը: (Ո՞վ է, ես կը ճանշնա՞մ զինք):

Շատ չանցած Վահէն վար իջաւ: Երբ Յակոբը իմացաւ որ ո՞վ է ան,  յուզումնալից խանդավառութիւնը  իր գագաթնակէտին հասաւ… :

Այո, Վահէ Օսկանեանը ոեւէ մէկը չէր… իրականութեան մէջ «Օսկանեան» ալ չէր: Ան Հարաւսլավիոյ Պելկրատի Աստղադիտարանի տնօրէնն էր, երբ 1964-ին Վիքթոր Համբարձումեան, միջազգային գիտաժողովի մը ընթացքին կը հանդիպի իրեն ու կը հրաւիրէ Հայրենիք… :

Իմ համբերատար ընթերցող՝

Հարկաւոր է յատուկ արժեւորել ու գնահատել այս ազգանուէր ու ազնուասիրտ Հայը, ոչ միայն անոր համար որ ան Սողոմոն Թէհլիրեանի հօրեղբօր հարազատ թոռն էր, այլ յատկապէս անոր համար որ ան անսալով Վ. Համբարձումեանի հրաւէրին, նախ՝ զգուշութեան համար կամովին կը հրաժարի իր պապենական Թէհլիրեան ազգանունէն, ապա լքելէ ետք փառք, հագստաւէտ կեանք ու ամէն ինչ, 1966-ին ընտանիքին հետ կը տեղափոխուի Խորհրդային Հայաստան, ուր կ’ապրի ու կը ստեղծագործէ… ցմահ…. թէկուզ՝ կենցաղային նուազագոյն պայմաններով:

Ան շարունակելով իր գիտական որոնումները, «Աստղային բռնկումներու» ասպարէզէն ներս, կ’արձանագրէ նոր ու այնպիսի  կենսական նուաճումներ, որոնք մեծապէս կը նպաստեն հայրենի աստղաֆիզիքայի զարգացման ու հայ ազգային վարկի բարձրացման՝ յաչս միջազգային գիտական շրջանակներէ ներս: Չափազանց շատ քիչեր միայն գիտէին թէ ինք ան ո՞վ էր: Անշուշտ այդ քիչերէն մէկը Ռազմիկն էր, որու միջոցով ծանօթացայ իրեն հետ ու ոչ միայն մենք լաւ ընկերներ եղանք, այլեւ ան թոյլատրեց, որ պատկերահանեմ Սողոմոն Թէհլիրեանի քանի մը անտիպ լուսանկարները, որոնք ատենին  լոյս տեսան «Բագին»ի եւ «Ազդակ»ի մէջ… :

…………………………………………………………………………………………………….

1977-ի Գարուն, Երեւան

«Ասբիրանդուրա»ի երկու ղեկավարներէս մէկուն՝ (ստալինեան հալածանքներէն տաղուած իբրեւ նախկին յեղափոխականի ժառանգորդ) արուեստաբան Վահան Յարութիւնեանի թելադրանքով, յօդուած գրեցի Յովսէփ Փուշմանի ծննդեան հարիւրամեակին առիթով ու տարի «Սովետական Արուեստ»ի խմբագրատուն: Պատասխանատու խմբագիրը, (կը խնայեմ իր անունը) նախ ջերմութեամբ ընդունեց, իմ ներկայութեան ընթերցեց ու թելադրեց, որ Սփիւռքահայ այլ արուեստագէտներու մասին եւս գրեմ… տարբեր առիթներով: Առաջին յօդուածս էր, գոհունակ սրտով դուրս ելայ…, սակայն օրեր ետք Պարոյր Սեւակի առաջին կինը՝ Մայա Աւագեանը, ընկերուհիներէս մէկուն միջոցով լուր ղրկեց, որ յօդուածէս կարեւոր բաժին մը մկրատուած է… ու իմաստը փոխուած: Անմիջապէս հեռաձայնեցի Ռազմիկին, որ պատուիրեց.

–Նախ գնա՛ եւ ստուգի՛ր, եթէ աննշան բան է, բանի տեղ մի դիր… գլխացաւանք է, իսկ եթէ կարեւոր է, փորձիր վերականգնել: Նկատի առ, որ դու դրսի մարդ ես… նրանք չեն ուզենայ քեզ նեղացնել:

Սրբագրելու պատրուակին տակ գացի, կարդացի ու տեսայ որ ոչ միայն հանած են այն պարբերութիւնը, ուր Փուշմանի Խորհրդապաշտութիւնը (mysticism) մեկնաբանած եմ, այլեւ մէջբերման մը մէջ «Խորանարդապաշտութեան դէմ եմ» եզրը վերածած են «Խորհրդապաշտութեան դէմ եմ՝» «միսթիցիզմ»ի, որ բոլորովին հակառակ իմաստը կու տայ: Թէեւ զայրոյթէս սկսայ քրտնիլ, սակայն ինքզինքս զսպելով մտայ կերպարուեստի բաժնի վարիչին մօտ, որ համբերութեամբ լսելէ ետք առարկութիւններս պատասխանեց.

_«Միսթսիզմ»ը հակասում է մեր գաղափարախօսութեան, այնպէս որ ելք չկա… սա պէտք է որ հրատարակուի մեր արժեչափին համապատասխան: Հարկաւոր է  յարմարուել …:

Դող մը եկաւ վրաս: Ատամներս սեղմեցի ու պատասխանեցի.

_ Եթէ այդպէս է… իմաստ չունի… ետ տուէք, կը տանեմ:

_ Չի լինի, Կենտկոմի որոշումն է, ժամանակ չկայ…, այս յօդուածը պիտի հրատարակուի այս համարին մէջ… դա պարտադիր է:

Կարծէք թէ դիմացը «կոմսոմոլ» մը նստած էր, ու հետս կը վարուէր կուսակցապետի նման: Առարկեցի.

Գրածսբոլորովին սխալ կը հասկցուի… Փուշմանը ոչ միայն «Միսթիք» արուեստագէտ է, այլեւ առաջին անգամ արեւելեան միթիսիզմը ինք ներկայացրել է ԱՄՆ-ի մէջ… դրա համար էլ բարձր են գնահատում նրան… :

_ Դա կարեւոր չի…: Էստեղ «Պարտկոմ» կայ, «Կենտկոմ» կայ… հասկանո՞ւմ ես… որոշումը որոշում է… յօդուածդ լոյս կը տեսնի այնպէս ինչպէս կայ… պա՞րզ է.

_Պարզ է… հիմա արդէն հասկանում եմ… Էստեղ «Պարտկոմ» կայ, «Կենտկոմ» կայ, լա’ւ եմ հասկանում… Այդ պարագային իմ անունս ջնջեցէք եւ ի՛նչ կ’ուզէք ստորագրեցէք տակը.. .այս յօդուածի տակ ես չեմ ստորագրելու:

Ատամները իրար քսելով, սինիք ու ժպիրհ ժպիտ մը գծագրուեցաւ դէմքին: Բառերը յստակ եւ հատ հատ շեշտելով, ըսաւ.

—Լսի՛ երիտասարդ… այս յօդուածը հրատարակուելու է այս համարի մէջ… նոյնութեամբ՝ եւ… քո անունով… յստա՞կ է: Հիմա կարող ես հանգիստ գնալ ու… սպասել… :

— Բայց ես կը բողոքեմ…

—Օհօ,՜արդէն երկարացնում ես… Ի հարկէ կարող ես բողոքել որտեղ կամենաս… ազատ երկրի մէջ ենք ապրում… իսկ հիմա… ժամանակ չունեմ… խնդրեմ… ինձ մէնակ թողէք:

Իմ խոհեմ ու գիտակից ընթերցող,

Եթէ իմ տեղս ըլլայիր, չեմ գիտեր, թէ դուն ի՞նչ կ՛ընէիր… : Ես՝ բնազդաբար բռունցքով սեղանին ուժեղ խփելէ ետք, կատաղած ոտքի ելայ… հայեացքս մխրճեցի աչքերուն խորքը ու դուռը շռխկացնելով երեսին, դուրս ելայ…: Իջայ փողոց ու առաջին պատահած հեռաձայնի տնակէն զանգեցի Ռազմիկին: Լսելէ ետք զայրալից բողոքներս՝ սկսաւ քա՜հ-քա՝հ խնդալ: Ես շարունակեցի.

—Ի՞նչ ես յիմար-յիմար ծիծաղում, չե՞ս տենում՝ ի՞նչ վիճակի մէջ եմ:

—Նախ հանդարտիր եւ առանց յիմարութիւններ դուրս տալու ինձ հանգիստ լսի: Հիմա հասկանո՞ւմ ես թէ մենք ի՜նչ «դժոխքից» ենք անցնում, մինչեւ որ մի բան յաջողացնում ենք… հրատարակել: Բողոքելդ անիմաստ կը լինի: Նոյնիսկ ղեկավարիդ մի տեղեկացրու: Առ այժմ դու ոչ մի բան էլ մի՛ առա, ես կը փորձեմ մի բան անել:  Սպասի մինչեւ որ ես գնամ ու խօսեմ նրանց հետ…

Խոստացայ, բայց  չդիմացայ: Ջղագրգիռ վիճակի մէջ էի… նախ  Յարութիւնեանին հեռաձայնեցի, տունը չէր։ Ապա բնազդաբար քայլերս ուղղուեցան դէպի համալսարան, ուր ներկայացայ արտասահմանցիներու բաժնի վարիչին՝ Ընկ. Խտըրեանին, որ մինչ այդ տեղեկացուած կը թուէր ըլլալ… : Ընդունեց զիս յարգանքով ու ամենայն սառնասրտութեամբ լսելէ ետք բողոքներս, ըսաւ.

—Մովսէս ջան, դրա մէջ վատ բան չկայ, խմբագիրը պարզապէս պաշտպանել է քեզ ու քո սխալը ուղղել…

—Այդ ինչպէ՞ս…

—Եթէ դու «Միսթիսիզմ»ը պաշտպանես, քո ապագայի համար լաւ չի լինի:

Յետոյ ձայնը ցածցնելով աւելցուց.

—Քեզ համար ասում են որ դու հանրակացարանում, քո սենեակում մոմ ես վառում ու խունկ ծխացնում…

—Այո, յետոյ ի՞նչ, ես իմ սենեակում ազատ չե՞մ…

— Ճիշդ է, մենք ազատ երկրի մէջ ենք ապրում եւ ուրիշների համար էլ ենք պայքարում: Բայց դու «միսթիցիզմ» ես տարածում… եւ մի մոռացի որ սա քո առաջին յօդուածն է, սրանով դու սկսում ես քո «կարիերան» ու յայտնի ես դառնում: Յետոյ, Մովսէս ջան՝… փող էլ ես ստանալու…

Հոս՝ զգացի որ ինքնատիրապետումս կը կորսնցնեմ… ու յիշեցի Ռազմիկին անբռնազբօս ծիծաղն ու, իմ հերթին սկսայ քա՜հ- քա’հ խնդալ… ապշեցնելով ու մեծ զարմանք պատճառելով «արտասահմանցի ուսանողներու ջերմ պաշտպան»՝ ընկ. Խտըրեանին: … Անխօս դուրս ելայ ու դարձեալ հեռաձայնեցի Ռազմիկին… երբ դրամի մասին լսեց այս անգամ աւելի եւս բարձրաձայն ծիծաղեց ու շարունակեց.

_… Ա՜յ հիմա աւելի լաւ կ’իմանաս, թէ մենք ինչպէ՞ս ենք ապրում այս երկրում: Եւ ի՞նչ զիջումներ ենք անում… այո՜, փող էլ ենք ստանում…:

Թէեւ «փող ստանալու» բաժինը հեքնանքով արտասանեց, սակայն պէտք է ընդունինք, որ համեմատաբար լաւ կը վճարուէին գրողները: Ռազմիկը նախ խոստացաւ, որ կ’երթայ խմբագրին՝ իր «ընկերոջ» մօտ եւ կը փորձէ փրկել յօդուածս, եւ ապա  առաջարկեց, որ  յաջորդ յօդուածը տամ Ալբերդ Կոստանեանին, որ ոչ միայն կը ճանչնայի, այլեւ «Բագին» կը տրամադրէի իրեն: Ան «Սովետական Գրականութիւն» ամսաթերթի արուեստի բաժնի խմբագիրն էր: Թէեւ Խորէն Տէր Յարութեանի մասին գրած յօդուածս հրատարակուցաւ նոյնութեամբ, սակայն (Ի հեճուկս իր խոստումին ու Ռազմիկի ուղղակի միջամտութեան) առանց Ուիլեամ Սարոյանէն փոխ առնուած բնաբանի, ուր կ’ըսուէր. «Կ’ատեմ բռնութիւնը ու կ’արհամարեմ զանոնք, որ կը գործադրեն զայն»:

Իմ ազատախոհ ու արդարամիտ ընթերցող՝

Այո, խոհրդայինները տեսականօրէն կը պայքարէին բռնութեան դէմ, սակայն գործնապէս բռնատիրական վարչախումբով կը կառավարէին այդ հսկայ կայսրութիւնը: Չէք կարծեր, որ մեր օրերուն նոյնի’սկ մեծապետական պէտութեւնները (առաւել կամ նուազ չափով) բռնատիրական վարչախումբեր են… Մադասիրական Գաղափարներու, Մարդկային Իրաւունքներու եւ Ժողովրդավարութեան պիտակներու տակ:

Ռազմիկը նոյնի’սկ իր դիրքն ու ապագան վտանգելու գնով, նմանօրինակ պարագաներու…  յաճախ կը պաշտպանէր իմ եւ իմ նմաններու իրաւունքները… : Այդ պատճառով ալ ան ինծի համար Ուիլեամ Սարոյեանի, Խորէն Տէր Յարութեանի եւ միւսներու նման մնաց նաեւ՝ իբրեւ բռնութեան դէմ ծառացող յանձնառու մտքի  մարտիկ մը…

Իմ հաւատարիմ ընթերցող,

Կրնա՞ս բացատրել, թէ ինչո՞ւ այսօր հրապարակի վրայ գրեթէ չունինք բռնութեան դէմ ծառացող գրողներ, արուեստագէտներ ու առհասարակ մտաւորական մարտիկներ … :

Փետրուար 2022, Երեւան

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.