ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ ԹԱՏԵՐԱԲԵՄՆ Է ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ, ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԵՒ ԴԱՒԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ

Յաճախ երախտապարտ եմ ուրիշին, որ իր հակադրութեամբ ինծի կ’օգնէ, որ հաւատարիմ մնամ ինքզինքիս:

Ժան Ռոսթան,

ֆրանսացի գիտնական եւ իմաստասէր, Ի դար

             Իշխանութիւն-ընդդիմութիւն ԽԱՂը մարդու պատմութեան չափ հին է: Առասպելները, պատմիչները, գրականութիւնը, խօսած են յաղթած հերոսներու, դաւաճաններու եւ ոճիրներու, յեղափոխութիւններու եւ ջարդերու մասին, Յուլիոս Կեսարէն մինչեւ Չաուչեսքու, Շէքսփիր, Րաֆֆի: Դեռ պալատական սպանութիւններ եւ թունաւորումներ, կամ՝ ըմբոստութիւններ, որոնք յաղթանակած են կամ արեան մէջ խեղդուած:

            Կը զարմանանք, որ Հիթլէր, Ստալին, Չաուչեսքու, իրենց օրերուն պաշտպաններ ունեցած են: Անոնց ձագուկները այսօր ալ կան:

            Աշխարհի պատմութիւնը գրելու յաւակնութիւն չունիմ:

            Անցնող շաբաթներու ընթացքին, առօրեայ մտահոգութիւն էր պարտուած եւ ընկճուած Հայաստանի մէջ ընթացող իշխանութիւն-ընդդիմութիւն տագնապը, իր ամենօրեայ ցոյցերով, ոստիկանական ճնշումներու պատկերներով, ձերբակալութիւններով: Այդ բոլորը բարւոք լուծում չեն գտած:

            Ինչ ալ ըլլայ Հայաստանի ընդդիմութեան ցոյցերուն տարողութիւնը, անոնք կը վկայեն դժգոհութեան մը մասին, ինչպէս որ էր պարագան ներկայ իշխանութեան, որ հաստատուեցաւ ցոյցերու ալիքի վրայ: Արդեօ՞ք կառավարելու, յաջողութիւն ունենալու եւ ծառայելու համար իշխանութիւն-ընդդիմութիւն խաղը ուրիշ ձեւով կարելի չէ փոխարինել, երբ անկուշտ թշնամիներ ունինք:

            Անկախ մեր դիրքորոշումներէն, ընդդիմութիւն երեւոյթի մասին պէտք է մտածել, հասկնալ դրդապատճառները, չմնալ քարացած դիրքերու վրայ, միշտ որպէս առաջադրանք ունենալով երկիրը եւ անոր ապահովութիւնը, ժողովուրդը եւ անոր բարօրութիւնը: Հայաստան ո՛չ առաջին երկիրն է, որ բռնուած ըլլայ իշխանութիւն-ընդդիմութիւն խաղին մէջ, ո՛չ ալ վերջինը պիտի ըլլայ: Իւրաքանչիւրը պէտք է ազատօրէն խօսի ժողովուրդին, քանի որ ան է դատաւոր, ինչ որ կը պատահի եւ պիտի պատահի իրեն կը վերաբերի: Մեր պարագային միշտ պէտք է մտածել եւ առաջնորդուիլ մեր անցած ճանապարհի դասերով, չշրջանցելով ներկայի բարդ իրադրութիւնը: Իրատես քաղաքացին չի կրնար չտեսնել այսօրուան եւ վաղուան իր գոյութենական վտանգները:

            Ներկայիս Ֆրանսայի ժողովուրդն ալ բռնուած է իշխանութիւն-ընդդիմութիւն ցանցին մէջ: Ժողովրդավարական կարգով երկիրը ընտրեց իշխանութիւն-նախագահ եւ օրէնսդիր Ազգային Ժողով: Որպէսզի համակարգը առանց ցնցումներու գործէր, խորհրդարանը նախագահին հետեւող մեծամասնութիւն պէտք է ունենար: Հակառակը պատահեցաւ, նախագահին կողմնակիցները խմբաւորումներուն մէջ համեմատականօրէն առաւելագոյն թիւով պատգամաւորներ ունին, բայց չունին կէսէն մէկ աւելիի ժողովրդավարական պահանջուած քուէները, անոնց դէմ, թէեւ բաժան-բաժան, ընդդիմադրութիւնները, յոգնակի, համագումար՝ մեծամասնութիւն կը կազմեն:

            Ընդդիմադրութիւն-մեծամասնութիւն ԽԱՂը պամանաւորուած է ընտրուած ներկայացուցիչներու թիւով: Անոնք կամ պիտի ճակատին կամ համախոհութեամբ կառավարեն երկիրը: Ֆրանսա խօսեցան Ազգային Միութեան կառավարութեան ստեղծման մասին, որ ցարդ մնաց անհետեւանք միտք, կը մնայ ընդդիմութեան գէթ մէկ խումբի հետ համախոհութեան յանգելու ուղին: Ոմանք, նկատի ունենալով Ազգային Ժողովի խմբակցութիւններու անհաշտելի կեցուածքները, խօսեցան անկառավարելիութեան մասին:

            Ի հարկէ Հայաստանը Ֆրանսա չէ, Ֆրանսան կառավարման եւ ժողովրդավարութեան փորձ ունի, Սահմանադրութիւնը նախատեսութիւններ ունի եւ իրաւունքներ կը ճշդէ, որոնք կը յարգուին:

            Ամենէն աւելի ուսանելին բրիտանական ժողովրդավարութիւնն է: Ինչպէս այլ առիթով յիշեցուցած եմ, որ հոն փոխադարձ հանդուրժողութեան ըմբռնում կայ. իշխանութիւն չեղող խումբը թշնամի չէ, մրցակից է, կը կոչուի Նորին Վեհափառութեան Հաւատարիմ Ընդդիմութիւն, եւ անոր ղեկավարը պետական հանգամանք ունի եւ ըստ այնմ կը վարձատրուի, ինչպէս վարչապետը: Բայց Անգլիան տասնեակներով կուսակցութիւններ չունի, ինչպէս որ ունի փոքրիկ Հայաստանը: Ժողովրդավարութեան փորձ ունեցող Անգլիոյ անցեալի, ԺԹ դարու մեծ վարչապետներէն Պենժամէն Տիզրայէլի խիստ կարեւոր բնորոշում մը ըրած է ժողովրդավարական կարգերու բնական ընթացքին համար, որ՝ «Ոչ մէկ կառավարութիւն երկար ժամանակ ամուր չի կրնար ըլլալ առանց հզօր ընդդիմութեան մը»: Այսինքն ընդդիմութեան չեզոքացումը իշխանութեան համար բարիք չէ: Իշխանութիւնները, Հայաստան, Ֆրանսա կամ այլուր, միշտ չեն մտածած եւ չեն գործած այս իմաստութեամբ, որ ընդդիմութիւնը իշխանութիւնը հակակշռող ազդակ է:

            Այս գիտնալ կ’ենթադրէ փորձ, եւ մանաւանդ՝ իմաստութիւն:

            Յաճախ մտածած եմ եւ ըսած, որ պէտք է աշակերտել «Մեծերու Դպրոց»-ը, մանաւանդ՝ քաղաքականութեան եւ կառավարման, քանի որ պատմութիւնը ներկայ սերունդով չէ սկսած եւ անով պիտի չաւարտի: Արդի ժամանակներու խաղաղութիւն հաստատած ամենէն մեծ յեղափոխականներէն եւ կորովի պետական գործիչներէն հանդիսացած Հարաւային Ափրիկէի նախագահ Նելսըն Մանտելայի իմաստութիւնը առաջնորդող պէտք է ըլլայ այն բոլոր երկիրներու ղեկավարներուն համար, որոնք կրնան ապակայունանալ ընդդիմութեան գործունէութեան կամ անոր նկատմամբ խիստ վերաբերում ճշդելու պատճառով, որ կրնայ յանգեցնել յեղափոխութեան, բախումներու, կամ քաղաքացիական պատերազմի:

            Նելսըն Մանտելա ըսած է, որ «Դուք պէտք չէ վտանգէք  ձեր սկզբունքները, բայց պարտիք չնուաստացնել ընդդիմութիւնը: Ոչ ոքէ աւելի վտանգաւոր է ան՝ որ ստորացուած է»: Տրամաբանութիւնը պարզ է. ընդդիմութիւնը ազգի եւ հայրենիքի թշնամի չէ, ինչպէս կ’ըսեն, երկրին մէջ «հինգերորդ զօրասիւն» չէ: Հետեւաբար պէտք չէ փակել համագործակցութեան դռները: Այս ընկերահոգեբանական հաստատում է: Մի՛շտ մտածել. «Ոչ ոքէ աւելի վտանգաւոր է ան, որ ստորացուած է»: Երբ ընդդիմադիրը բանտ կը դրուի, «ասֆալտին կը փռուի», կը ստորացուի: Մանտելայի դատումով կը դառնայ վտանգաւոր:

            Հայը, ուր որ ալ գտնուի ան, չի կրնար չտագնապիլ Հայաստանի իշխանութիւն-ընդդիմադրութիւն հարցով, չդիրքորոշուիլ, քանի որ ներկայ կացութեան մէջ, փոխադարձ եւ սրուող անհասկացողութիւնը ոչ մէկ ձեւով դրական կրնայ ըլլալ Հայաստանի եւ հայ ժողվուրդի վերականգնումին, ներառեալ՝ Սփիւռքի:

            Պատմութեան վերջին երկու դարերը կը յատկանշուին կրկնուող եւ վերսկող յեղափոխութիւններով եւ հակամարտութիւններով: Բռնատիրութիւնները սովորական դարձան, իրարու յաջորդեցին, տարածուեցան, հիթլերականութենէն խորհրդային եւ արբանեակ երկիրներ, պատճառ դարձան միլիոնաւոր զոհերու, հինգ ցամաքամասերու վրայ:

            Անցեալ դարու մեծ գրողներէն հունգարացի Արթիւր Քէօսլէրի գիրքերը օրին յափշտակութեամբ կը կարդացուէին, յիշել «Զերոն եւ Անհունը» (Le zéro et l’infini) գիրքը: Անոնք կը ներկայացնէին խորհրդային կառավարման եւ իշխանութեան մութ երեսները: Յիշել նաեւ Սոլժենիցինի «Կուլակ»-ը: Արթիւր Քէօսլէր, մեկնելով իր փորձէն, կը խօսէր ընդդիմութիւն-իշխանութիւն հակադրութեան սրման հետեւանքներու մասին: Կ’ըսէր. «Ով որ կը հակադրուի մենատիրութեան պարտաւոր է որպէս միջոց ընդունիլ քաղաքացիական պատերազմը: Ով որ կը նահանջէ քաղաքացիական պատերազմի առջեւ, պարտաւոր է լքել դիմադրութիւնը եւ ընդունիլ մենատիրութիւնը»: Այսինքն, երբ հակադրութիւնը կը ստանայ սուր բնոյթ, մարդիկ եւ ընկերութիւններ կը կանգնին դառն երկընտրանքի առջեւ. ենթարկուիլ մենատիրութեան, լռել, ստրկանալ, կամ կռուիլ, երկու պարագաներուն ալ ժողովուրդները կը վճարեն ծանր գին, նաեւ՝ արիւնով:

            Հոս է, որ ժողովուրդի իրաւ առաջնորդը պէտք է կատարէ ղեկավարի եւ պաշտպանի իր դրական դերը:

            Ողջախոհ մարդը, ղեկավարը, եթէ պահ մը կանգ առնէ, դադրի իր յանձնապաստանութեան եւ փառասիրութեան գերին ըլլալէ, եւ ֆրանսացի գիտնական իմաստասէրին հետեւի, որ ըսած է, թէ «Յաճախ երախտապարտ եմ ուրիշին, որ իր հակադրութեամբ ինծի կ’օգնէ, որ հաւատարիմ մնամ ինքզինքիս»: Եւ քաղաքական գործիչին դերը կ’ըլլայ ծառայութիւն եւ առաջնորդութիւն:

            Կը հետեւիմ մեր պատմահայր Խորենացիի «փոքրիկ ածու» Հայաստանի ներքաղաքական կեանքին, պայքարներուն: Ինչպէ՞ս բացատրել, որ միւսն ալ ճիշդ կրնայ ըլլալ: Հասկնալ, որ մարդիկ, բազմաթիւ թէ փոքրաթիւ, ցոյցի, երբեմն ալ ծայրայեղութիւններու չեն դիմեր՝ առանց պատճառի: Իմաստուն կառավարողը, իր դերին եւ պատասխանատուութեան գիտակից առաջնորդը, պէտք է կարողութիւնը եւ հեղինակութիւնը ունենայ կամ չեզոքացնելու դժգոհութեան պատճառները, եւ կամ մեծհոգութեամբ ընդունի, որ ինք յառաջացուցած է զանոնք, եւ ըստ այնմ գործէ, քանի որ ներկայի անմիջական փառքէն եւ շահէն անդին, պատասխանատու պիտի ըլլայ պատմութեան առջեւ:

            Իշխանութիւն եւ ընդդիմութիւն պէտք է հասկնան, որ ղեկավարում-քաղաքականութիւն ԽԱՂԸ տիկնիկային անվնաս թատրոն չէ, կ’առնչուի մարդոց կեանքին: Այդ խաղին մէջ կան բուրգին գագաթը գտնուող ժողովուրդի հաշւոյն խաղցողներ:

            Մեր պարագային պէտք է մտածել ո՛չ միայն անհատներու մասին, այլ նաեւ ազգի լինելութեան եւ անոր գոյութեան համար անհրաժեշտ հայրենիքին սպառնացող վտանգներու:

            Այսօրուան սխալներուն եւ պարտութիւններուն գինը կը վճարեն ո՛չ միայն ժամանակակիցներ, այլ նաեւ գալիք սերունդներ: Այս վերջինները պիտի դատեն առաջինները: Պէտք է գիտնալ խօսիլ եւ գործել այս գիտակցութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ:

            Ըսինք՝ իշխանութիւն եւ ընդդիմութիւն: Կեանքերու կորուստ եւ հայրենիքի տարածքներու կորուստ՝ ինչպիսի՞ ապագայի մը կ’առաջնորդեն:

            Խօսի՞լ, լռե՞լ, պայքարի՞լ: Ո՞ւր է մարդկային եւ ազգի անդամի պատասխանատութիւնը:

            Վա՞ղը: Յետոյ ի՞նչ:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.