Պաշտպանութեան Նախարար Վիգէն Սարգսեան Միացեալ Նահանգներու Մէջ Տեղի Ունեցած Հանդիպումներուն Ներկայացուցած Է Զինուած Ուժերուն Մէջ Իրականացուող Ծրագիրները
Միացեալ Նահանգներ կատարած այցելութեան շրջագիծին մէջ 13 նոյեմբերի առաւօտեան պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելած է Լոս Անճելըսի Քալիֆորնիոյ համալսարան:
Ըստ պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան, Լասքին հանրային կապերու դպրոցի սաներուն եւ դասախօսական կազմին առջեւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը հանդէս եկած է հանրային առաջնորդութեան մասին դասախօսութեամբ:
Վիգէն Սարգսեան ներկայացուցած է նաեւ Հայաստանի բանակաշինութեան եւ այս փուլին իրականացուող լայնածաւալ բարեփոխումներու ընթացքը, յատկապէս` «Ազգ-բանակ» հայեցակարգն ու անոր ներդրումը հանրային կեանքի զանազան մարզերուն մէջ: Անդրադարձ կատարուած է ղարաբաղեան տագնապին, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն եւ շրջանային այլ խնդիրներու:
Ըստ նախարարութեան, նոյն օրը նախարար Վիգէն Սարգսեան հանդիպում ունեցած է Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Էրիք Կարսեթթիին հետ:
Օրուան երկրորդ կիսուն հայկական պատուիրակութիւնը հիւրընկալուած է Լոս Անճելըսի Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութեան մէջ, ուր Վիգէն Սարգսեան պատասխանած է Միացեալ Նահանգներու յառաջատար հայկական լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու հարցումներուն: Նախարարը մանրամասն անդրադարձած է «Զինուորական ծառայութեան եւ զինուորի կարգավիճակի մասին» օրինագիծի առաւելութիւններուն եւ ներկայացուցած զինուած ուժերուն մէջ իրականացուող ծրագիրները:
Պաշտպանութեան նախարարը պատասխանած է հայկական բանակի սպառազինման, մարտական դիրքերուն մէջ ընթացող ճարտարագիտական եւ արհեստագիտական աշխատանքներուն, ռազմարդիւնաբերութեան զարգացման ծրագիրներուն, սահմանային իրադրութեան, ապրիլեան պատերազմէն ետք կատարուած հետեւութիւններուն, ղարաբաղեան տագնապի բանակցային հոլովոյթին եւ հարցի լուծման հեռանկարներուն վերաբերող, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ հարցերու:
13 նոյեմբերի երեկոյեան Վիգէն Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը հիւրընկալուած է Միացեալ Նահանգներու Հայոց Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանին մէջ: Հայկական կազմակերպութիւններու ղեկավարներու, համայնքային գործիչներու հետ հանդիպումէն ետք Վիգէն Սարգսեան համայնքի մեծաթիւ ներկայացուցիչներուն առջեւ հանդէս եկած է ծաւալուն ելոյթով, որուն ընթացքին անդրադարձած է հայկական բանակի արդիականացման ծրագիրներուն: Պաշտպանութեան նախարարը խօսած է բանակի մարտունակութեան եւ զինուորական ծառայութեան գրաւչութեան բարձրացման, ռազմարդիւնաբերութեան զարգացման, զինուորական-կրթական ծրագիրներու բովանդակային փոփոխութիւններու եւ շարք մը այլ խնդիրներու մասին:
Պաշտպանութեան նախարարը մանրամասն ներկայացուցած է առաջնագիծին մէջ իրականացուող աշխատանքները, նոր զինատեսակներու ձեռքբերման առաջնահերթութիւնները` խելացի սպառազինման շրջագիծին մէջ, զինուած ուժերուն մէջ իրականացուող լայնածաւալ ընկերային ծրագիրները, ներկաներուն տեղեկացուցած է նոր, գերժամանակակից զինուորական հիւանդանոցի ստեղծման հեռանկարներուն եւ շաբաթներ ետք բացուող «Զինուորական հաշմանդամներու վերականգնողական կեդրոնի» մասին:
Ելոյթի աւարտին նախարար Վիգէն Սարգսեան պատասխանած է հանդիպումի մասնակիցներու հարցումներուն: