Նախարարուհի Ժոլի ՀՕՄ-ի «Սօսէ» մասնաճիւղի բարեսիրական ծրագիրներուն համար փոխանցեց պետական նպաստ
Յունուար 22-ին, ՀՕՄ-ի «Սօսէ» մասնաճիւղի պատուիրակութիւնը Մոնթրէալի հայ կեդրոնէն ներս հիւրընկալեց Գանատայի զբօսաշրջութեան, պաշտօնական լեզուներու եւ Ֆրանքոֆոնիի նախարար Մելանի Ժոլին։ Հանդիպման ընթացքին նախարարուհին գնահատեց ՀՕՄ-ի բարեսիրական գործունէութիւնը Գանատայի տարբեր քաղաքներու մէջ եւ առ ի զօրակցութիւն կազմակերպութեան աշխատանքներուն՝ 25 հազար տոլարի պետական նպաստի փոխանցում կատարեց։ Վերոնշեալ նպաստը պիտի տրամադրուի ՀՕՄ-ի «Սօսէ» մասնաճիւղի «Տարեցներու կողմէ հայ մշակոյթի եւ արուեստի ուսուցում նորահաս սերունդին» ծրագրին։
Մտերիմ մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպման ընթացքին նախարարուհի Ժոլի պատմեց նաեւ ֆրանսախօս երկիրներու գագաթաժողովի առիթով Հայաստան իր այցելութեան մասին։ ՀՕՄ-ի պատուիրակութեան մաս կը կազմէին մասնաճիւղի ատենապետուհի Հուրի Զաքարեան, նախկին ատենապետուհի Լիւսի Շահինեան եւ վարչութեան անդամ Թամար Եաղճեան։