Մօտ 7000 Մարդ Այս Տարի Հայաստանի Երկքաղաքացի Դարձած է
Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն ստանալու համար՝ 2017-ի առաջին ինն ամիսներուն ընթացքին՝ դիմած է 6866 անձ: 2016-ի ողջ տարուան ընթացքին ` 7229 անձ: Ըստ Armenpress.am-ի՝ ՀՀ ոստիկանութեան անձնագրային եւ վիզաներու վարչութեան պետ, ոստիկանութեան գնդապետ Մնացական Բիչախչեան ըսած է, որ 2017 Յունուար-Սեպտեմբերին մերժուած է 356 անձի դիմում, 2016-ին` 840 դիմում: «Երկիրներու եւ ազգութիւններու մասով առանձին վիճակագրութիւն չի վարուիր»,- ըսած է ան:
Հակառակ անոր, որ պաշտօնական վիճակագրութիւն չի վարուիր, սակայն «Վերադարձ Հայաստան» հիմնադրամի տնօրէն Վարդան Մարաշլեան տեղեկացուցած է, որ երկքաղաքացիութիւն ստանալու համար աւելի յաճախ կը դիմեն Սուրիոյ, Լիբանանի, Վրաստանի հայերը: «Երկքաղաքացիութեան հիմնարկը ժամանակին ստեղծուած է անոր համար, որ կապեն Սփիւռքը Հայաստանի հետ: Ո՛չ ուղղակի ձեւով՝ ատիկա նաեւ կը վերաբերի հայրենադարձութեան զարգացման, որովհետեւ մարդիկ, եթէ ձեռք կը բերեն երկքաղաքացիութիւն, իրենք կը սկսին երթալ-գալ Հայաստան եւ երթալ-գալով Հայաստան կապուածութեան աստիճանը շատ լուրջ կ՝ըլլայ եւ մարդիկ կը սկսին մտածել տեղափոխուելու մասին»,- ըսած է ան: