Մոնթրէալի Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ կ՚ուղղէ զօրակցելու Յարութ Շիթիլեանի ընտրապայքարին
Մոնթրէալի հայ գաղութը հիմնուած է 1960ական թուականներուն: Տարիներ առաջ կազմուած այս փոքրաթիւ գաղութը այսօր Մոնթրէալի մէջ աճած ու դարձած է առողջ եւ աշխոյժ։ ։
Մեր գաղութի իւրաքանչիւր անդամի անսակարկ զոհողութեան եւ տարիներու անխոնջ աշխատանքին իբրեւ արդիւնք, այսօր՝ Հայ Կեդրոնի համալիրը կը համախմբէ եկեղեցին, կրթական հաստատութիւնները եւ բոլոր քոյր միութիւններն ու կազմակերպութիւնները իր յարկին տակ։ Հոս կ՚արժէ ընդգծել գաղութի կազմութեան ու զարգացման գծով կարեւոր գործօն մը եւս, որն է քաղաքական մեր բարեկամ դէմքերու բարոյական եւ նիւթական նեցուկը, հանդէպ Հայ Դատին կամ Հայ կեդրոնին ու մեր կրթական հաստատութիւններուն՝ ըլլա՛յ քաղաքապետական, նահանգային կամ դաշնակցային մակարդակներու վրայ։
Տարիներ շարունակ բոլոր քաղաքական բարեկամներուն հետ մեր յարաբերութիւնները պահպանուած են բարձր մակարդակի վրայ, վայելելով փոխադարձ յարգանք։ Քաղաքապետ՝ Denis Coderre եւ իր խումբը միշտ թիկունք կանգնած են մեր Դատին ու ներկայ եղած են մեր գաղութի կարեւոր ձեռնարկներուն, ի մասնաւորի Հայոց Ցեղասպանութեան 100ի ձեռնարկներուն. այսօր հերթը մե՛րն է, մեր աշխատող ձեռքը երկարելու եւ մե՛ր աջակցութիւնը ցուցաբերելու այս ընտրարշաւին։
Այս տարի, Նոյեմբեր ամսուն պիտի կայանան քաղաքապետական ընտրութիւնները եւ պր. Յարութ Շիթիլեան, մեր գաղութի մօտիկ բարեկամը, թեկնածու է իբրեւ Ahuntsic-Cartierville շրջանի քաղաքապետ։Ան խնդրած է գաղութի աջակցութիւնը եւ խոստում ստացած՝ անսակարկ օժանդակութիւն իր ընտրարշաւին համար։
Առ այդ, յառաջիկայ 5 շաբաթներու ընթացքին կարիքը ունինք կամաւորներու՝ հեռաձայնային աշխատանքի կամ դռնէ-դուռ թռուցիկներ բաժնելու։
Կոչ կ՚ուղղենք Մոնթրէալի մեր հայրենակիցներուն մասնակցելու վիրոնշեալ աշխատանքներուն:
Կը վստահինք ձեր աջակցութեան այս առաքելութիւնը յաջողութեամբ իր աւարտին հասցնելու։
Մոնթրէալի Հայ Դատի յանձնախումբ