Միասին, յանուն Արցախի. ՀՅԴ Գանատայի Արցախի Օժանդակութեան Յանձնախումբի դրամահաւաքը հասած է 710 հազար տոլար եւ կը շարունակուի
Արցախի եւ Հայաստանի դէմ ուղղուած թուրք-ատրպէյճանական զինուորական սադրանքներու յաջորդող օրերուն՝ Գանատայի ՀՅԴ Արցախի Օժանդակութեան Յանձնախումբը զօրաշարժի իրավիճակի ենթարկուեցաւ եւ նախաձեռնեց համագաղութային դրամահաւաք։ Արդէն իսկ նուիրահաւաքը հասած է 710 հազար տոլար գումարի։ Դրամահաւաքի կոչին ընհառաջ գանատայի հայ համայնքը կուռ շարքերով մասնակից է։
Սեպտեմբեր 26 թուակիր իր հաղորդագրութեամբ, յանձնախումբը նշած էր. «Այսօր, մեր սուրբ հողը՝ մեր Արցախը անգամ մը եւս կը կանչէ մեզի։ Այսօր, բոլորս ունինք մէկ նպատակ՝ Արցախ եւ բիւր գործեր, յանուն անոր խաղաղ ապրելու իրաւունքին»։
«Ժամանակը հիմա՛ է հաստատելու այդ իրաւունքը իր բոլոր երեսներով՝ ընկերայինէն մինչեւ ստեղծագործական։
«Արդ, ուրեմն՝ ի գործ, միասին եւ բոլորս, յանուն Արցախի»։
Համագանատական այս ազգային նուիրահաւաքը կը շարունակուի. Արցախի համար ձեր մասնակցութիւնը ակրնաք ունենալ այցելելով՝ https://camam.akaraisin.com/ui/ArtsakhAid կամ գրել ArtsakhAid@armenian.ca եւ կամ հեռաձայնել 1 833 426 2867, 1 833 GAMAVOR վերտառութեամբ: