Մեր Զօրակցութիւնն ու Աջակցութիւնը Կը Յայտնենք Սուրիահայ Գաղութին, Որ Կրկին Անգամ Կը Գտնուի Ծանր Պայմաններու Մէջ․ ՀՕՄ
Հայ Օգնութեան Միութիւնը մեծ յուզմունքով կը հետեւի Փետրուար 6, 2023-ին, վաղ առաւօտեան Սուրիոյ եւ տարածաշրջանին մէջ պատահած 7.8 ուժգնութեամբ ցնցած երկրաշարժին աղէտալի հետեւանքներուն: Հիւսիսային Սուրիոյ քաղաքները՝ մանաւանդ Հալէպը, մեծապէս ցնցուած են եւ անգամ մը եւս մեր զօրակցութիւնն ու աջակցութիւնը կը յայտնենք Սուրիահայ գաղութին, որ կրկին անգամ կը գտնուի ծանր պայմաններու մէջ:
Ցնցումներու հետեւանքով կան մարդկային զոհեր, վիրաւորներ, քար ու քանդ եղած փլատակ շէնքեր. Մինչայդ փրկարար աշխատանքները տակաւին կը շարունակուին: Նախնական տուեալներով կան երկու հայ զոհեր՝ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի անդամ ընկերուհի Միրնա Մինասեան Թէնէքէճեան եւ իր որդին: Մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք զոհուածներու հարազատներուն եւ ՍՕԽաչի սգակիր ընկերուհիներուն, մաղթելով շուտափոյթ ապաքինում բոլոր վիրաւորներուն: Հայ Օգնութեան Միութիւնը իր առաքելութեան ընդմէջէն եղած է ու միշտ կը մնայ առաջնագիծի վրայ, մանաւանդ այն պահուն երբ որեւէ աղէտ կը սպառնայ մեր ազգին։ Այսօր, դարձեալ կոչ կ՛ուղենք ՀՕՄ-ի աշխարհասփիւռ միաւորներուն, եւ բոլո՛ր հայրենակիցներուն, անմիջապէս հարկ եղած քայլերը առնելու եւ օգնութեան ձեռք մեկնելու այս ծանր երկրաշարժէն տուժած մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն:
Ձեռք ձեռքի մեր հայրենակիցներու կողքին
Ժողովուրդիս հետ Ժողովուրդիս համար
Հայ Օգնութեան Միութիւն