Ճանաչո՞ւմ, Թէ՞ Կանխարգիլում

Յատկապէս 2020ի Արցախեան պատերազմէն ետք որոշ անհատներ ու շրջանակներ սկսած են բարձրաձայն կոչեր ընել ու խորհուրդներ տալ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ հետեւանքներու վերացման գործընթացին գծով: Ըստ անոնց` պէտք է ռազմավարութիւն եւ մարտավարութիւն փոխել, մինչ օրս տրամադրուած սահմանափակ մարդուժն ու միջոցները առաջնայնօրէն նոր ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման համար օգտագործել (յատկապէս Արցախեան hիմնախնդրի գծով) եւ ոչ անպայման արդէն իսկ106 տարուայ վաղեմութիւն ունեցող Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման:

Ըստ երեւոյթին, թէկուզ ոչ դիտաւորեալ այս տրամաբանութեամբ կը գործ(են)էին նաեւ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեամբ զբաղողները վերջին տասնամեակին: Հ․Հ․ արտաքին գործոց նախարարութեան` միջազգային մակարդակի վրայ տարած աշխատանքներուն մեծ մասը այդ կը վկայէ, օրինակի համար` Հայաստանի նախաձեռնութեամբ Մ․Ա․Կ․-ի Ընդհ. ժողովի որդեգրած29 սեպտեմբեր 2015ի թիւ 69/323 որոշումը ` դեկտեմբեր 9ը ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ու արժանապատւութեան եւ նորերը կանխարգիլելու միջազգային օր յայտարարելու մասին, եւ կամ 22 յունիս 2020ի Մարդկային իրաւանց խորհուրդի որդեգրած «Ցեղասպանութեան կանխարգիլման» թիւ 43/29 որոշումը : Զարմանալիօրէն (բայց նաեւ միջազգային հարթակներու «նրբութիւնները» նկատի առած հասկնալիօրէն) այս փաստաթուղթերուն մէջ ընդհանրապէս ոչ մէկ յիշատակում կամ վերագրում կայ 1915ի Հայոց ցեղասպանութեան: Աւելին` պէտք է ընդունիլ, որ այն օրերէն, երբ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը պաշտօնապէս Հ․Հ․ արտաքին գործոց նախարարութեան օրակարգ դարձաւ, Հայաստանի պետական նախաձեռնութեամբ միջազգային հարթակներու վրայ (ՄԱԿ եւ ենթակազմակերպութիւններ, միջազգային այլ կազմակերպութիւններ) գրեթէ ոչ մէկ ձեռքբերում արձանագրուած է մասնաւորապէս 1915ի Հայոց ցեղասպանութեան յանցագործութեան ճանաչման ու հետեւանքներու վերացման գծով:

Վերադառնալով նախաբանին մէջ արտայայտուած ճանաչումէն աւելի կանխարգիլման վրայ կեդրոնանալու վերջերս շրջանառուող միտքերուն`առաջին ակնարկով անվնաս թուացող այս կոչ-խորհուրդները ըստ էութեան անընդունելի, դատապարտելի, սխա՛լ, տգէտ, անհեռատես ու կործանարար են: Առաջին` 2020ի արցախեան 44 օրեայ պատերազմը եկաւ բացէ ի բաց անգամ մը եւս փաստելու, որ Թուրքիան հայոց նկատմամբ ցեղասպանութեան քաղաքականութիւնը կը շարունակէ Ատրպէյճանի շղթայազերծած անօրէն պատերազմին անմիջական մասնակցութեամբ, ահաբեկչական խմբաւորումներու կազմաւորմամբ, կառավարմամբ եւ գործուղումով, ապօրինի զինատեսակներու օգտագործմամբ, մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրներու եւ պատերազմական յանցագործութիւններու միջոցաւ:

Այստեղ շատ կարեւոր է հաստատել, որ վերջին պատերազմը Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը վերականգնելու համար մղուած պատերազմ չէր, ինչպէս ատրպէյճանցիք ու թուրքերը կը փորձեն քարոզել, այլ այն յստակ շարունակութիւնն էր Հայոց ցեղասպանութեան եւ ցեղային մաքրագործումներու քաղաքականութեան, որ անմիջականօրէն կատարուեցաւ Թուրքիոյ մասնակցութեամբ, նաեւ հիմնական այն պատճառով, որ Թուրքիան մինչ օրս պատասխանատուութեան չէ ենթարկուած 1915ի Հայոց ցեղասպանութեան յանցագործութեան համար: Ահա թէ ինչու Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը անմիջականօրէն կապուած է Արցախեան հիմնախնդրին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի ազգային ու պետական անվտանգութեան հետ եւ կարելի ու ընդունելի չէ մեղմացնել Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ու հետեւանքներու վերացման գործընթացը:

Երկրորդ`«Ճանաչո՞ւմ, թէ՞ կանխարգիլում. ի՞նչն է աւելի կարեւոր» հարցադրումը շինծու է, որովհետեւ ճանաչումը կանխարգիլման չի խանգարեր, ընդհակառակը՝ ուղղակի կը նպաստէ անոր ամրագրման: Այսինքն` այստեղ «կա՛մ-կա՛մ»ի եւ մէկը միւսէն կարեւոր նկատելու խնդիր չկայ: Որպէս գերագոյն յանցագործութեան` Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումն ու Թուրքիոյ կողմէ հետեւանքներու վերացումը անմիջականօրէն եւ ուղղակիօրէն կապուած են նոր ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման հետ: Այս կը թելադրեն նաեւ «Միջազգային մարդկային իրաւունքի կոպիտ խախտումներու եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի լուրջ խախտումներու զոհերու՝ վերականգնման եւ հատուցման իրաւունքներու հիմնական սկզբունքներն ու ուղեցոյցները» (Basic Principles and Guidelines on the Right to a Remedy and Reparation for Victims of Gross Violations of International Human Rights Law and Serious Violations of International Humanitarian Law) : Այս ուղեցոյցի 23րդ յօդուածը յստակօրէն կը նշէ, որ մարդու իրաւունքներու եւ մարդասիրական իրաւունքներու կոպիտ խախտումներու (ներառեալ ցեղասպանութեան) հետեւանքներու վերացման հիմնական քայլերուն մէջ կը մտնէ «չկրկնուելու երաշխիքներու» (Guarantees of non-repetition) ապահովումը յանցագործ պետութեան կողմէ: Այդ երաշխիքները, բնականաբար, կանխարգիլման կը նպաստեն: Այսինքն`Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացումը նաեւ նորերը կը կանխարգիլէ: Այստեղ պէտք է ընդգծել, որ Հայոց ցեղասպանութիւնն իրականացնողներին պատասխանատուութեան ենթարկելու ճամբով նորերը կանխարգիլելը միայն հայ ժողովուրդին չի վերաբերիր, այլ համայն մարդկութեան:
Երրորդ` անքննարկելի իրողութիւն է, որ այնքան ատեն, որ Թուրքիան չ’առերեսուիր Հայոց ցեղասպանութեան իրողութեան հետ եւ անոր բազմաթիւ հետեւանքներու վերացման չի նախաձեռներ, այլ ընդհակառակը՝ կը շարունակէ հայատեաց ծաւալապաշտական փանթուրանական ռազմավարութեան գործադրութիւնը, նոր յանցագործութիւններ կանխարգիլելու բոլոր փորձերը դատապարտուած են ձախողութեան` նկատի առած յատկապէս մեր դերն ու տեղը, կարողութիւններն ու միջոցները այս տարածաշրջանին մէջ:

Հետեւաբար Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ճամբով եւ արցախեան վերջին պատերազմի լոյսին տակ հարկ է աշխատանք տանիլ` փանթուրքիզմը եւ փանթուրանականութիւնը նացիզմի եւ պոլշեւիզմի նման միջազգային հանրութեան կողմէ անցանկալի ու դատապարտելի գաղափարախօսութիւններու ցանկին մէջ ներառելու:

Չորրորդ` Հայոց ցեղասպանութիւնը աշխարհաքաղաքական ու տարածաշրջանային խաղաքարտ չէ մեզի համար (նոյնիսկ եթէ այդպէս է ուրիշներու համար), որմէ կարելի է հրաժարիլ կամ տեսակետ փոխել՝ յանուն տարածաշրջանային ապաշրջափակման կամ այլ շահերու, ոչ ալ լո՛կ պատմութիւն կամ ողբերգութիւն է, որ կարելի է մոռնալ: Ան ամէն բանէ առաջ ու վեր համամարդկային գերագոյն յանցագործութիւն է, որուն հետեւանքով 1.5 միլիոն մարդ սպանուեցաւ, ազգ մը ամբողջ հայրենազուրկ եւ ունեզուրկ դարձաւ, հազարամեակներու պատմամշակութային քաղաքակրթութիւն ոչնչացաւ, սերունդներ ամբողջ ցաւի ու տառապանքի մատնուեցան, ու անոր հետեւանքները մինչ օրս կը շարունակուին, եւ ոչ ոք իրաւունք ունի այդ յանցագործութեան զոհերուն իրաւունքները վերականգնելու եւ հետեւանքները վերացնելու գործընթացէն հրաժարիլ։ Ոչ ոք:

Ամէն պարագայի, այնքան ատեն, որ Հայաստանը չի վերականգնիր որպէս ինքնիշխան, ինքնաբաւ, հզօր ու կայացած պետութիւն, ե՛ւ ճանաչումի, ե՛ւ կանխարգիլման աշխատանքները այդքան արդիւնաբեր չեն կրնար ըլլալ: Իսկ այն թեզը, որ հզօրանալու, զարգանալու եւ հայրենաբնակ մեր ժողովուրդին կենսամակարդակը բարելաւելու համար պէտք է վերանայիլ կամ ձերբազատուիլ Հայոց ցեղասպանութեան յանցագործութեան արդարութեան վերականգնումի պահանջատիրութենէն, զո՛ւտ խաբկանք ու մոլորութիւն է եւ, մեղմ ըսած, թրքական օրակարգի ու վաղեմի երազի սպասարկում:

Գէորգ Յակոբճեան

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.