Հ.Մ.Ը.Մ -ի Գանատայի Շրջանի 45-րդ Ներկայացուցչական Ժողով (23-24 Հոկտեմբեր 2021, Մոնթրէալ)

Հոկտեմբեր 23-24, 2021-ի շաբաթավերջին, Մոնթրէալի «Հայկ Մարգարեան» մարզասրահին մէջ գումարուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ Գանատայի 45-րդ ներկայացուցչական ժողովը։ Ներկայ էին Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչը՝ եղբ Մոսիկ Թոփուզեան, Հ.Յ.Դ. ԿԿ-ի ներկայացուցիչ ընկ. Սարգիս Քէօսէեան, ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ ընկհ. Ազգանուշ Հատիտեան եւ Համազգայինի Գանատայի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ ընկհ. Թամար Շահինեան, ինչպէս նաեւ Մոնթրէալ մասնաճիւղէն 10, Թորոնթոյէն 10, Սենթ Գաթրինզէն 4, Գէմպրիճէն 9, Լաւալէն 9 եւ Վանքուվըրէն 2 քոյրեր ու եղբայրներ, իսկ լիազօր ձայնով մասնակցողներուն թիւն էր 46։

Ժողովի բացումին, ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ  յարգեցին յիշատակը մեզմէ առյաւէտ բաժնուած Արցախի հերոսներուն, Կեդրոնական Վարչութեան նախկին ատենապետ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեանին եւ Կեդրոնական Վարչութեան  անդամ եղբ. Արմանտօ Թորգոմեանին և նախկին անդամ Մանուէլ Հալաճեանին։ Ժողովին իր սրտին խօսքը փոխանցեց Թեմիս Առաջնորդ՝ Տէր Բաբգէն Արք. Չարեան։ Ան յատկապէս շեշտը դրաւ հաւաքական աշխատանքի կարեւորութեան վրայ, ըսելով, որ պէտք է միասի՛ն մտածել եւ ապագան ծրագրել ապահովելու առողջ սերունդ եւ ազնիւ հոգիի տէր Հ.Մ.Ը.Մ -ականներ։

Ներկայացուեցան 2019-21 երկամեայ տարեշրջանի գործունէութեան բարոյական եւ նիւթական տեղեկագրերը, որոնց յաջորդեցին Սկաուտ Խորհուրդի եւ Մարզական Յանձնախումբի տեղեկագրերը։ Հակառակ համաճարակի դժուար պայմաններուն, Շրջանային Վարչութիւնը նոր միջոցներ որոնելով, աշխոյժ գործունէութիւն վարած էր մասնաճիւղերուն հետ, զանոնք միշտ միութեան կառչած պահելու նպատակով։ Ժողովը մասնաւորաբար բարձր գնահատեց  Հ.Մ.Ը.Մ. Գանատայի կազմակերպած Արցախի ի նպաստ հանգանակութեան արշաւը, որուն շնորհիւ կարելի եղած էր հաւաքել աւելի քան $200.000: Հետեւաբար, ներկաները «Յոյժ Գնահատելի» որակեցին ընթացաւարտ Շրջանային Վարչութեան գործունէութիւնը։


Ընդհանուր առմամբ, ժողովը քննարկեց իր ընթացիկ օրակարգերը սկաուտական, մարզական եւ կազմակերպչական գլուխներու տակ։ Բանաձեւեր որդեգրուեցան միջ-մասնաճիւղային եւ Համա-ՀՄԸՄ-ական բանակումներու շուրջ, ինչպէս նաեւ մարզախաղերու նոր օրէնքներու եւ յառաջիկայ թուականներու եւ վայրերու շուրջ։ Քննարկուեցան նշանակներու տուուչութեան օրէնքները՝ «Վկայեալ Կարգ»ի «Արարատեան Կարգ»ի եւ Ազգային Առաջնորդարանի «Ղեւոնդ Երէց» Կրօնական դասընթացքի։ Որոշուեցաւ մեծ շուքով եւ համագաղութային առումով պատշաճօրէն նշել «Մարզիկի Օր» Հ.Մ.Ը.Մ -ի իւրայատուկ ձեռնարկը, յառաջիկայ Յուլիսի 22-ին։

Աւարտին, յառաջիկայ տարեշրջանին պիւտճէն քուէարկելէն ետք, ժողովը ընտրեց իր նոր Շրջանային Վարչութիւնը 2021-23 տարեշրջանին համար, հետեւեալ կազմով` քոյր-եղբայրներ՝ Սօսի Տայեան, Արպի Ղազարեան, Ռաֆֆի Գոյումճեան Մոնթրէալէն, Րաֆֆի Հատիտեան Լաւալէն, Հրաչ Նաճարեան, Անդօ Պոյաճեան Թորոնթոյէն, եւ Լիոնի Սարմազեան՝ Գէմպրիճէն։

Երկօրեայ ժողովը աւարտեցաւ հիւրերու, Կեդրոնական Վարչութեան, Կեդրոնական Կոմիտէի, նախկին Շրջանային Վարչութեան ատենապետին եւ կարգ մը մասնակիցներու սրտի խօսքերով։  Ժողովի դիւանին կողմէ շնորհակալական յատուկ խօսք փոխանցուեցաւ Հ.Օ.Մ.ի Մոնթրէալի «Սօսէ» եւ Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղերու վարչութեանց, երկօրեայ ճաշերու սպասարկութիւնը ստանձնելուն առթիւ։

Ներկաները շնորհաւորեցին նորակազմ վարչութեան անդամները, յուսալով որ անոնք աւելի լաւ պայմաններով բեղուն տարեշրջան մը կը բոլորեն և  առաջնորդելով Հ.Մ.Ը.Մ. Գանատայի մեծ ընտանիքը՝ «Բարձրացի՛ր, Բարձրացու՛ր» նշանաբանով զինուած կը շարունակեն հայապահպանման, ազգային և կրօնական արժէքներու պաշտպանութեան իրենց նուիրական առաքելութիւնը։

Թամար Շահինեան

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.