«Հորիզոն» մասնակցեցաւ Մոնթրէալի քաղաքապետ Տէնի Գոտէրի հրաւիրած մամլոյ ասուլիսին
Մոնթրէալի քաղաքապետական ընտրութիւններու նախօրեակին, Ուիլիըմ Կրէյ հիւրանոցի ընդունելութեան սրահին մէջ կայացաւ Մոնթրէալի ազգային փոքրամասնութիւններու համար նախատեսուած քաղաքապետ Տէնի Գոտէրի հետ մամլոյ ասուլիսը, որուն հրաւիրուած էր նաեւ «Հորիզոն» շաբաթաթերթի վարիչ-խմբագիր Վահագն Գարագաշեան։ Ներկայ էին արաբ, իտալացի, ռուս, չինացի, յոյն, իրլանտացի, ափրիկեցի, վիեթնամցի, հրեայ եւ հնդիկ համայնքներու ներկայացուցիչները։ Գանատայի երկրորդ մեծագոյն քաղաքը հանդիսացող Մոնթրէալի 1.75 միլիոն բնակչութեան 30%-ը ազգային փոքրամասնութեանց կը պատկանին։
Քաղաքապետ Գոտէր իր զեկոյցին մէջ հաստատեց, որ իր պաշտօնավարութեան քառամեայ շրջանին, Մոնթրէալի տնտեսութիւնը վերելք արձանագրած է, իսկ քաղաքային ենթակառոյցները գիտարուեստի առաջնակարգ միջոցներով օժտելու նախանձախնդրութեամբ՝ կը հանդիսանայ Գանատայի թիւ 1 «Խելացի քաղաք»ը (Smart city)։ Քաղաքապետր նաեւ կարեւոր նկատեց համայնքներու համարկման գործընթացը, յիշեցնելով, որ Մոնթրէալ ամէնօրեայ դրութեամբ 280 ներգաղթող կ՚ընդունի։
Ասուլիսի աւարտին տեղի ունեցաւ հարց-պատասխանի բաժին։ Քաղաքապետ Գոտէրի հետ առանձնազրոյցի ընթացքին խմբագիր Վահագն Գարագաշեան յայտնեց, թէ «Հորիզոն»ն ու Մոնթրէալի Հայ Դատի յանձնախումբը կը զօրակցին քաղաքապետին եւ իր խմբակիցներուն։
Նշենք, որ Քեպէգի Նոյեմբեր 5-ին կայանալիք քաղաքապետական ընտրութիւններուն, Մոնթրէալի եւ Լաւալի Հայ Դատի յանձնախումբերը կը զօրակցին հայազգի թեկնածուներ Յարութ Շիթիլեանի, Մարի Տէրոսի եւ Արամ Էլակոզի։