ՀՅԴ Գանատայի շրջանի «Լոռի-Ջաւախք» յանձնախումբի նուիրահաւաքին ցարդ գոյացած է $22,430

ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէն, հայրենիքի հիւսիսային հատուածի դարպասապահ շրջաններ հանդիսացող Լոռիի եւ Ջաւախքի ռազմաքաղաքական կարեւորութիւնը նկատի ունենալով, իր «Լոռի-Ջաւախք» յանձնախումբին միջոցով, Հ.Օ.Մ.ի հետ համագործակցաբար, վերջին տարիներուն կ’իրագործէ օժանդակութեան տարբեր աշխատանքներ։

Ջաւախքի եւ Լոռիի մարզի կարիքներուն ողղուած այս տարուայ նուիրաւաքի առցանց ձեռնարկը նուիրուած էր Ախալցխայի երիտասարդական կեդրոնի նորոգութեան եւ բարեզարդման աշխատանքներուն:

Առցանց ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Կիրակի 27 Յունիս 2021ի յետ միջօրէի ժամը 2:00-ին եւ սփռուեցաւ Գանատայի տարածքին Մոնթրէալի Հայ Հորիզոն հեռատեսիլէն, յատկապէս պատրաստուած յատուկ յայտագրով մը:

Յայտագիրը կ’ընդգրկէր քոյր միութիւններու քաջալերական խօսքեր, իսկ օրուայ պատգամը փոխանցեց Հ.Օ.Մ.ի Ջաւախքի հիմնադրամի ատենապետ՝ Իվան Արտհալճեան, ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացնելով Ջաւախքի մէջ ցարդ իրականացուած օժանդակութեան ծրագիրները, որոնք սատարած են ժողովուրդին եւ յատկապէս երիտասարդներուն:

Յայտագրի սկիզբը ներկայացուեցաւ Ջաւախքի պատմութիւնը ծանօթացնող տեսերիզ մը, որուն յաջորդեցին, Ջաւախքէն երգիչներ, պարախումբ, երգչախումբ եւ ասմունքող, ինչպէս նաեւ Գանատայէն երգիչներ: Իր սրտի խօսքը փոխանցեց Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Սրբազան Չարեան:

Յայտագիրը փակուեցաւ Արցախի նահատակ հերոս Գէորգ Հաճեանի փունջ մը ազգային երգերով, զոր երգած էր Թորոնթոյի մէջ 2018-ին Լոռի, Ջաւախքի նուիրուած ձեռնարկին:

Յանձնախումբը ցարդ հաւաքած է $22,430.00:

«Լոռի-Ջաւախք» յանձնախումբ

Բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին սատարել սոյն ծրագրին կրնան հեռաձայնել՝

Վրէժուհիին  514-825-0537 կամ Ժիւլիէթին՝ 416-910-6620  թիւերուն:

Նուրատուութեան համար սեղմել հոս

Նուիրահաւաքի տեսանիւթը այս յղումով.

 

 

 

 

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.