ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի արխիւներուն մէջ պահ դրուած վերապրողներու վկայութիւնները
Հայոց Ցեղասպանութեան 106ամեակի ոգեկոչման առիթով, «Հորիզոն» կը հրապարակէ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի արխիւներուն մէջ պահ դրուած Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրող գանատահայ հայրենաակիցի մը վկայութիւնը։ Հարիւրէ աւելի վկայութիւնները տասնամեակներու ընթացքին արխիւագրուած են Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ։ Արխիւները այժմ թուայնացած են։
Այս մասին անդրադառնալով ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի արխիւներու պատասխանատու Արմինէ Մուքոյեան կը յայտնէ. «Այս օրերին աշխարհասփյուռ հայութիւնը յիշում ու յիշեցնում է աշխարհին 20-րդ դարի առաջին ցեղասպանութիւնը՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, որ հրէշաւոր ձևով իրականացրեց Օսմանեան Թուրքիան, յիշեցնում է հայոց տառապանքի ուղին, ուր թուրք բարբարոսին զոհ գնացին 1,5 միլիոն անմեղ մարդիկ, որովհետև նրանք հայ էին։ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի արխիւը կենդանի վկան է Թուրքիայի ոճրագործութեան, անմարդկային տառապանքներ ապրած, իր հայրենիքից տեղահան եղած ու վերապրած հայութեան։
«Արխիւում խնամքով արձանագրուած և տեսաերիզուած պահուած են պատմական արդարության վերականգնման վկայութիւնները, որոնցում այդ արհաւիրքը ապրած ու վերապրած հայերի կեանքն է, տառապանքը, հայութեան բնաջնջման մասին տանջալից յիշողութիւնները, գոյատևման դաժան պայքարի պատմութիւնները։ Այս վկայութիւնները ոչ միայն հայերի պատմութիւնն է, այն մարդկութեան պատմութիւնն է և աշխարհը ինքը պէտք է արդարօրէն պահանջի հատուցել իր մարդկութեան դէմ այս ոճիրի համար»։
Տեսանիւթը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան զէյթունցի վերապրող Պարգեւ Առաքել Ատրունիի վկայութիւնը, նկարահանուած 1984ին Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբին կողմէ։