ՀՀ Ազգային Ժողով-ՀՅԴ Հայ Դատի Գրասենեակ Արդիւնաւէտ Փոխադարձ Գործակցութեան Բարձր Մակարդակը Պէտք է Պահել

Երեքշաբթի, 29 Յունուար 2019-ին, ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան եւ գրասենեակի գործադիր տնօրէն Հեղինէ Էվինեան աշխատանքային հանդիպում մը ունեցան Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Եւրոնեսթ»-ի պատուիրակութեան անդամներուն եւ պատուիրակութեան նախագահ Մխիթար Հայրապետեանին հետ, Պրիւքսելի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ:

Հանդիպումի ընթացքին Հեղինէ Էվինեանը վերահաստատեց գրասենեակին պատրաստակամութիւնը լիովին օժանդակելու Հայաստանի խորհրդարանական պատուիրակութիւններուն, որոնք կը գործուղուին Պրիւքսել կամ Սթրազպուրկ, մասնաւորապէս «Եւրոնեսթ» խորհրդարանական վեհաժողովին գալիք պատուիրակութիւններուն:

Առաւօտեան Պրիւքսել հասած հայաստանեան պատուիրակութիւնը մասնակցեցաւ Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերութեան «Եւրոնեսթ» խորհրդարանական վեհաժողովին` Եւրոպական խորհրդարանին մէջ:

Ամփոփելով հանդիպումը` Գասպար Կարապետեան ըսաւ. «Եւրոպական խորհրդարանի անդամներէն զատ, «Եւրոնեսթ»-ին մէջ ներկայացուած են Արեւելեան գործընկերութեան դրացի երկիրներու (Մոլտովա, Ուքրանիա, Վրաստան, Հայաստան եւ Ատրպէյճան) խորհրդարաններու անդամները: Բնականաբար, իւրաքանչիւր երկրի պատուիրակութիւն կը փորձէ բանաձեւերը տանիլ հոն, ուր կը նպաստէ իր երկրի քաղաքականութեան: Հայանպաստ բանաձեւեր ստանալու համար շատ կարեւոր է ապահովել յատկապէս Եւրոպական խորհրդարանի անդամներուն աջակցութիւնը: «Եւրոնեսթ»-ի  հիմնադրման առաջին իսկ օրէն աշխուժ ներկայութիւն ըլլալով` Հայ դատի գրասենեակը յատկանշուած է օժանդակութիւն եւ աջակցութիւն բերելով այս գործին: Պատուիրակութեան նոր նշանակուած նախագահ պարոն Հայրապետեանը շնորհաւորելէ ետք, անոր հետ հանդիպման ընթացքին համաձայնեցանք, որ պէտք է պահել Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողով-ՀՅԴ Հայ Դատի գրասենեակ արդիւնաւէտ փոխադարձ գործակցութեան բարձր մակարդակը, որ կը բխի միայն մեր ժողովուրդի եւ պետութեան շահերէն»:

ՀՅԴ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.